Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 10-րդ պատանեկան ճամբարը
Օգոստոս 1-ին, Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանաձորի 10-րդ պատանեկան ճամբարը, Վանաձորէն եւ շրջակայքէն մօտ 175 պատանիներու եւ Գանատայէն ժամանած ԳԵՄ-ի անդամ 17 վարիչներու մասնակցութեամբ: Հայաստանէն կը մասնակցին երեք օգնական վարիչներ։
ԳԵՄ-ի վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներն ու ծրագիրները կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք եւ խաղեր։ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կ՚օժանդակէ նաեւ ՀՅԴ Սպիտակի կոմիտէի հովանաւորած Սպիտակի ճամբարին։
ԳԵՄ-ի այս նախաձեռնութեան մասին անդրադառնալով, ճամբարի պատասխանատու՝ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ Թալիա Ճապրայեան յայտնեց. «ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ճամբարը իր 10-րդ տարին կը բոլորէ եւ իր գործունէութիւնը ընդլայնելով արդէն իսկ ծրագրին մէջ ներառած է Սպիտակ քաղաքը։ Մեր նպատական է՝ Վանաձորցի պատանիներուն հաղորդակից դարձնել մեր ազատագրական պայքարի պատմութեան, միաժամանակ, Դաշնակցութեան հայդուկային դրուագներու ուսուցումով՝ պատանիներուն մէջ բարձր պահել ազգային մեր դիմադրականութեան ոգին»։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանանձորի առաջին ճամբրը տեղի ունեցած է 2010 թուականին։