Որպէսզի յաւերժ ամրագրենք վերանկախացած պետականութեան գոյատեւելիութիւնը
1991-ի Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէի ճամբով վերականգնած 1918-ի անկախութիւնը կը թեւակոխէ իր երկրորդ տասնամեակը:Չափակշռելով անցնող 22 տարիներու փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութիւնեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարի արդիւնքը՝ այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել պետականութեան կայացման ճանապարհին վերընձիւղուած բնօրրանի կազմաւորման առաջին քայլերը միայն, որ առայժմ զերծ կը մնայ խոստմնալից ապագայի մը բոլոր նախադրեալներէն:
Կացութիւնը աւելի ճիշդ կը բացատրուի տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու, նոր սահմանագծումներու եւ դիւանագիտական մթին հաշիւներու առկայութեամբ, որոնց մէկ օղակը կը կազմէ Արցախեան հիմնահարցը եւ որուն բանակցութիւններու գործընթացը, իր վերջնական ձեւաւորման մէջ հայութեան կը հրամցուի «խաղաղութիւն-տնտեսական բարգաւաճում եւ կամ պատերազմ-տնտեսական ճգնաժամ» այլընտրանքի բովէն ներս։
Պատերազմի պատճառով հայութեան վրայ պարտադրուած է «ամրոց պետութեան» վերածուելու այլընտրանքը, որուն զուգահեռ, տնտեսական ճգնաժամն ու անգործութեան պատճառով ծաւալ առած հայրենալքումն ու արտագաղթը, ասօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դնեն կացութիւնը լրջօրէն վերաժեւորելու, ուժերը համախմբելու եւ համընդհանուր զօրաշարժի ենթարկելու հարկադրանքին տակ: Իրերու դրութեան նման ենթահողին վրայ հայ քաղաքական մտքին առջեւ սուր կերպով կը դրուի սեփական տունը կարգի բերելու հրամայականը, նախապայման դաւանելով հայոց պետութեան ու պետականութեան հզօրացումը:
Ազգի եւ Հայրենիքի վաղուան վարդահեղեղ արշալոյսը կերտելու եւ Հայկական հարցի պայքարը իր արդար լուծումին առաջնորդելու երկարաշունչ երթին նախապայմանն է պետականութեան հզօրացումը:Քաղաքական եւ ազգային բոլոր ուժերը ի մի բերելով, աղէտի համազօր արտագաղթի ճգնաժամէն ու տնտեսական անել դրութենէն դուրս գալու համար, համայն հայութեան անհրաժեշտ է այսօր ազգային փրկութեան համալիր ծրագրի մը իրագործումը։
Անկախութիւնը վերամրագրելու ու անոր վերընձիւղուած աւիւն ներարկելու համար, այսօր գերագոյն հրամայական է նաեւ, հայութեան քաղաքական-տնտեսական ներուժին նպատակամէտ համակարգումը եւ անոր օգտագործումը՝ յանուն ազատագրեալ Արցախի միջազգային իրաւական ճանաչումին։
Կացութիւնն ու ճգնաժամը յստակ են։ Ի գին բազում զոհողութիւններու մեր վաստկած յառաջխաղացքներն ու նուաճումները աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ պահպանելու համար, անհրաժեշտ է ամուր եւ կայուն պետականութիւն։ Իսկ այսօրուան պայմաններով, նման պետականութեան մը երաշխիքը կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական եւ տնտեսական ամբողջ ներուժի համադրումը եւ այն հաստատ գիտակցութիւնը, որ ազգային մեր գոյատեւման ճանապարհը այսուհետեւ մենք է որ կը տնօրինենք, սեփական մեր կամքով եւ միասնական անխորտակ շարքերով։
«ՀՈՐԻԶՈՆ» ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ