ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Բերիոյ Հայոց Թեմը նեցուկ կը կանգնին Հալէպի բոլոր հայ համալսարանականներուն
Մակար Սրբազան. «Ուսանողութեան Հարցերը Մեր Օրակարգին Վրայ Են Միշտ»
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կը Մեռնի Այն Ժողովուրդը, Որ Ուշադրութիւն Չի Դարձներ Իր Երիտասարդութեան։ Կը Մահանայ Այն Շարժումը, Որ Արժէք Չի Տար Իր Ուսանողութեան»
Ապրիլի 19-ին, Հալէպի բոլոր հայ համալսարանականները հրաւիրուած էին «Գ. Եսայեան» սրահ՝ հանդիպելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ խօսելու սուրիահայ ուսանողութիւնը յուզող հարցերու շուրջ։
Բացման խօսքով համալսարանական Պէթի Մարգէեան խօսք առնելով յայտնեց, որ համալսարանականները հրաւիրուած են իրենց մտահոգութիւններն ու հարցադրումները ուղղելու Առաջնորդ Սրբազանին ու ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ ստանալու իրենց կողմէ տրամադրուած նուէր գումարը։ Մարգէեան յայտնեց նաեւ որ Բերիոյ Հայոց Թեմը, Հալէպի մէջ վառելանիւթի տագնապին հետեւանքով յառաջացած երթեւեկութեան դժուարութիւնը նկատի ունենալով, հալէպահայ համալսարանականներուն տրամադրած է երթեւեկութեան փոխադրակառքեր։ Ապա հրաւիրեց բոլորը ստանալու արձանագրութեան համապատասխան բացիկները, իսկ ցարդ չարձանագրուողները՝ արձանագրելու իրենց անձնական տուեալները։
Մակար Սրբազան այս առիթով իր պատգամը յղելով ուսանողներուն գնահատեց անոնց ուսումնական երթը երկրի ծանր պայմաններուն մէջ, դիտել տալով որ Ազգային Վարչութեան բոլոր նիստերուն առկայ էր հալէպահայ բոլոր համալսարանականներուն անխտիր նեցուկ կանգնելու օրակարգը եւ ժողովը կը քննարկէր օժանդակութեան տարբեր կարելիութիւններ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս օրակարգը քննարկուած է ՀՅԴ-ի հետ եւ համապատասխան որոշումներ գոյացած օժանդակելու ուսանողութեան, որպէսզի անոնք յաղթահարեն տարիներու պատերազմէն ու երկրաշարժէն ետք յառաջացած դժուարութիւնները ու անխափան ընթանան ուսման ասպարէզին մէջ։
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ու ըսաւ. « Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ ու չգնահատել ձեզ, երբ ծանր պայմաններու մէջ կը շարունակէք բարձրագոյն ուսման ձգտիլ։ Ինչպէ՞ս կարելի է չհպարտանալ ձեզմով, երբ այսօր հալէպահայութեան ուսանող տարրը, իր բազմաթիւ ներկայութեամբ եկած է ոչ միայն լսելու մեզ, այլ նաեւ խոստանալու որ նախ պիտի ծաղկի որպէս մարդ, որպէս տիպար քաղաքացի եւ նաեւ վճռականօրէն պիտի գործէ որպէս տիպար հայ»։
«Իմ վերջին այցելութեան Հալէպ խոստացած էի, որ ուսանողութիւնը մեր կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկան պիտի դառնայ միշտ։ Մեծապէս ուրախ ենք որ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ Ազգ. Իշխանութեան հետ գործակցաբար մենք կարողացանք իրականացնել օժանդակութեան այս առաջին բաժինը, եւ կը վստահեցնեմ ձեզ, որ այս պիտի չըլլայ առաջինն ու վերջինը»։
Ապա աւելցուց. «Շնորհակալ ենք, որ պատնէշի վրայ էք որպէս հայ ուսանողներ, դժուար պայմաններու մէջ կը ծաղկիք, կը փաստէք դուք ձեզ որպէս յաջող ուսանողներ ըլլայ պետական, թէ սեփական համալսարաններու մէջ եւ հպարտութեամբ կը ներկայացնէք հայութիւնը յաջս Սուրիոյ մեր բարեկամ ժողովուրդին»։
«Մենք բոլորս, այո՛, օր մը պիտի յոգնինք։ Բոլորս կամաւոր աշխատանքով այսօր կը ծառայենք մեր ազգին ու հայրենիքին։ Բայց յոգնողներուն տեղ պիտի գաք դուք։ Պիտի գաք այն ամուր հաւատքով, որ ձեր անձնական կեանքին կողքին պիտի ունենաք անկեղծութիւնը ձեր հաւաքական կեանքին ծառայելու, ձեր կեանքէն բաժին մը հանելու ձեր ազգին, ժողովուրդին, որպէսզի առաջ մղէք մեր ժողովուրդին դատը»։
«Ո՛ր կուսակցութեան, ո՛ր համայնքին ալ պատկանիք, ամէնքդ, առանց խտրութեան, մեր աչքին լոյսն էք։ Կը մեռնի այն ժողովուրդը, որ ուշադրութիւն չի դարձներ իր երիտասարդութեան։ Կը մահանայ այն շարժումը, որ արժէք չի տար իր ուսանողութեան, որ չի բացուիր նոր գաղափարներու առջեւ, եւ դուք էք այդ գաղափարներուն ջահակիրները՝ ձեր յանդուգն մօտեցումներով, ձեր քաջարի կեցուածքով, ձեր ունեցած համարձակ նորարարութեամբ։
Եղէք պինդ ու դիմացկուն, մենք բոլորս՝ կուսակցութիւններ թէ եկեղեցի, միշտ պիտի մնանք ձեր կողքին»։
Հանդիպումին ներկայ էին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի Յարաբերական Մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Նպաստից Մարմնի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Comments are closed.