Ազգային մտաւորականութիւնը եւ անոր դերը գաղափարական կազմակերպուածութեան մէջ
Մտաւորականութիւնն է, անկասկած, հանրային միտքեր, զգացումներ, մտահոգութիւններ արտայայտողը, գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի, համոզման շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը:
Անցեալի պատմութեան մէջ թագաւորներու, իշխաններու եւ երկիրը ղեկավարողներուն մօտ կը տեսնենք մտաւորականութիւնը. այսօր անոնք բացակայ են թէ՛ քաղաքականութենէն եւ թէ՛ մեր կեանքէն:
Ի զուր չէ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ առաջին անգամ մտաւորականութիւնը ձերբակալեցին, որովհետեւ ժողովուրդ մը առանց մտաւորականութեան ատակ է կորուստի:
Ուսուցիչ, խմբագիր Բենիամին Թաշեան առիթով մը մէջբերած է Է. Ակնունիի (Խաչատուր Մալումեան) մտաւորականութեան մասին բնութագրումն ու ընդգծումը Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ մտաւորականութեան թիւի եւ անոնց արժէքին նկատմամբ: Վերոնշեալ ընդգծուած միտքը, մենք եւս խիստ կարեւոր նկատելով, ստորեւ կը մէջբերենք՝ պարզապէս պարզաբանելու, որ բազմաթիւ մտաւորականութիւն ունեցող Հ.Յ.Դ.-ն կուսակցութենէ անդին եղած է:
Թաշեան կը գրէ. «Ատեն մը, 1912-ին կամ 1913-ին, Ակնունի կը յայտարարէր Պոլսոյ մէջ, ի լուր բոլորին․ «Դաշնակցութիւնը միայն մի տեղում եւ մի ժամանակում իր շարքերի մէջ համրում էր աւելի քան վեց հարիւր մտաւորական: Սա կը նշանակի, որ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն չէ, ազգ է»» :
Եթէ թուրքը Հայոց ցեղասպանութեամբ ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան, գլխատած էր այն խաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ եւ կը հաւաքէր հայութիւնը անոնց շուրջ, այսօր ան կը դիմէ տարբեր միջոցներու. հայկական որոշ հատուածի մը ուղեղները լուալով` ջլատել զանոնք հայկական ինքնութենէ եւ դարձնել Թուրքիոյ համակիրներ, բարեկամներ:
Այսօր հայուն թշնամին ու հակառակորդը եւս բոլոր բնագաւառներում ամէն ջանք կը թափեն՝ մեր մէջէն վերացնելու արժէքը՝ մտաւորականութիւնը, եւ հաւանաբար այդ պակասն է, որ մեր ազգը կամաց-կամաց կը տանի դէպի կորուստ:
Դժբախտաբար, կ’ապրինք այնպիսի ժամանակ մը, որ անձը աւելի՛ կարեւոր է հաւաքականութեան համար, քան անոր իմացական կարողութիւնները, որովհետեւ մենք անձն է, որ սկսած ենք կարեւորել ու սիրել՝ իր իմացութենէն առաջ:
Վերջին շրջանին համաշխարհային առումով ցայտուն երեւոյթ է աշխարհակարգի ապագաղափարական վարքագիծը, որ կը ձգտի գաղափարաբանութիւնները չէզոքացնելու ճամբով աշխարհը վերածելու միայն ու միայն մէկ ու մեծ շուկայի մը:
Համոզուինք, որ այսօր, դժբախտաբար, մտաւորականութեան բացակայութիւն կը տիրէ աշխարհի վրայ ընդհանրապէս, հետեւաբար հայ մտաւորականութեան բացակայութիւն կը տիրէ, նաեւ ազգային կամ դաշնակցական մտաւորականութեան բացակայութիւն կը տիրէ աներկբայօրէն:
Նկատի առնելով, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար ինչպէս անցեալին ուրոյն արժէք եղած է նաեւ գաղափարական ուղի հունաւորող մտաւորականը, որ մշակութային, ընկերային եւ գիտական լիցք եւ ուժականութիւն տուած է ազատագրական պայքարին: Այսօր եւս, մտաւորականները եւ մշակոյթի գործիչները պիտի ունենան որոշիչ դեր Հ. Յ. Դ.-ի ազգային ռազմավարութեան արժեւորման եւ իրագործման համար: Սակայն անցեալի նայելով՝ այսօր ընդունինք, որ ցաւալի երեւոյթ է մտաւորականութեան բացակայութիւնը: Միւս կողմէ՝ մտաւորականի պատրաստութիւնն ու զայն արժեւորելու հարցը (յատկապէս Սփիւռքի մէջ): Օրըստօրէ այս երեւոյթը լուրջ, զգալի եւ ակնյայտ կը դառնայ:
Այդ իմաստով ալ կը դժուարանանք ըսելու, թէ այսօրուան մտաւորականութիւնը բաւարար է, եւ անոնց ձայնն ու գաղափարները այդքան ալ լսելի չեն: Բնականաբար, պատճառները շատ են, սակայն պատճառներու ամէնէն ակներեւը այդ է, որ հաւաքականութեան կողմէ այլեւս հետաքրքրութիւն եւ գնահատանք չկայ մտաւորականի նկատմամբ, ինչպէս անցեալին:
Այսօր ընդունինք, որ համացանցի վրայ փաստացի ներկայութիւնն է, որ կը կազմաւորէ նոր սերունդներու մտածողութիւնը եւ հանրային կարծիքը, առհասարակ: Ընկերային ցանցերու օգտագործուած բոլոր լծակներու ճամբով ջամբուած դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կշիռը, անկախաբար անոնց հոգեմտաւոր եւ բարոյական արժէքէն, անհամեմատ աւելի է, քան ուսուցանողին, դաստիարակին, ուսուցիչին, քարոզիչին կամ նոյնիսկ ծնողքին անմիջական խօսքին ազդեցութիւնը:
Մտաւորականութիւն պահելու եւ անոնց ներկայութիւնը աւելի աշխոյժ դարձնելու յաջորդ կարեւոր գործօնը նիւթական-տնտեսական հիմնախնդիրն է: Համաշխարհայնացումի այս դարուն՝ նիւթապաշտութեան եւ հաճոյամոլութեան այս օրերուն, հաւատաւոր ու կամաւոր ձեւով հայ մտաւորականը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ստեղծագործելու եւ իր հիմնական խօսքը ունենայ հայապահպանման մեծ երթին՝ միշտ բարձր բռնած ազգային ու գաղափարական այն դրօշը, որ հայութիւնը պիտի առաջնորդէ իր անկատար տենչերուն իրականացման:
Այսօր, դժբախտաբար, մարդու կեանքին կիզակէտն ու նպատակը միմիայն նիւթը դարձած է. նիւթական եւ հաճոյամոլութեան վնասները աւելի վատ եւ հսկայական ազդեցութիւն եկած են ձգելու մարդու մտային եւ հոգեկան աշխարհներուն վրայ:
Մեկնելով այս կացութենէն՝ պարտադրուող նոր իրադրութիւնը կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել հայ մտաւորականի եւ յատկապէս ազգային-կուսակցական մտաւորականի գոյութեան եւ գնահատման խնդիրը։ Հարկ է զայն վերանայիլ որպէս ռազմավարութիւն եւ որպէս մարտավարութիւն, ինչպէս նաեւ վերականգնել անոր հիմնական խարիսխը:
Հետեւաբար, պէտք է մեծ ներդրում կատարել՝ դաշնակցական մտաւորականներ, յօդուածագիրներ եւ այլ մասնագէտ գրողներ պատրաստելու համար: Իսկ եղածներն ալ՝ արժեւորել, գուրգուրալ եւ այսօր քաջալերել զանոնք՝ քաջ գիտակցելով, որ մտաւորականութեան եւ գրողի բացակայութիւն կը տիրէ: Միւս կողմէ՝ շարքային մտաւորական տարրը ներգրաւել կուսակցութեան տարբեր մարմիններու մէջ, չվանել զանոնք, քանի որ անոնց ներկայութիւնը մի՛շտ ալ հարստացուցած է մեր գաղափարական գանձարանը եւ ստեղծած առաջնորդող մտածողութիւն:
Լաւապէս զինուած ըլլանք գիտելիքով, մասնագիտութեամբ, բայց մանաւանդ գաղափարական պատրաստութեամբ՝ մեր արժէքները պահելով եւ ապազգային ամէն տեսակի երեւոյթի դիմադրելով:
Ամէն ջանք գործի լծել` անոնց միտքն ու հոգին դարբնելու այն ոգիով ու սկզբունքներով, որոնք կ’ամրապնդեն դաշնակցական գաղափարապաշտութիւնը, կը պատրաստեն այն գաղափարապաշտը, որ կը ձգտի հասնիլ աւելի բարձր իտէալներու կամ շօշափելի տուեալներու, որ կը սիրէ մտքով եւ հոգիով յածիլ այնպիսի բնագաւառներու մէջ, որոնք հեռու են նիւթեղէն իրականութենէ:
Մեր գաղափարախօսութիւնը յաղթանակի հասցնելու համար անհրաժեշտ է հաշուի առնել բծախնդրօրէն եւ գիտականօրէն մշակուած մարտավարական ծրագիր:
Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան բոլոր գործօններու պահպանման եւ զարգացման գլխաւոր միջոցը մտաւորականութիւնն է:
Օգտագործել արդիական ամէն տեսակի մեթոտները, որոնց ազդեցութեան տակ կուսակցական շարքայինները կը դառնան գաղափարի նուիրեալներ եւ Հայ Դատի զինուորեալներ` հեռու անհատապաշտութիւնէ:
Վերջապէս պէտք է համոզուինք, որ մեր պատմութեան ամէնէն ամօթալի պարտութիւններէն՝ Արցախի 44-օրեայ եւ յաջորդող պատերազմէն ու հողատարածքներ յանձնելէ ետք նաեւ առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ այսօր, որ հիմնական եւ աշխոյժ ներկայութեան կարիքը կայ ազգային մտաւորականութեան։ Անգամ մը եւս կը հաստատուի, որ խիստ կարեւոր է կուռ հաւատքով վառ պահել ազգային գաղափարախօսութիւնը՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը այն միակ առանցքն է, որուն շուրջ կրնայ հայ ազգը համախմբուիլ ու գոյատեւել, սակայն իւրաքանչիւր անհատի մէջ ազգային ոգին ամրապնդուելէ յետոյ:
Աւօ Գաթրճեան
Հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս