ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ
11 Յուլիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը։
Ասուլիսի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան ամփոփեց Եւրոպական խորհրդարան այցելութեան արդիւնքները, անդրադարձաւ շարք մը հանդիպումներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, խօսեցաւ ներքաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։
Միջազգային կառոյցներուն մէջ, յատկապէս՝ Եւրոպական խորհրդարանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շահերը պատշաճ ներկայացուած չեն, եւ մեր հանդիպումներու ընթացքին ակնյայտ դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱԳՆ-ն պատշաճ կերպով չեն պաշտպանած հայ ժողովուրդին շահերը, յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան՝ ներկայացնելով Եւրոպական խորհրդարանի մէջ իր հանդիպումներու հետեւանքով տեղի ունեցած արձանագրումներէն առաջինը։
Անոր երկրորդ արձանագրումը՝ ՀՀ իշխանութիւններու պնդումները, թէ կայ միջազգային պահանջ ու համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակի հարցին նշաձող իջնեցնելու առնչութեամբ, անհիմն են, նման պահանջ գոյութիւն չունի։
«Այլ հարց է, որ գոյութիւն ունի խաղաղութեան հասնելու պահանջ, խաղաղութեան օրակարգ, բայց երբ այդ հանդիպումներու ընթացքին մանրամասն բացատրած էինք, որ հայ ժողովուրդը դէմ չէ խաղաղութեան, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ մեր հայրենազրկման գնով, եւ պարտադրուած խաղաղութիւնը տարածաշրջանին չի կրնար բերել կայունութիւն, այս հիմնաւորումները անոնց համար շատ հասկնալի էին», ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ըստ երրորդ արձանագրումին, Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պայքարի քանի մը ճակատներով։ Այսպէս՝ թուրք -ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ Հայաստանի ընդդիմութիւն կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ ռեւանշիստական, տարածաշրջանը ապակայունացնող, պատերազմ հրահրող ուժեր, եւ անոնց այս թէզերը նաեւ աջակցութիւն կ’ունենան Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէն։ Հետեւաբար, ընդդիմութեան բոլոր պնդումներն ու յայտարարութիւնները, որ ՀՀ իշխանութիւնները չեն սպասարկած մեր ժողովուրդին շահերը, կը գործակցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին հետ, նոյն թէզերը յառաջ կը տանին միջազգային կառոյցներուն մէջ, շատ ակնյայտ էին հանդիպումներու ընթացքին։
Չորրորդ՝ աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին եւ վերադասաւորումներու փուլին, որ Հայաստանի համար յղի է նոր սպառնալիքներով, ՀՀ իշխանութիւնները վարած են պարտուողական, ոչ համարժէք քաղաքականութիւն», յայտնեց Սաղաթէլեան ՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան դարձած է հետաքրքրական Եւրոպայի համար՝ քարիւղի ու կազի շնորհիւ, ու այս իրավիճակին մէջ բռնապետական Ատրպէյճանը աւելի հետաքրքրական է Եւրոպային, քան «ժողովրդավարական բաստիոն» Հայաստանը։
Հինգերորդ արձանագրումին համաձայն, Հայաստանի մէջ միջազգային կազմակերպութիւնները ներքաղաքական կեանքի մասին զեկուցումները կը ներկայացնեն միակողմանի, եւ այս հանդիպումները շատ կարւեւոր էին, որպէսզի ներկայացուի Հայաստանի մէջ տիրող իրական վիճակը՝ քաղաքական բանտարկեալներ, ապօրինութիւններ եւ այլն։
Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Սիւնիքի համայնքապետներուն մասնակցութեամբ քննարկուող նիւթին:
Լրագրողը Իշխան Սաղաթէլեանին յիշեցուց խօսքերը`«Ով զադնի դնէ՝ Նիկոլ է»՝ հարցնելով, թէ Սիւնիքի համայնքապետներո՞ւն ալ կը վերաբերի:
«Ընդհանրապէս, կը վերաբերի բոլորին: Ինչ կը վերաբերի Մանուէլ Փարամազեանին՝ կ’ափսոսամ, շատ կ’ափսոսամ, Մանուէլ Փարամազեան այն մարդոցմէ էր, որ այս իշխանութեան դէմ պայքարած է, այդ պայքարի հետեւանքով ապօրինի ազատազրկուած է: Այն, ինչ որ կատարուած է, ինծի համար անընդունելի է, նոյնիսկ՝ անհասկնալի, բայց ամէն մէկը ինք կ’որոշէ իր ընթացքը, գործունէութիւնը», – արձագանգեց Սաղաթէլեան:
Ան ընդգծեց` շատ վստահած է Փարամազեանին, բայց ինչ որ տեղի ունեցած է, անընդունելի է ու դատապարտելի:
Սաղաթէլեան չբացառեց, որ նման դէպքեր դարձեալ պիտի ըլլան, բայց բացառած է, որ նման դէպքերը կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ «Դիմադրութիւն» շարժման վրայ:
«Ով պիտի երթայ, թող երթայ, տեսնենք տակը քանի հոգի կը մնայ, որ մենք ալ իմանանք՝ ուր պիտի երթանք», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, թէ վստահ է` շատ լուրջ ճնշում գործադուած է Փարամազեանի նկատմամբ. «Այլ պարագային չէր ըներ»:
Գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ արդէն ձեւաւորուած են «Դիմադրութիւն» շարժումի խորհուրդները: Այո, հիմա հանրահաւաքները տեղի կ’ունենան շաբաթը մէկ անգամ, իսկ մնացած օրերը մեզի համար լիարժէք աշխատանքային օրեր են, որ մենք կ’ընենք հսկայական կազմակերպական աշխատանք, որ ձեր եւ մեր հանրութեան առջեւ տեսանելի չեն. անդրադառնալով «Դիմադրութիւն» շարժումի գործունէութեան, յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
«Շարժումի ընթացքին բոլոր բացթողումները, հարցերը եւ կազմակերպական դժուարութիւնները գնահատուած է, արձանագրուած է եւ այդ թերութիւնները վերացնելու եւ շարժումը աւելի ընդլայնելու ուղղութեամբ յստակ աշխատանք կը տարուի», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ կը ձեւաւորուին շարժման խորհուրդներ, որպէսզի շարժումը ամբողջ ծաւալով տեղափոխուի մարզեր:
Ըստ Սաղաթէլեանին, բացի հիմնական կուսակցութիւններէն, որոնք ունին կազմակերպական կառոյցներ մարզերու մէջ, շարժումին ներգրաւուած են նաեւ բազմաթիւ անհատներ, ուժեր. «Ստեղծուած են 8 կոմիտէներ, որոնք այդ ուղղութեամբ շատ յստակ աշխատանքներ կ’իրականացնեն, որոնց աշխատանքները աւարտելէ վերջ, անոնց արդիւնքները բոլորին տեսանելի պիտի ըլլայ»:
https://youtu.be/ln1wV0guB2E