ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան այցելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի ժամանեց Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2022- ի վաղ առաւօտուն։ Միջօրէի ժամը 1։ 00-ին Մանոյեան այցելեց Գամիշլիի Ազգային Փոխանորդարան, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ ազգայիններու, թաղականութիւն եւ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի կողմէ։

Այցելութեան ներկայ էին շրջանի պատասխանատուներ, եւ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը ողջունեց մեծայարգ հիւրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ապա ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց Ճեզիրէի շրջանի ներկայ պատկերը եւ հայապահպանութեան տքնաջան աշխատանքը։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը շեշտեց. «Այսպիսի պատուիրակութիւններ երբ փոքր շրջաններ կ՚այցելեն, մեծ եռանդ կուտան, կենսունակութիւն եւ աշխատանքի նոր թափ կը յառաջացնեն, խրախուսիչ կ՚ըլլան նամանաւանդ երիտասարդ տարրին համար, ի մասնաւորի քաղաքական այս դժուար իրավիճակին մէջ»։ Ապա ան Մանոյեանը ծանութացուց Գամիշլիի արխիւին եւ պատմական ու կրօնական իրերուն։

Իր կարգին Կիրօ Մանոյեան գոհունակութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին առիթով, յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն մաղթելով ազգային բոլոր մարմիններուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.