Միացում. Ուրկէ՞ Սկսիլ Վերականգնումը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այս օրերուն շատ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ ՄԱՅՐԵՆԻ-ի մասին: Աւանդութիւն  է. կը նշենք ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐ-ը, կարծէք` կ՛ուզենք յիշեցնել եւ յիշել, որ ան հետզհետէ կը դադրի, դադրած է այդպէս ըլլալէ, ազգի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը մայրենի է:

Ներկայի մեր քաղաքական բարդ կացութեան մէջ միացումը ըմբռնուեցաւ եւ կ՛ըմբռնուի ընդhանուր բնութագրումով` որպէս քաղաքական, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ քարտէսով, չի խօսուիր բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ դեռ հոն գտնուող անորոշ համրանքով մնացորդացի եւ ազգը շաղախող եւ կազմաւորող լեզուի մասին, որ հասարակաց հայելի է եւ պէտք է ըլլայ զիրար տեսնելու եւ զիրար ճանչնալու համար: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ամէն օր քիչ մը աւելի աղարտող հայելիին մէջ ինչպէ՞ս զիրար պիտի տեսնենք, զիրար ճանչնանք` որպէս մէկ եւ մէկութիւն: Այս պղտորութիւնը կը փորձենք շրջանցել ազգային եւ քաղաքական համարուած ճառով եւ ճապկումով:

Բաւարար չափով չի խօսուիր նաեւ մայրենիի այլ լեզուներով փոխարինման մասին` այդ համարելով ընդունուած, ընդունելի, ընդհանրացած վերաբերում, յառաջդիմութիւն, որ դադրած է անհանգստացնող ըլլալէ, քանի որ պէտք է պատշաճիլ եւ յաջողիլ:

Արդէն աւելի քան կէս դար անցած է, երբ համեստ, բայց գիտակից եւ ընդոծին ողջմտութիւն ունեցող ղեկավարութիւն մը Լիբանանի հայահոծ քաղաք Պուրճ Համուտի մէջ թռուցիկներ բաժնեց, զանոնք որպէս որմազդ դրաւ պատերու եւ խանութներու փեղկերուն վրայ. անոնք կ՛ըսէին` ԹՐՔԵՐԷՆ ԽՕՍՈՂԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ՛:

Մայրենիի մասին գեղեցիկ արտայայտութիւններ միշտ եղած են եւ կրկին եղան, տպաւորող եւ յուզիչ բանաստեղծութիւններ գրուած են` Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Չարենց եւ ուրիշներ, զորս կը լսենք եւ կ՛արտասանենք, բայց բաւարար չափով չենք խօսիր նոյն այդ մայրենիի ազգի միացման հզօր շաղախի դերի մասին, զոր կարծէք սկսած ենք անգիտանալ` հետեւելով «Ուր հաց` հոն կաց»-ի պարտադրած լեզուական անհրաժեշտութեան, այդ համարելով համարկումի-մերուելու պայման: Դառնալով «համաշխարհային ազգ»` մայրենին փոխարինած ենք կացութեան եւ կեցութեան առաջնահերթութիւն համարուող լեզուներով, որոնց շարքին հայերէնը տեղ չունի, քանի որ տարտղնուած-տարտղնուող հայկական խմբաւորումներուն համար հայերէնի գործածութեան դաշտ չկայ:

Ինչպէ՞ս միանալ, երբ բացակայ է հարազատ լեզուն, երբ ան հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան մենաշնորհեալ ճանապարհ ըլլալէ դադրած է: Գաղտնիք չէ, որ կը զգանք եւ կը մտածենք լեզուով: Այսօր փաստ է, որ ինչ որ կը սիրենք կոչել մայրենի, ամէն օր քիչ մը աւելի կծկուող փոքրամասնութիւններու մէջ կը պահուի, յաճախ` վիրաւոր եւ նուազուրդի ենթարկուած վիճակի մէջ, դադրած` հասարակաց զգալու եւ մտածելու քուրայ ըլլալէ:

Ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի ջատագովուած մայրենին ըլլայ միացման ընդհանրական ազդակ, ըլլայ հասարակաց ժառանգութիւն եւ  այդ հասարակացը` անոր տէր: Ոչ ոք կրնայ ըսել, որ լեզուներ սորվիլը դրական չէ, հարստացնող չէ, բայց ազգային գիտակցութիւնը, որուն պէտք  է կցել նաեւ քաղաքականը, հրամայականօրէն կ՛ապրի սեփական-ազգային լեզուի ենթահողին վրայ: Այս ըմբռնումով պէտք է ապրած եւ գործած ըլլայինք ՄԱՅՐԵՆԻ-ին տիրութիւն ընելով, մենք` ժողովուրդ, մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ, ուր որ ալ գտնուինք, գտնուած ըլլայինք, որուն համար անվարան պէտք է որդեգրել հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ որդեգրուած կեցուածքը, պարզապէս ըսելով` ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ԽՕՍՈՂԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ՛, այսինքն հայերէնը պահէ՛որպէս ներազգային հաղորդակցութեան եւ ընդհանրական միացման լեզու:

Այս ընելու համար ղեկավարութիւնները օրինակ ըլլալով` պէտք է դարմանեն գաղթականի եւ ընկեցիկի բարդոյթը, որ ինքնահաստատում կը փնտռէ տեղական լեզուով խօսելով, աւելի՛ն, բարենիշ տալով, որ այս կամ այն անհատը տեղացիէն լաւ կը խօսի տեղական լեզուն:

Ի՞նչ փաստելու համար:

Ազգի միացման ի՞նչ նպաստ բերելու համար:

Միշտ յիշած եւ կրկնած եմ ԺԸ. դարու ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի խօսքը` կապիկի մը վանդակին առջեւ. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»: Ազգի անդամ ըլլալու համար  չի բաւեր ըսել, որ «զգացումով հայ եմ», կամ «ծագումով հայ եմ», այլ` գիտակցիլ եւ գործել համոզումով, որ լեզուն էական է հաղորդակցելու եւ հաղորդուելու համար, ինչպէս ըսած է ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ. «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն» (héritage de mots, héritage d՛idées»: Իսկ լեզուն` որպէս ժառանգութիւն, ծիներէն աւելի, ինքնութիւն է:

Այդ գաղափարներու ժառանգութիւն բառերը, առանց անհանգստանալու, վասն պատշաճեցման եւ յառաջդիմութեան, կը փոխարինենք փոխ առնուած օտար բառերով, արեւելահայերէնի մէջ զանոնք կը տառադարձենք, եւ անոնց կու տանք «քաղաքացիութեան» իրաւունք, «սիթիզըն»` ինչպէս նոր քաքաքացիութիւն ստացած գաղթականը: Այդ «սիթիզըն» դարձած բառերը պատահական մէկ կամ երկու չեն, այլ` հազարաւորներ, որոնք կը փոխեն հարազատ մայրենիի դէմքը եւ իւրայատկութիւնը:   Իսկ սփիւռքի պարագային, հայերէնը աստիճանաբար կը դառնայ կծկուող փոքրամասնութեան մը կամ հետզհետէ անհետացող երէցներու լեզու:

Կար ժամանակ, երբ հայ դպրոցներու մէջ` որպէս հայերէնի ուսուցման առարկայ, կար նաեւ գրաբարը, յիշեցնելու համար, որ աշխարհաբարը արմատ ունեցող եւ շարունակութիւն եղող լեզու էր: Մտաւորականութիւնը, անզօրութեամբ եւ յաճախ մեղսակցութեամբ, դերակատար է հայերէնի աղճատման, որ օր մը զայն կրնայ հասցնել անհետացման:

Ղեկավարութիւնները, տարուած քաղաքականութեամբ, ազգային եւ տեղական, շատ հեռու են հայերէնի վերաբերելէ` որպէս ինքնութեան եւ միացման իրաւ քաղաքական ազդակ, տեղի կու տան ամբոխային տրամաբանութեան առջեւ, որ մեկնելով այն տեսակէտէն, որ հայերէնը կեանքի մէջ յաջողելու ազդակ չէ, ինչպէս որ են այլ լեզուները` ամերիկերէնը, ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը, գերմաներէնը, վաղը` չինարէնը, թրքերէնը եւ այլն… սահմանափակում չկայ: Մտաւորականութիւն եւ ղեկավարութիւններ հայերէնը կեանքի լեզու դարձնելու ճիգ  չըրին` այսօր ալ չեն ըներ, հաղորդակցութիւններու համար որդեգրելով օտար լեզուներ: Համակարգիչը, ըլլալով հաղորդակցական միջոց, աւելի շեշտեց հայերէնի անտեսումը, գործուեցաւ եւ կը շարունակուի լատինատառ հայերէն գրելու աղէտը` որպէս լրացում օտար լեզուներով հաղորդակցելու ախտին:

Ինչո՞ւ յատուկ աշխատանք չտարուեցաւ եւ չի տարուիր, որպէսզի բոլոր այն հայերը որոնք համակարգիչ ունին կամ կը գործածեն, ունենան հայերէնի ստեղնաշար եւ հայերէն տառեր` քաջալերելու եւ տարածելու համար հայատառ հայերէն գրելու սովորութիւնը: Ինչո՞ւ այս ճիգը չընել այսօր` դպրոցները, ակումբները, միութիւնները եւ եկեղեցիները օգտագործելով:

Փոքրիկ եւ փոքրացած ժողովուրդ ենք, բայց կը շարունակենք տեւաբար ներքնապէս ալ կոտորակուիլ նաեւ մեր լեզուով:

Կ՛ըսենք` լեզուն տեղի կու տայ, բայց ոչինչ կ՛ընենք, որ տեղի տուող լեզուն դադրի խօսուիլ եւ գրուիլ երկու աշխարհաբարով եւ գրուիլ զոյգ ուղղագրութեամբ: Ինչպէ՞ս խօսիլ միացման եւ հզօրացման մասին, երբ մենք ենք դերակատարները բաժանման եւ կոտորակման, որոնք պիտի շարունակուին մեր անհեռատեսութեան եւ անկարողութեան պատճառով: Թշնամին եւ օտարը չեն հեղինակները այս չարիքին, այլ մենք ենք: Մի՞թէ պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ վաղը ուշ պիտի ըլլայ, եթէ արդէն ուշ չէ:   Հետեւանքնե՞րը… Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ` տեսնելու եւ հասկնալու, որ հայերէնը այս ընթացքով պիտի դատապարտուի ըլլալու մեռեալ լեզու, զոր պիտի հասկնան մասնագէտներ, ինչպէս`գրաբարը, թէեւ այս վերջինը ունի իր «թանգարան»ը, եկեղեցին:

Մեռեալ լեզուով ինչպէ՞ս միանալ եւ միացում հետապնդել:

Մայրենիի տարի, Մայրենիի օր…

Ղեկավարութիւնները ծրագրուած եղանակով, անհրաժեշտ մարդկային եւ նիւթական ներդրումներով ինչո՞ւ այսօր իսկ չեն ձեռնարկեր հայերէնին խնայելու մեռեալ լեզու դառնալու ճակատագիրը:

Մի՞թէ ազգային լեզուն միացման եւ ինքնութեան հիմնական ազդակ չէ:

Եթէ ամէն բնոյթի եւ գոյնի «ղեկավարութիններ»-ը այս չեն հասկցած, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու համար «դիրքեր կը զբաղեցնեն»: Դեռ տարրական ողջախոհութիւն ունեցող ժողովրդական խաւերը, մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնները պէտք է դնեն իրենց պատասխանատուութեան առջեւ կամ պահանջեն, որ հեռանան:

Մայրենիի օր, մայրենիի տարի հրավառութիւն են` համոզուածները համոզելու:

Միամտութի՞ւն է երազել ստեղծումը հայերէնի պաշտպանութեան, միացման, հարազատութեան եւ ազգին կողմէ վերստին իւրացման հաւատաւորներու համազգային շարժում մը` ի հարկին պայքարելով նահանջողներու եւ նահանջական ոգիին դէմ, քաղաքական իշխանութիւններուն եւ փառասիրութիւններու հանդէպ վստահութիւնը պայմանաւորելով ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ:

ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՀԱՐՑ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՆ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ:

ԱՌԱՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ ԼԵԶՈՒԻՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԱՐԱԾՔ ԱԼ ՈՒՆԵՆԱՆՔ,  ԱՆՈՐ ՏԷՐ ԱԶԳ ՉԵՆՔ ԸԼԼԱՐ:

Հետեւաբար այսօ՛ր անդին պէտք է անցնիլ ինքնագոհական խօսքերէ: Եթէ այսօր արդէն ուշ չէ, վաղը ապահովաբար շատ ուշ պիտի ըլլայ:

Միշտ պէտք է յիշել պայծառ դէմքով Մուշեղ Իշխանի ինքնութեան  որոնումը.

Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն,

Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ…

Հարազատութիւն կորսնցուցածներով ինչպէ՞ս ԱԶԳ ԳՈՅԱՑՆԵԼ եւ ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.