Համազգային Վանգուվըրի Վարագ Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ նկարչութեան Երեկոյ
Համազգային Վանգուվըրի Վարագ մասնաճիւղը մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ հայապահպանման իր առաքելութիւնը՝ ի միտի ունենալով յաջորդ սերունդին փոխանցելու մեր հարուստ մշակոյթը:
Նորակազմ վարչութեան երկրորդ ձեռնարկը եղաւ նկարչութեան դասընթացք տիկին Արեգա Գրիգորեանի հետ, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յունիս 2022-ին Հայ կեդրոնի Լազարեան սրահէն ներս։
Միօրեայ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 պատանիներ։
Արուեստագէտ տիկին Գրիգորեանի ցուցմունքով, մասնակից մատղաշ սերունդը իրենց տեսանկիւնէն դիտուած ստեղծագործեցին Արարատը եւ Հայրենիքի պաստառին վրայ։
Ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Այս առիթով վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Արեգային , մասնակիցներուն եւ ծնողներուն։
Հանդիսութեան յաջորդեց սուրճի եւ անուշեղէնի սպասարկութիւն, պատրաստուած Վարչութեան կողմէ:
Թղթակցութիւն՝ Անի Միսաքեան
Համազգային Վանգուվըրի Վարագ մասնաճիւղ