Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում Վանգուվըրի մէջ

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ին Վանգուվըրի հայ համայնքի 200 անդամներ հաւաքուած էին Մաունթըն Վիուի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին շուրջ, նշելու 108-րդ ամեակը Հայոց Ցեղասպանութեան:

Ոգեկոչումը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի եւ Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գեղարդ Ա. Քհն. Կարապետեանի աղօթքով:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թիթար Քէօշկէրեան ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկայ քաղաքական երկու գործիչներուն՝ Քեւըն Ֆալքոնին ու Ատրիան Տիքսին:

Օրուան բանախօսն էր Ուիթմըն քոլէճի դասախօս փրոֆ. Էլիզ Սեմերճեան, որ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներուն ապրած ոդիսականը: Ան նշեալ թեմային մանրամասնօրէն անդրադարձած է իր շուտով հրատարակելիք գիրքին՝ «Remnants: Embodied Archives of the Armenian Genocide» («Մնացորդներ. Հայոց Ցեղասպանութեան համախմբուած արխիւներ») մէջ:

Ընթացքին հանդիսավար Անիթա Տէժարտէն ընթերցեց Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգին, Գանատայի վարչապետին, Գանատայի Պահպանողական եւ Նոր-Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն յայտարարութիւնները այս առթիւ:

Վարդօ Փափազեան հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ հայերուն սպառնացող վտանգներուն մասին:

Օրուան պատուոյ հիւրերն էին Նահանգային Խորհրդարանի անդամներ՝ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Պաշտօնական Ընդդիմադիր Միացեալ կուսակցութեան ղեկավար Քեւըն Ֆալքոն եւ հայ համայնքի վաղեմի բարեկամ, Պրիթիշ Գոլումպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման եւ հայ համայնքին կողքին կանգնելուն՝ ընդդէմ ժխտողականութեան եւ հետագայ բռնարարքներու:

Սոփրանօ Ալինա Ռասքին ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի «Գարուն» եւ «Իմ մայրս» երգերով, ապա Ցեղասպանագիտութեան դասատու Անի Գորաճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը:

Սրահի արտաքին դահլիճին մէջ ԳԵՄ-ի անդամները պատրաստած էին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտը, 1915-ի ցեղասպանութիւնը արտացոլող քարտէսը, ինչպէս նաեւ 1894-ի Համիտեան ջարդերէն սկսեալ մինչեւ օրս իրադարձութիւններու ժամանակացոյցն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի նկարագրութիւնը:

Comments are closed.