Հայաստանի Ղեկավարները Կը Շարունակեն Յանձնուիլ Ատրպէյճանի

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի երեք հայկական գիււղերէն շուրջ 150 ընտանիքներու՝ իրենց տուներէն հեռացման Ատրպէյճանի հրամանը, շա՜տ անհանգստացուցած է աշխարհասփիւռ  հայութիւնը։

Ատրպէյճանի վերջնագիրին հետեւանքով՝ Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերու հայերը պարտաւոր են տեղափոխուելու Արցախի կամ Հայաստանի այլ վայրեր։ 2020ի պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն  ետք,  թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը կը տառապին վատ ղեկավարութիւններէ, որոնք գիւղացիները կը ստիպեն կատարելու Ատրպէյճանի պահանջը՝ լքել իրենց տուներն ու եկեղեցիները մինչեւ 25 Օգոստոս։

Այս հիմնահարցին սկզբնաղբիւրը 10 Նոյեմբեր 2020ի համատեղ «յայտարարութիւն»ն է, որ ստորագրուած է պատերազմի աւարտին՝ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ։ Թէեւ այդ «յայտարարութեան» առաջին տողին մէջ յայտարարուած էր «ամբողջական հրադադար», սակայն այս, բոլոր պատերազմներու պատմութեան մէջ, հրադադարի ամէնէն արտասովոր տեսակն է։ Հակառակորդ բանակները իրենց հասած տեղը կանգ առնելու փոխարէն, հայկական կողմը համաձայնեցաւ Ատրպէյճանի յանձնել անոր  կողմէ չնուաճուած մեծ տարածքներ։ Աւելի՛ն, Հայաստանի վարչապետը, առանց որեւէ լիազօրութեան, ստորագրեց փաստաթուղթ մը, որով զիջեցաւ հողեր, ներառեալ Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներուն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ ան իրաւական լիազօրութիւններ չունէր։ Ուստի, 10 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ համաձայնագիրը պէտք է նկատել անվաւեր։

Այս համաձայնագրի 6րդ կէտով ամրագրուած է. «Լաչինի միջանցքը (5 քմ. լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ,  ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերու համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար, յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը վերստին կը հաստատուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, երթեւեկելու եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան ապահովութիւնը երկու ուղղութիւններով»:

Այս պարբերութիւնը, միւսներուն պէս, հարցեր ստեղծած է, ոչ յստակ խմբագրման պատճառով։ Այս համաձայնագիրի ստորագրումէն գրեթէ երկու տարի անց, որուն  ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ունեցած են քանի մը դէմ առ դէմ հանդիպումներ, Հայաստանի կառավարութիւնը չէ փորձած յստակացնել 6րդ կէտի լեզուն: Հայաստանի պաշտօնեաները հաստատելով Ատրպէյճանի ծրագիրները, անընդհատ կը կրկնէին, որ Լաչինի այլընտրանքային միջանցքը շրջանցելու երթուղին պէտք է կառուցուէր միայն երեք տարի ետք, եւ որ Ատրպէյճան հապճեպ կառուցեց այլընտրանքային երթուղիի իր հատուածը։ Փաստօրէն, 2020ի համաձայնագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ այլընտրանքային ճամբան պէտք է շինուի ո՛չ թէ երեք տարի ետք, այլ՝ երեք տարուան ընթացքին։ Հայաստան կը ծրագրէ ներկայ ամիսէն 250 օր ետք աւարտել Լաչին տանող այլընտրանքային ճամբու իր հատուածը։

Հայ պաշտօնեաները Լաչինի միջանցքը գտնուող հայկական երեք գիւղերու ընտանիքներուն կեղծ հաւաստիք տուած են՝ ըսելով, որ իրենք բաւական ժամանակ ունին իրենց հարցերը լուծելու համար՝ վստահեցնելով հայ գիւղացիներուն, որ կրնան մնալ իրենց տուները: Երբ Ատրպէյճան պնդած է, որ գիւղացիները պէտք է անյապաղ հեռացուին նշեալ գիւղերէն, հայ ընտանիքներուն տրուած է նուազ քան երեք շաբաթ, որպէսզի տեղափոխուին, առանց սակայն երթալիք տեղ ունենալու։

Իրավիճակը աւելի եւս սրելով, Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան հայկական երեք գիւղերու բնակիչները զգուշացուցած է, որ հեռանալէ առաջ եթէ այրեն իրենց տուները, պիտի չստանան խոստացուած 10 միլիոն դրամի (24 հազար տոլար) հատուցումը, որ բաւարար չէ նոր տուն մը գնելու համար։ Նախարարը նկատի ունէր բազմաթիւ արցախահայերու գործելակերպը. անոնք կրակի տուած էին իրենց տուները 2020ի պատերազմէն ետք, տուները լքելէ առաջ։ Տուն այրելը սրտաճմլիկ որոշում է, բայց նոյնքան ցաւցնող՝ տունը ոխերիմ թշնամիին ձգելը: Այս շաբաթ դիտեցի սահմռկեցուցիչ  տեսանիւթ մը, թէ ինչպէ՛ս հայրը կ՛այրէ իր ընտանիքին տունը, հեռանալէ առաջ: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունէր նախարարը այս գիւղացիներէն. որ մաքրէին իրենց տունե՞րը, ճաշասեղանին վրայ ձգէին եփած կերակուրը շամփէյնի շիշո՞վ, իսկ դռան վրայ՝ ողջոյնի նշա՞ն, իրենց ատրպէյճանցի թշնամիներուն համար։

Առաւել՝ Ատրպէյճանի յանձնուած՝ Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներու զգալի հատուածներուն, զորս Ատրպէյճան չէր բռնագրաւած հրադադարի ժամանակ, 2020ի պատերազմի աւարտէն ետք, Ատրպէյճան լրացուցիչ տարածքներ գրաւեց ինչպէս Արցախի, նոյնպէս ալ Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Աւե՛լին, Ատրպէյճան, ի հեճուկս 2020ի համաձայնագիրին, կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիներ, մինչդեռ Հայաստան, հրադադարէն անմիջապէս ետք, տխմարաբար յանձնած է ատրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները։ Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ջանքեր չեն գործադրեր հայ գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման համար, այլեւ ո՛չ կը խօսին, ո՛չ ալ կը բողոքեն անոնց դէմ։ Նախքան Իլհամ Ալիեւի  հրամաններէն որեւէ մէկուն կատարումը՝ Հայաստան պէտք է պահանջէ, որ Ատրպէյճան պահպանէ իր պարտաւորութիւնները, 2020ի համաձայնագիրով։ Հասկնալի է, որ պատերազմի մէջ պարտուելէ ետք Հայաստան կը գտնուի թոյլ եւ ենթակայ դիրքի մէջ։ Սակայն հայ ղեկավարներու անկարողութեան պատճառով, իրավիճակի սխալ կառավարումն ու թշնամիին բոլոր քմահաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլը անընդունելի է։ Նման անողնաշար պահուածք մը կը խրախուսէ Ատրպէյճանը, որ պահանջէ եւ ստանայ աւելի՛ զիջումներ։

Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքի փակումով, Արցախ մնացած հայերը կը մեկուսացուին՝ շրջապատուած ըլլալով Ատրպէյճանի կողմէ։ Այսպէսով, անոնք կը կորսնցնեն իրենց մուտքը Հայաստան, կը զրկուին ելեկտրականութենէ, ջերմութենէ եւ համացանցէ, ուշ կամ կանուխ կը կառավարուին Ատրպէյճանի կողմէ։ Ցաւօք, 2020ի պատերազմին պարտուելէ ետք, Արցախ ու Հայաստան կը գտնուին անկումային վիճակի մէջ։ Իրաւասու նոր ղեկավարներ գուցէ չկարենան շրջել Հայաստանի աղէտալի իրավիճակը, բայց գոնէ թոյլ չեն տար, որ անիկա աւելի եւս վատթարանայ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.