Հալէպի մէջ ծաղկազարդի տօնին ցնծութիւնը ամբողջացաւ մանուկներու թափօրով եւ սկաուտական տողանցքով
Ծաղկազարդի տօնին, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս՝ Ճեզիրէի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Հալէպի մէջ հազարաւոր սուրիահայեր հոգեկան ցնծութեամբ իրենց զաւակները բերած էին եկեղեցի՝ մասնակցելու Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակումին, որպէսզի իրենց երեխաները օրուան խորհուրդով օրհնուին եւ թափօրին մասնակցելով աստուածային շնորհքներով լեցուին:
Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւս հազարաւոր հայորդիներ իրենց երեխաներով յաճախած էին եկեղեցի՝ Ծաղկազարդի տօնին Քրիստոսի օրհնութիւնը ստանալու։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, շարականներու երգեցողութեան ներքոյ թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր մանուկներու օրհնութեան թափօր կատարեց։
Ժողովուրդի զաւակները մասնակցելով թափօրին, իրենց երեխաները կը մօտեցնէին Սրբազան Հօր՝ օրհնութիւն ստանալու համար:
Սրբազան Հայրը ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած Սուրբ Խաչով օրհնեց մանուկները։
Ներկայ էին նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան եւ ազգայիններ:
Ապա, Մակար Սրբազան Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի բակէն ներս անդաստանի կարգ կատարելով օրհնեց աշխարհի չորս կողմերը, հայցելով Տիրոջ պահպանութիւնն ու խաղաղութեան հաստատումը:
Աւարտին, տօնական մթնոլորտի մէջ, եկեղեցւոյ դիմաց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի փողերախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ փունջ մը հայրենասիրական երգեր։ Յիշենք, որ Ծաղկազարդի առիթով ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտները ՀՄԸՄ-ի կեդրոնէն մինչեւ Վիլլաներ թաղամաս տողանցեցին, աւանդութիւն դարձած տողանցքի խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը պարգեւելով ժողովուրդին:
Աւարտին, բերկրալի տօնին առիթով, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց Պատարագի զգեստի գեղեցիկ կերպաս մը:
Comments are closed.