ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՈՒԻՆՏԶԸՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ
724
0
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 8 Յունուար 2023-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց, Ջրօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց։
Առաջնորդ Սրբազան հօր աղօթակից էր Տիթրոյթի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանը: Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն ատենապետը՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանն ու շրջանի հետ կապը՝ Պրն. Նազար Չաթալեանը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս համայնքի հոգաբարձութեան անդամներ ու հաւատացեալներ:
Սրբազան Հայրը նշեց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ հին մարդը ազատագրելու, ուստի, կոչ ուղղեց հետեւելու սիրոյ, համեստութեան ու ծառայասիրութեան Աստուածորդւոյն օրինակին: Այնուհետեւ, Ան շնորհաւորեց համայնքի զաւակներուն Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան անդամներուն, դպրաց դասին եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն, աղօթք բարձրացնելով, որ Աստուած օրհնէ բոլորին ծառայութիւնը եւ արդիւնաւէտ դարձնէ անոնց եկեղեցանուէր աշխատանքները:
Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն:
Սուրբ Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ յուշանուէր յանձնեց Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանին, իր նուիրական ծառայութեան եւ 2022-ի Մայիսին, իր ստացած մագիստրոսի վկայականին համար։