Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնզ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ
968
0
Ապրիլ 8-ին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Սթիվըսթըն-Ռիչմընտ Իսթ ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Փարմ Պէյնզ այցելեց վանգուվըրի Հայ կերդոն եւ Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ կառավարութեան անունով շնորհաւորեց Վանգուվըրի հայ համայնքի Ս. Զատկուայ տօնը։
Այցելութեան ընթացքին յատուկ հանդիպում կայացաւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, որու ընթացքին քննարկուեցան համայնքը յուզող հարցերը եւ ի մասնաւորի
Արցախի շրջափակման հարցը։ Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Թիթար Քոշքերեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Մեղրիկ Սուլահեան Չաբանեան, Յակոբ Յակոբեան եւ Վանեսա Պարտաքճեան։
Comments are closed.