Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ ազգ. վարժարանի աշակերտութեան պահանջատիրութեան աննախընթաց քայլերթը
Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի շրջաբակէն ծայր առաւ Ծաղիկ դասարանի, Սարաֆեան նախակրթարանի եւ Բաստրմաճեան երկրորդականի ամբողջ աշակերտութեան բողոքի ու պահանջատիրութեան աննախընթաց քայլերթը, դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը:
Աշակերտութիւնն ու վարժարանի անձնակազմը Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնն ու Արցախի դէմ գործադրուող բռնարարքները դատապարտող պաստառներով ու բացականչութիւններով հասան Հենրի Պուրասա պողոտայ եւ հաւաքուեցան ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, ուր հոծ բազմութիւն մը զիրենք կը սպասէր:
Հայերէն, ֆրանսերէն թէ անգլերէն գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը անոնք իրենց բողոքի ու պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուցին եւ ուխտեցին շարունակել իրենց նախնիներուն պայքարի ճանապարհը՝ ի խնդիր մեր իրաւունքներու տիրացման:
Յուզումնալից ու հպարտառիթ սոյն նախաձեռնութեան յայտագիրը վերջ գտաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով:
Comments are closed.