ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ արտերկրի լիբանանահայ քուէարկողներուն ուղղեց ՀՅ Դաշնակցութեան հետեւեալ կոչը.
«Արտերկրի սիրելի՛ լիբանանահայեր, Սիրելի՛ լիբանանցիներ, որոնք ուր որ ալ գտնուիք, Լիբանանը եւ Լիբանանի հայութիւնը ձեր սրտին մէջ պահեցիք եւ կը շարունակէք պահել:
Պուրճ Համուտէն կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, բոլորիդ անխտիր, որ ուրբաթ, 6 մայիսին եւ կիրակի, 8 մայիսին, ձեր գտնուած երկիրներուն մէջ խուռներամ մասնակցիք երեսփոխանական ընտրութիւններու քուէարկութեան:
Դուք, որ տեւաբար ուզեցիք ամուր պահել Լիբանանի հայութիւնը, անկիւնադարձային այս օրերուն ձեր իրաւունքն է այդ ամրութիւնը աւելի եւս պողպատացնել: Պայքարը այսօր բազմատեսակ է: Պայքարը մեր դէմ զօրաւոր է, պայքարը` Լիբանանի հայութեան համախումբ կեանքին, ինքնուրոյն քաղաքական դիմագիծին եւ Լիբանանի հայութեան հայեցիութեան պահպանման համար:
Լիբանանի հայութիւնը, որուն վրայ դուք գուրգուրացիք տասնամեակներ ամբողջ եւ որուն փաստը տուիք, գէթ վերջին երեք տարիներուն, թէ՛ տնտեսական մեր տագնապի օրերուն, թէ՛ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի օրերուն, թէ՛ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, դուք, որ կեցաք մեր կողքին, այսօր ձեր իրաւունքն է ձեր խօսքը ըսել, որպէսզի ձեր նեցուկը, ձեր զօրակցութիւնը` անցնող տասնամեակներուն, յօդս չցնդի:
Դուք տուիք Լիբանանին եւ Լիբանանի հայութեան, որովհետեւ հաւատացիք, որ ան ամուր է, եւ դուք ալ ամուր էք Լիբանանի հայութեամբ:
Դուք տուիք Լիբանանի հայութեան, որովհետեւ հաւատացիք, որ լիբանանահայութիւնը համայն սփիւռքի մէկ կարեւոր օղակն է` հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան: Այսօր նպատակը այդ օղակը հարուածել է, քանդել այդ օղակը, որպէսզի քանդուի ընդհանուր շղթան, եւ մենք վստահ ենք, որ դուք չէք կրնար մասնակցիլ այդ քանդումի աշխատանքին:
Քուէարկեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ-ի ցանկերուն Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի մէջ:
Քուէարկեցէ՛ք այն կուսակցութեան, որուն հանդէպ հաւատք ունիք:
Քուէարկեցէ՛ք այն կուսակցութեան, որ 132 տարիներ ամբողջ կանգնեցաւ ժողովուրդին կողքին, ծառայեց անոր տեւաբար: Քուէարկեցէ՛ք մնայունին եւ ոչ թէ պատահականին ու ժամանակաւորին, որ առաջին իսկ հարուածին պիտի տկարանայ:
Քուէարկեցէ՛ք այն կուսակցութեան, որուն վստահեցաք:
Քուէարկեցէ՛ք այն կուսակցութեան, որ պիտի շարունակէ կանգնիլ Լիբանանի մէջ տակաւին ապրող ձեր պարագաներուն, ձեր հայրերուն եւ մայրերուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ձեր ազգականներուն կողքին:
Լիբանանի հայութիւնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը սպասեն ձեզմէ, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս դուք կանգնիք մեր կողքին:
Եւ վստահ ենք, որ միասնաբար այս ընտրութիւններուն պիտի յաղթենք: Վստահ ենք, որ երբ կը քուէարկէք ՀՅ Դաշնակցութեան, կը քուէարկէք ձեր խիղճին, կը քուէարկէք ձեր հոգիին ու անոնց, որոնք տեւաբար մեր ժողովուրդին գերագոյն շահերը, Լիբանանի հայութեան եւ համայն հայութեան գերագոյն շահերը նկատի առած են եւ վեր բարձրացուցած:
Կը քուէարկէք ՀՅ Դաշնակցութեան, կը քուէարկէք դուք ձեզի, ձեր հաւատքին, ձեր համոզումին:
Մի՛ խաբուիք կեղծ լոզունգներէն, մի՛ խաբուիք ժամանակաւոր կարգախօսներէն:
Այնպէս ինչպէս մեր բոլորին սիրելի վեհափառ հայրապետը` Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ. «Համայնքը կը ներկայացուի համայնքին մէջ դերակատարութիւն ունեցող անհատներով: Անոնք, որոնք պարզապէս իրենց անձնաթուղթին մէջ հայ չէ որ արձանագրուած են, այլ անոնք, որոնք տարիներու փորձ ունին կեանքի, տուած են այս ժողովուրդին եւ պիտի շարունակեն տալ»:
Մեր հաւատքը ձեզի հանդէպ մեծ է, սիրելինե՛ր:
Անկեղծութեան եւ իրականութեան ժամն է: Մի՛ վարանիք. այնպէս ինչպէս վստահեցաք անցեալին, այս անգամ նաեւ մենք կը հաւատանք, որ պիտի վստահիք ՀՅ Դաշնակցութեան:
Քուէարկեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան ցանկերուն, քուէարկեցէ՛ք դուք ձեզի, եւ միասնաբար 16 մայիսին կը տօնենք ազատ կամքի, ինքնուրոյն քաղաքականութեան եւ Լիբանանի հայութեան հայեցի դիմագիծի պահպանման յաղթանակը»: