Արցախը օրակարգէ դուրս մղած գագաթնաժողովը՝ գործող իշխանութեանց քաղաքական անյիշողութեան ապացոյց է
«Ոչ մի տեղ առանց Սիւնիքի ու Արցախի: Առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող»
Գարեգին Նժդեհ
Հոկտեմբեր 28-ին, երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովը, որուն հրաժարած են մասնակցիլ Ամենային հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը։
Ժողովի նախորդող ամիսներուն, իշխանութեանց կողմէ կը շեփորահարուէր, որ գագաթնաժողովը՝ որպէս նոր ձեւաչափ եւ հարթակ, սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ հայրենի գործընկերներու համար հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու համընդհանուր նշանակութեան մարտահրաւէրներն ու խնդիրները ու պետութեան անվտանգութիւնը։ Ի՞նչպիսի ազգային անվտանգութեան հարցեր պիտի քննարկուին, երբ ժողովի օրակարգէն գրեթէ բացակայ է հայութեան այսօրուան գոյատեւելիութեան գլխաւոր հիմնախնդիրը՝ Արցախը։ Ժողովի 8 հաւաքական քննարկումներու ՚եւ 18 յաջորդական յատուկ նիստերու ծրագրին մէջ անգոյ է Արցախը, անյիշողութեան մատնուած է Հայոց Արեւելից Կողմանց դարպասը պաշտպանող պատմական նահանգը։
2015 թուականի դեկտեմբերին ընդունուած Հայասատանի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան մէջ տեղ գտան Սփիւռքի վերաբերեալ հիմնական դրոյթները: Սահմանադրութեան 19-րդ յօդուածը, որ կ՚անդրադառնայ սփիւռքահայութեան հետ յարաբերութիւններուն, բաղկացած է երկու կէտերէ.
«1. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայկական սփիւռքի հետ իրականացնում է համակողմանի կապերի զարգացմանը եւ հայապահպանմանն ուղղուած քաղաքականութիւն, նպաստում է հայրենադարձութեանը:
- Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւունքի հիման վրայնպաստում է այլ պետութիւներում հայոց լեզուի, հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքներու պահպանմանը, հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացմանը»։
Այս իշխանութեան օրերուն, իրողապէս եւ փաստացիօրէն ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կատարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք միասնական քաղաքական օրակարգի եւ ազգային համատեղ մարտավարութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Մէկ խօսքով, անցնող չորս տարիներուն՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը մնացին զէրօ կէտի վրայ։
Քաղաքական ոլորտէն ներս, յատկապէս արտաքին քաղաքական դաշտի քարոզչական բնագաւառէն ներս, Հայաստան կարիքը ունի Սփիւռքի ազդեցիկ քաղաքական կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերը, որ արդէն տասնամեակներու փորձառութեան տէր է Արցախի եւ Հայաստանի պետականութեանց դէմ ծառացած մարտահրաւէրներու գծով անխոնջ պայքարելու առաքելութեան մէջ։ Այս իմաստով, Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութիւնը վերաիմաստաւորելու եւ էականօրէն խթանելու ուղղութեամբ, չորս տարուան ընթացքին այս իշխանութեան օրով ոչ մէկ նախաքայլ կատարուած է։ Եւ այսպէս, ցոյց տալու համար, թէ 7 միլիոն հայ հաշուող Սփիւքին հետ յարաբերութիւնները իսկապէս բնականոն զարգացման ընթացքի մէջ են, կը կազմակերպուի «Համահայկական գագաթնաժողով» կոչուող այս տօնահանդէսը, երբ նոյն օրերուն Արցախը իր ճակատագրին, գոյութեան եւ ինքնորոշման համար Ստեփանակերտի վերածննունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաք կը կատարէ, երբ Արցախը շնչահեղձ է։
Վարչապետին «Գագաթնաժողով»ի ընթացքին բացման խօսքին մէջ՝ Արցախի մասին առնուազն կամ գէթ երկու յիշատակում կատարելն իսկ զլացուած է։ 587 բառ ընդգրկող վարչապետի ուղերձին մէջ Արցախ բառը նշուած է մէկ անգամ, այդ ալ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահի տիտղոսանուանումը նշելու ժամանակ՝ «Արցախի մեծարգոյ նախագահ»։ Հաւանաբար, Արցախի անվտանգութեան համար «ռեսուրսներ» չունենալու եւ Արցախի պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու անատակ ու անկարող իշխանութիւններուն համար կարիք չկայ ժողովի օրակարգերուն մէջ քննարկման ենթարկելու արցախահայութեան այսօրուան իրավիճակը։
Համահայկական ի՞նչ օրակարգ պիտի քննարկէ այս ժողովը, երբ արդէն քանդուած է կամ իրականութեան մէջ իշխանութեան ղեկին կանգնած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ի՛նք քանդած ու կործանման ենթարկած է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, երբ համացանցի վրայ օրն ի բուն իրենց կեղծ օգտատէրերու վոհմակները վայրահաչութիւններու թիրախ կը դարձնեն Արցախն ու արցախցին ու կ՚անպատուեն Արցախի դրօշը։
Եւ այսպէս Արցախեան պատերազմի համազգային արհաւիրքէն ու դաւադրութենէն երկու տարի ետք, երբ տակաւին ացնող ամիս պետութեան սահմանները կը խորտակէր թշնամին, երբ գերեւարուած հայ զինուորները յաչս աշխարհի կը գնդակահարուէին, նման ժողով կազմակերպելով, գործող իշանութիւնները՝ երեսպաշտութեան ու կեղծիքներու իրենց պահեստանոցը վերստին պիտի օգտագործեն մոլորեցնելու հայն ու սփիւռքահայը։ Մէ՛կ բան յստակ է, որ այս իշխանութեանց օրակարգէն դուրս մղուած է Արցախի հիմնախնդիրը՝ հայութեան գոյապայքարի անփոխարինելի կռուանը։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ՝ 2015 թուականի յունուարին կը հրապարակէր Համահայկական հռչակագիրը, որուն մէջ յստակօրէն կոչ կ՚ուղղուէր «գալիք սերունդներին` պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն`առաւել հզօր Հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան, անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման, համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման»: Համահայկական այդ հռչակագիրը ողջ ազգի իղձերու նպատակային ուղեցոյցն էր, որ ընդունուած էր համայն հայութեան կողմէ։
Այդ յայտարարութենէն 5 տարի ետք, Արցախի առաջընթացի ու հզօրացման գծով, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման առնչութեամբ, գործող իշխանութիւններու միակ աւանդը եղան անձնատուութիւնը, դաւադրութիւնը, պարտութիւնն ու պառակտումը։
Խմբագրական «Հորիզոն»ի