Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ 25 յունուարին Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց՝ քննարկելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակմանը։

Այս մէկը պատմական ձեռքբերում էր, որովհետեւ Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը յանուն արժանապատիւ կեանքի։ Այս իրագործումը պատմականօրէն անկիւնադարձային է նաեւ այն առումով, որ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» ձեւակերպումը տեղ գտաւ բանաձեւին մէջ, որը իքնին Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացին գծով մեծ քայլ է՝ հաշուի առնելով, որ խորհրդարանի ամենէն ազդեցիկ յանձնաժողովներէն մէկը նման բառակապակցութեամբ բանաձեւ որդեգրեց:

Պաքուի եւ Անգարայի համակարգուած հայատեաց քարոզարշաւը կը շարունակուի Գանատայի մէջ, ուր երկու երկիրներու պետական ներկայացուցչութիւններու կողմէ հետեւողական ու ծրագրուած գործընթաց կը տարուի պատմութիւնը խեղաթիւրելու ու  ապատեղեկատուական արշաւներ սանձազերծելու։ Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի վերոնշեալ նիստերուն ատրպէյճանական դեսպանատան հաւատարմատարը խուսափեցաւ ներկայանալ ու մասնակից դառնալ։

«Հայ դատի գրասենեակները պէտք է աշխատեն այնպէս, ինչպէս իտէալական արտաքին դիւանագիտութեան դէպքում է, որովհետև միայն այդ դէպքում կարելի կը լինի արդիւնքների հասնել» ժամանակին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ եւ ՀՀ դեսպան Վահան Յովհաննիսեանը։ Նոյն այդ Վահան Յովհաննիսեանի առաջադրանքով՝ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, որպէս ազդեցիկ քաղաքական եւ քարոզչական կառոյց, կը գործէ գանատական տեղեկատուական, յարաբերական եւ լոպպիստական բնագաւառներէն ներս, որուն արգասիքը հանդիսացած են 2002 եւ 2004 թուականներու Գանատայի վերին պալատի եւ դաշնակցային խորհրդարանի ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերն ու օրինագիծերը։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Արցախեան գոյամարտի ճակատագրական այս հանգրուանին վճռական է եւ անզիջող։ Արցախը հայութեան գոյատեւելիութեան անբեկանելի պատուարն է եւ արցախահայութեան ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգման համար պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.