Խորհրդակցական հանդիպում Ազգային Առաջնորդարանէն ներս
Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս համախմբուեցան Գանատայի մէջ գործող համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Սփիւռքի Տարուան առիթով ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթեր ներկայ էին Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ ողջոյնի խօսքով բացումը կատարուեցաւ խորհրդակցական հանդիպման, որմէ անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի յորդորները, մտահոգութիւնները եւ մատնանշած մարտահրաւէրները Սփիւռքի տարուան հռչակագրին ընդմէջէն։
Գանատայի տարածքին գործող շրջանային միութիւններու ներկայացուցիչները՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէ, Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւն, ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն, Հորիզոն Շաբաթաթերթ եւ Հայ Դատի Շրջանային Վարչութիւն, անդրադարձան իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին եւ շեշտը դրին համագործակցութեան եւ աշխատանքներու ներդաշնակման վրայ։
Աւարտին, որոշուեցաւ համայնքի այսօրուան կարիքներու եւ նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ՝ նոր հայեցակարգ մը հաստատել, ըստ այնմ նոր ռազմավարութեամբ գործելու յանուն մեր գալիք սերունդներու երաշխաւորման։
Նոյն երեկոյեան, հանդիպման մասնակիցները Սրբազան Հօր հետ կատարեցին Նոր Տարուան Տօնածառի խորհրդանշական լուսաւորումը, որով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բոլոր միութիւններուն մաղթեց լուսաւոր տարի մը եւ ազգաշէն գործունէութիւն։