Գանատայի ՀՕՄ-ի հեծելարշաւ-նուիրահաւաքին գոյացած 25 հազար տոլարը պիտի նուիրուի «Զինուորի Տուն»վերականգնողական կեդրոնին
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ ՝ երկու հայորդիներու Խորէն Մարտոյեանի եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեանի ձեռնարկած հեծելարշաւ դրամահաւաքը ի նպաստ Երեւանի «Զինուորի Տուն»վերականգնողական կեդրոնի, սկիզբ առաւ 12 Օգոստոս 2022 առաւօտեան ժամը 7:00-ին Թորոնթոյի« Յոյսի Այգի»ի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտէն դէպի Օթաուա :
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Հոթոյեան –Ժոլի ներկայ գտնուեցաւ մեկնարկի վայրը եւ Շրջանային վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց հեծելանւորդներուն:
14 Օգոստոս 2022-ի յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, 389 քիլոմեթր արշաւելէ ետք , Խորէն Մարտոյեան եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեան Օթթաուայի «Եուսէֆ Քարշ»ի կիսանդրիին մօտ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի անդամներու կողմէ: ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անունով ընկերուհի Ազգանուշ Հատիտեան գնահատեց մարզիկները, որոնք ջանք չխնայեցին այս հեծելարշաւէն գոյացած $25000 գումարով հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած զինուորին աջակցելու: Անգլերէնով շնորհաւորական Խօսք յայտնեց նաեւ Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ ընկերուհի Թալին Շիրիքճեան:
Խորէն Մարտոյեան եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեան իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄ-ին եւ բոլոր նուիրատուներուն իրենց ընձեռուած առիթին համար։ Նուիրահաւաքէն գոյացած գումարով կարելի պիտի ըլլայ Երեւանի «Զինուորի Տուն» վերականգնողական կեդրոնի «Միկրոբուժական եւ Բլաստիկ վիրահատման» բաժանմունքին բժշկական սարքեր ապահովել:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն