Եւրոպական Խորհրդարանը Կ՛ողջունէ Թուրքիա-Հայաստան Վերջին Մերձեցումը, Եւ Կը Խրախուսէ Թուրքիան` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանը 448 թեր, 67 դէմ եւ 107 ձեռնպահ քուէներով որդեգրած է Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանին ու Հայոց ցեղասպանութեան:

«Եւրոպական խորհրդարանը կ՛ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վերջին մերձեցումը` երկկողմանի հաղորդակցութիւններու սկսելու, յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման եւ երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներու վերսկսման առնչուած: Այս փորձը կը նկատենք խիստ դրական զարգացում մը, որ դրականօրէն կ՛ազդէ շրջանի բարգաւաճման եւ անվտանգութեան վրայ: Կը խրախուսենք երկու կողմերը շարունակելու այդ ջանքերը` իրենց յարաբերութիւնները ամբողջովին կարգաւորելու նպատակով եւ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղենք` աշխուժօրէն աջակցելու այս հոլովոյթին:

«Կը խրախուսենք Թուրքիան ճամբայ հարթելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտեցման, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան վէճը լուծելու համար, եւ ամբողջովին յարգելու հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները: Յոյս կը յայտնենք, որ ատիկա կրնայ յանգեցնել Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին: Անգամ մը եւս Թուրքիան կը խրախուսենք ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի աշխուժացնելու այդ երկրին մէջ հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ծանր վիճակի արդիւնաւէտ կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը:

Թուրքիան Կը Դատապարտէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Եւրոպական խորհրդարանի` Թուրքիոյ վերաբերեալ 2021 թուականի զեկուցումը` զայն նկատելով «կողմնակալ եւ իրականութենէն հեռու»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ զեկուցումը հիմնուած է «մակերեսային եւ անհեռատես մօտեցումի վրայ»:

«Թուրքիան չ՛ընդունիր եւ կը մերժէ Եւրոպական խորհրդարանի մակերեսային ու անհեռատես մօտեցման վրայ հիմնուած` զեկուցումին մէջ պարունակուող կողմնակալ եւ անիրատեսական գնահատականները, որոնք կ՛անտեսեն մեր երկրին եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ակնյայտ անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նշած է, որ Թուրքիոյ Եւրոպական խորհրդարանէն հիմնական ակնկալիքը այն չէ, որ անիկա դառնայ «նեղմիտ» շրջանակներու օրակարգային գործիք, այլ այն, որ այդ կառոյցը դրսեւորէ դիրքորոշում, որ պիտի խթանէ Եւրոպական Միութեան կառոյցներու դրական վերաբերմունքը` Թուրքիոյ համայնքին միանալու բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով: Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը մինչեւ հիմա հակառակ դիրքորոշումը ունեցած է:

«Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանը կորսնցուցած է թուրք հասարակութեան մօտ վստահութիւնն ու հեղինակութիւնը: Այդ իսկ պատճառով զեկուցումին մէջ տեղ գտած անհիմն տեսակէտները, որոնք կ՛արտացոլեն մեր երկրին նկատմամբ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ նկրտումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան մէկ կամ երկու անդամներու նեղմիտ ջանքերը Եգէական ծովու, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի վերաբերեալ, մեզի համար արժէք չունին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան համաձայն, Թուրքիան նաեւ կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպական Միութեան բոլոր կառոյցները պիտի կատարեն Անգարայի նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացատրած է, որ խօսքը առաջին նախ եւ առաջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի աշխուժացման, մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան արագացման, Մաքսային միութեան թարմացման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման մասին է:

Նախարարութիւնը եզրակացուցած է, որ այս խնդիրներուն լուծման ուղղուած քայլերը խրախուսելու փոխարէն զեկուցումը Եւրոպական խորհրդարանի մեկուսացուած, իտէալականացուած եւ կողմնակալ դիրքորոշման յաւելեալ մէկ օրինակ է եւ միայն կը վնասէ Եւրոպական խորհրդարանի հեղինակութեան:

Նշենք, որ Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցումը քննադատած էր Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.