ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ` Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Կացութեան Վերաբերեալ

ՄԱԿ կ՛ողջունէ 14 սեպտեմբերին` տեղական ժամանակացոյցով 20:00-էն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին զինադադար հաստատելու մասին համաձայնութիւնը եւ յոյս ունի, որ զինադադարը պիտի պահպանուի: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին առնչութեամբ Հայաստանի դիմումին հիման վրայ հրաւիրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ամերիկաներու հարցերով փոխտեղակալ Միրոսլաւ Ենչան` ներկայացնելով իր զեկուցումը հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ:

Ընդհանուր քարտուղարի փոխտեղակալը վկայակոչեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած տուեալները, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը թիրախաւորած են ո՛չ միայն հայկական կողմի մարտական դիրքերը, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքային ենթակառոյցները Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մէջ:

Հակառակ հայկական կողմի զեկուցումներուն եւ ներկայացուած փաստերուն ո՛չ միայն մարտական դիրքերու, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորման մասին, ընդհանուր քարտուղարի օգնականը կ՛ըսէ. «ՄԱԿ-ը այն դիրքին վրայ չէ, որ ստուգէ կամ հաստատէ այդ զեկուցումներուն մանրամասնութիւնները»: Միրոսլաւ Ենչա մէջբերեց պաշտօնական այն տուեալները, որ հայկական կողմէն զոհուած է 105 զինուոր եւ վիրաւորուած են 6 քաղաքայիններ:

«Այդուհանդերձ, մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգուած մնալ այս վտանգաւոր սրման նկատմամբ` ներառեալ ատոր հաւանական ազդեցութիւնը քաղաքացիական բնակչութեան վրայ, եւ կոչ ուղղած ենք կողմերուն անյապաղ եւ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը թուլացնելու համար», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարի փոխտեղակալը:

«Ասիկա կ՛ընդգծէ այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթը կը շարունակէ բախիլ լուրջ խոչընդոտներու: Այս մագլցումը նաեւ կ՛ընդգծէ կողմերու` տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման ծիրին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման շարունակուող հոլովոյթին մէջ յառաջ շարժելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք օգտուելու այս կարեւոր մեքանիզմէն` իբրեւ սահմանին լարուածութիւն թուլացնելու անհրաժեշտ քայլ: Այս շաբթուան իրադարձութիւնները նաեւ կը յիշեցնեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նաեւ շրջանը ապակայունացնելու ներուժ ունի: Անոնք կ՛ընդգծեն շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող բոլոր դերակատարներու կառուցողական գործելու եւ կողմերու վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի աշխատին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ», աւելցուց ընդհանուր քարտուղարի փոխտեղակալը:

Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլա տէ Ռիվիեր յայտնեց, որ Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի գերիշխան տարածքէն դէպի ելման դիրքեր` ընդգծելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի:

«Կողմերը պէտք է քննարկեն սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերը, ինչպէս նաեւ որոշ ուժերու կողմէ բռնութեան դէպքերու կանխումը: Ֆրանսան պիտի շարունակէ աջակցիլ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելուն», նշեց Ֆրանսայի ներկայացուցիչը:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Միլս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի հաստատումը եւ կը շեշտեն, որ տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ` խոր մտահոգութիւն յայտնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջին իրադարձութիւններէն ետք տիրող կացութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ յստակ արձանագրեց, որ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած են Հայաստանի խաղաղ քաղաքացիներ:

«Պէտք է անյապաղ վերադառնալ բանակցութիւններուն` տեւական խաղաղ լուծման հասնելու եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով: Կ՛ուզեմ շատ յստակ ըլլալ այսօր: Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կը պնդեն, որ տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ: Միջազգային ընտանիքը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի օգնէ հասնիլ դիւանագիտական ճամբով երկարատեւ խաղաղութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Մենք մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք խթանելու երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ԵԱՀԿ-ի եւ գործընկերներու համակարգման միջոցով, որպէսզի դիւանագիտական ճամբով աւարտի տագնապը միջազգային օրէնքի հիման վրայ, ներառեալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ Հելսինքեան հռչակագիրը», նշեց Միլս:

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ Ռուսիան անընդունելի կը նկատէ ուժի կիրարկումը եւ Ազրպէյճանին ու Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` կատարելու ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարի մասին ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Միրոսլաւ Ենչային ներկայացուած զեկուցումին եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսիոյ միջնորդական դերը գնահատելու համար:

«Ռուսիան ծայր աստիճան մտահոգ է հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ կացութեան կտրուկ սրմամբ 12-13 սեպտեմբերի լոյս գիշերը եւ ատկէ ետք: Ատոր հետեւանքով մեծ թիւով զինուորներ զոհուած են, կան վիրաւորներ նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակին մէջ: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ վիրաւորներուն: Ուժի կիրարկումը անընդունելի կը նկատենք եւ կ՛ակնկալենք, որ պիտի կատարուին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները զինադադարի մասին: Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ զերծ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան բարձրացնել լարուածութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ` անշեղօրէն պահպանել Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ին, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ին որդեգրուած եռակողմ յայտարարութիւններու ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները», ըսած է Նեպենզիան:

Ռուսիոյ ներկայացուցիչը նաեւ տեղեկացուցած է Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը սերտ կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ կացութեան կայունացման նպատակով: Վասիլի Նեպենզիան յոյս յայտնած է, որ Սամարքանտի մէջ` Շանկհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումի ընթացքին տուեալ նիւթը պիտի ըլլայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ:

Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Ռուչիրա Քամպոջ յարձակող կողմին կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու գործողութիւններն ու հանդուրժողականութիւն դրսեւորել: Ան նշեց, որ այդ գործողութիւնները լուրջ սպառնալիք են ո՛չ միայն շրջանին, այլ նաեւ աշխարհի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:

«ՄԱԿ-ի ապահովութեան խոհուրդը չի կրնար ինքնիրեն արտօնել լռութիւն պահպանել եւ ձգել, որ կացութիւնը հետզհետէ վատթարանայ: 9 նոյեմբեր 2020-ին կրակոցի դադրեցումը Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերով արդիւնաւէտ մեքանիզմ էր կարգաւորելու համար մնացած հարցերը», ըսաւ ան` կողմերուն կոչ ուղղելով հարցերը լուծելու դիւանագիտական ճամբով` խաղաղ լուծման հասնելու համար:

Հնդկաստանի ներկայացուցիչը նաեւ նշեց, որ պէտք է նախ յստակացնել, թէ ինչո՛ւ Կովկասի մէջ, մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին կացութիւնը սրած է:

«2020 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը տակաւին թարմ է մեր յիշողութիւններուն մէջ: Վերջին հաղորդագրութիւնները, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերաբերեալ, մասնաւորաբար հարուածները քաղաքային ենթակառոյցներուն, խոր մտահոգութեան առիթ դարձած են մեզի համար», աւելցուց ան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.