Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը այսօր կու գայ ըսելու, որ յուսահատութենէն անդին՝ կայ յոյս, պարտութենէ դուրս՝ կայ յաղթանակ. Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան պատգամը
«Փա՜ռք յարու թեան Քո, Տէ՛ր.
Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ
զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:
(Ժամագիրք)
Փառք քու Յարութեանդ ո՜վ Տէր։
Այսօր ուրախութեան, յաղթանակի տօնախմբութեան օր է։ Փառք եւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ։
Փառք, որովհետեւ քառասնօրեայ պահեցողութեան, աղօթական կեանքի, հոգեւոր ճամբորդութեան աւարտին հասանք։
Փառք, որովհետեւ կորսնցուցածը վերագտնելու, խաթարուածը վերականգնելու, խաւարը վանելու, չարը մերժելու, խաւարի փոխարէն լոյսը փնտռելու, բարիով չարին յաղթելու, վերադարձի ճամբան եւ հարազատ տունը գտնելու, Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու ու ապրելու եւ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ օրհնութեան վերածելու առիթը տրուեցաւ, մեզմէ իւրաքանչիւրին, հազա՜ր փառք։
Փառք, որովհետեւ այսօր վեհագոյն նուաճողի գերագոյն յաղթանակի տօնն է։ Տօնը նոր կեանքի, որուն կեդրոնը յարուցեալ Փրկիչն է, որ իսկապէս ու ճշմարտապէս յաղթեց աշխարհին։
Փառք, որովհետեւ այսօր մեր Տէրը եւ Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, Կոյս տապանէն ճառագայթող նոր կեանքի յոյսը կու տայ մեզի։
Փառք, որովհետեւ այսօր վեհագոյն նուաճողը մահուան վրայ, նոր կեանքի կենդանի վկաները դառնալու հրաւէրը կու տայ իւրաքանչիւրիս։
Փառք, որովհետեւ այսօր տառապեալ, խաչեալ եւ յարուցեալ անմահ թագաւորը, յաղթանակած փրկիչը, կը հրաւիրէ մեզ զինուելու, յոյսի, սիրոյ, կեանքի, եւ ծառայութեան ազդակներով, յաղթելու չարին եւ իր բոլոր տեսակն արբանեակներուն։
Փառք, որովհետեւ այսօր պարգեւատունը բոլորին, կեանքի տուիչը, կու գայ ըսելու մեզի, որ ցաւն ու տառապանքը ընտրեցի, մերկացայ ու ծաղրանքի ենթարկուեցայ, նուաստացայ մարդուն կողմէ եւ սակայն համբերեցի, ամենադաժան մահը ընտրեցի՝ խաչի ճանապարհը ընտրեցի, խաչին վրայ իմ արիւնը թափեցի՝ ձեզ սրբելու համար։
Փառք, որովհետեւ Անոր խոշտանգուած մարմինը ազատեցաւ եւ դարձաւ անմահ եւ անապական։ Գերեզման իջաւ, դժոխքի դռները խորտակեց ու աւերեց եւ մեզի նորոգուած եւ սրբագործուած կեանք պարգեւեց։ Ան հետեւեալը ըսաւ. «Ես եկայ, որ իմ ուրախութիւնը քու մէջդ ըլլայ»։ Այո՛, Աստուածորդին գերեզմանէն դուրս ելաւ, իր իսկ յարութեան զօրութեամբ մեզ ներշնչեց եւ ըսաւ. «Քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի աշխարհին»։
Փառք, որովհետեւ Ան յաղթեց աշխարհին, չարին, մեղքին, մահուան եւ մեզ ազատագրեց ու հրաւիրեց Փրկութեան, Նոր կեանքի որուն կեդրոնը միայն ինքն է յարուցեալ ու յաղթանակած Քրիստոսը՝ Աստուածորդին։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է նոր արարարած է, այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»։
Երբ կը նայինք այսօրուան աշխարհին, կը տեսնենք, որ ցաւոտ է եւ նորոգուելու կարիքը ունի։ Աշխարհ մը, որ նոր մարտահրաւէրներով առաւել ճնշիչ դարձած է, մեզի կը մնայ յարուցեալ Փրկիչին դառնալու, զինք գտնելու, ճանչնալու եւ ունենալու Իր իսկ բերած խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, յոյսն ու սէրը եւ մանաւանդ նորոգեալ կեանքը՝ անմահական։
Երբ կը նայինք այսօր հայ աշխարհին, կը տեսնենք, որ նոյնպէս ցաւոտ է, ճնշիչ է ու նորոգուելու կարիքը ունի։ Սակայն, Քրիստոս՝ յարուցեալ Փրկիչը, գերագոյն նուաճողը, գերագոյն յաղթանակը ապահուած կու գայ ըսելու մեզմէ իւրաքանչիւրին, փոխակերպեցէք ձեր կեանքը, նորոգեցէք ձեր ներաշխարհը, փոխեցէք ձեր վերաբերմունքը, միաւորուեցէք, հաւատքով ամրապնդուեցէք եւ Սուրբ Հոգիով զօրացէք։ Լսենք Պօղոս Առաքեալի յուսադրող խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Փառք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ»։
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը այսօր կու գայ ըսելու մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ գերեզմանէն անդին կայ՝ յաւիտենական կեանք, յուսահատու-թենէն անդին կայ՝ յոյս, պարտութենէ դուրս կայ՝ յաղթանակ։ Քրիստոսի արեամբ գնուած եւ մեզի տրուած նոր կեանքով յարութեան կենդանի վկաները դառնանք, յոյս, սէր եւ ուրախութիւն տարածենք մեր շրջապատին եւ ըլլանք լոյս խաւարացած այս աշխարհին մէջ։ Թող Անոր սէրն ու շնորհքը մեր կեանքով արտացոլայ, Աւետարանի բարի լուրը՝ յոյսը փրկութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան։
Հետեւաբար, սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ, եկէ՛ք վեհագոյն նուաճողի, գերագոյն յաղթանակի շքերթին մասնակից դառնանք եւ այլեւս չապրինք դատապարտութեան եւ կամ ամօթի ծանրութեան լուծին տակ, այլ լեցուինք յարուցեալ Փրկչին սիրով, հաստատուն մնանք մեր հաւատքին մէջ եւ առատ ըլլանք իր գործերով, որ յաղթանակէ յաղթանակ կ՚առաջնորդէ։
Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի
ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ 2023
Comments are closed.