Մոնթրէալի մէջ կայացաւ հայակերտման ամրոց Հայ Կեդրոնի վերանորոգուած «Ահարոնեան» սրահի բացման հանդիսութիւնը
Անահիտ Պալեան
Հայ կեդրոնները սփիւռքահայութեան համար եղան հայրենի տուն, հայերու հաւաքավայր, մարմնամարզական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային աշխատանքներու ժրաջան փեթակ, ազգային դիմագիծի պահպանման կռուան, Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ կամուրջ եւ այլասերումի դէմ պայքարող բաբախուն սիրտ։ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից Հայ Կեդրոնը եւս, որ յիսուն տարի առաջ ծնունդ առաւ գաղութի ընդարձակման եւ աշխուժացման կարիքներուն ընդառաջելու համար, հիմնաքարը հանդիսացաւ հայակերտման ու հայապահպանման աշխատանքներուն ու դարձաւ սիրուած հաւաքավայրը յաջորդական սերունդներուն։
Վերջին երկու տարուան ընթացքին, օգտուելով համաճարակի ստեղծած սահամանափակումներէն եւ գործադրելով երկար տարիներու նախատեսնուած ծրագիրը, տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի եւ մասնաւորաբար Ահարոնեան սրահի վերանորոգման աշխատանքները։
Եւ ահա, կիրակի 3 ապրիլ 2022-ին, տեղի ունեցաւ սրահի պաշտօնական բացումը, կազմակերպութեամբ՝ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ ներկայութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Սուրբ Պատարագի աւարտին, ժողովուրդը ինչպէս նաեւ կեդրոնի ազգային եւ ուղեկից բարեսիրական, մշակութային, մարմնակրթական եւ ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներ հետեւեցան առաջնորդական թափօրին բարձրանալով կեդրոնի սանդուխներէն վեր։ Գլխաւոր նուիրատուներէն՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեան եւ Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան, իրենց անուններով փորագրուած յատուկ մկրատներով, Գերաշնորհ Սրբազան Հօր Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Գրիգոր Տէր Ղազարեանի հետ միասին կատարեցին սրահի դրան մուտքին զետեղուած ժապաւէնի հատումը։
Ներկաները ծափողջիւններով մտան վերանորգուած ու շքեղ Ահարոնեան սրահէն ներս։ Սովորականէն աւելի ընդարձակ ու լուսաւոր էր։ Տեղ-տեղ զետեղուած էին փոքր կլոր սեղաններ գեղեցիկ ծաղիկներով զարդարուած. սրահի կեդրոնը կար հիւրասիրութեան անուշեղէնի սեղան մը, որուն վերեւ կը շողար տիար Հայկ Մաճարեանի նուիրած կեդրոնական գեղեցիկ ջահը։ Ազնիւ նուիրատուն նոյն ջահի փոքր օրինակներով գեղեցկացուցած էր ոչ միայն սրահի ներքին պատերը այլեւ սրահէն դուրս կեդրոնի ճակատը։
Սրահէն ներս, բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր Աւետիս Ահարոնեանի լուսաւոր հարթաքանդակը, որ ստեղծագործութիւնն էր ազգասէր ու վաստակաշատ արուեստագէտ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի։
Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենադպիր Թորոս Պապիկեան, որ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Հովիւին եւ հոգաբարձութեան անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Ահարոնեան սրահի վերանորգման պատմութիւնը։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ յունուար 2019-ին վերաշինութեան յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, պատրաստուեցան ճարտարապետական գծագրութիւնները և ծրագրին նախահաշիւը։ Եւ սեպտեմբեր 2020-ին աշխատանքը մտաւ հունի մէջ, երբ ձեռք բերուեցաւ շինարարական արտօնագիրը։
Թորոս Պապիկեան Հովիւին և հոգաբարձութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկին Կէօնճեանին և Տէր և Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններուն, իրենց կատարած մեծ ներդրումին համար, որ հանգուցեալ Պետրոս Արսլանեանի նուիրատուութեան հետ, կը հանդիսանար ծրագրին սերմը։ Իսկ ծախսի մնացեալ գումարը ապահովելու համար, նպատակադրուեցաւ նուիրարշաւ մը։ Կազմակերպիչներուն սկզբնական նպատակը 1.1 միլիոն տոլար էր, բայց նուիրատուութիւնները գերազանցեցին ակնկալութիւնները եւ հաւաքուած գումարը անցաւ 1.5 միլիոնի սահմանները, որուն շնորհիւ իրականացաւ նաեւ կեդրոնի մուտքի, Համազգայինի գրատարածի անկիւնի եւ լուացարաններու վերանորոգումը։
Հոգաբարձութեան ատենադպիրը հերթով շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Հայկ Մաճարեանին, արուեստագէտ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանին եւ Prestale Inc. ընկերութեան իրենց ներդրումներուն համար. շնորհակալութիւն Թամար Շահինեանին «Հայ Հորիզոն»-էն իր հաղորդումներով համայնքիս զաւակներուն մօտ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելուն համար. Պապիկեան նաեւ շնորհակալութիւն փոխանցեց բոլոր նուիրատուներուն իրենց անվերապահ նեցուկին համար եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ամէն այն ազգայիններուն և յանձնախումբերուն, որոնք իրենց աշխատանքով ու նիւթական մասնակցութեամբ սատարեցին այս գործի յաջողութեան։ Ան նշեց թէ բոլորին անունները յիշուած են «ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ՍՐԱՀ» պատկերազարդ յիշատակի գրքոյկին մէջ, որ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի «ՎԵՐԱՔԱՂ ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐԷՍ» (Ահարոնեան սրահի նորոգման առիթով գրուած) գրոքոյկին հետ պիտի տրամադրուի բոլորին։
Նախքան իր խօսքը փակելը, Թ. Պապիկեան ըսաւ. «Այսօր, Ահարոնեան սրահի վերաբացումով, յոյսով ենք որ Հայ Կեդրոնի գործածողներու թիւը պիտի գերազանցէ իր նախա-Գովիտեան թիւերը, եւ Հայ մանուկը, հայ պատանին ու երիտասարդը, չափահասն ու տարեցը դարձեալ պիտի հաւաքուին հոս, պիտի տան առաւել կեանք այս գեղեցիկ սրահին: Պիտի տան նոր շունչ հայ Կեդրոնին, եւ զայն վերածեն եռուն հայաբոյր հաւաքավայրի մը»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը, որ իր սրտի խօսքին մէջ նշեց թէ այս պահը զինք յիշեցուց շուրջ 50 տարիներ առաջ, ժողովուրդի ունեցած խանդավառութեան երբ մոնթրէալաբնակ սակաւաթիւ հայութիւնը կ՚ուռճանար եւ երբ օրուան հոգաբարձութիւնն ու կոմիտէութիւնը որոշում առին անցնիլ Saint Zotique-ի փոքր եկեղեցիէն դէպի մեծ կեդրոնի մը կառուցման։ Այդ օրերուն ժողովուրդը խրախուսողը Ղազարոս Աղայեանի «Ծիծեռնակը» երգն էր, երբ ներգաղթողներ Միջին Արեւելքէն ձգելով իրենց տաք օճախը, կու գային աշխարհի այս կողմը սարքելու նոր բոյն մը ծիծեռնակի նման միշտ յիշելով իրենց հին բոյնը։ Այսպէս սփիւռքի տարածքին այլ հայահոծ գաղութներու նման, Մոնթրէալն ալ պահելու համար իր հայեցի ինքնութիւնը կառուցեց եկեղեցի, անոր կողքին հիմնեց Հայ Կեդրոն եւ գնեց հողաշերտին դիմաց գտնուող դպրոցը։ Սրբազանը յայտնեց նաեւ թէ Հայ Կեդրոնը հայրենիք է. թէ մեր զաւակները ամէն օր Արարատ լեռը չե՛ն տեսներ, թէ մեր զաւակները ամէն օր Հայաստանի օդը չե՛ն շնչեր, բայց այս կեդրոնը Արարատի եւ Հայաստանի օդին միացումն է որ կը կատարէ. եւ մենք ու մեր զաւակները արժանի ենք այս նուիրական կեդրոնին եւ բոլորիս պարտքն է պահել զայն եւ փոխանցել միշտ յաջորդ սերունդներուն։
Այնուհետեւ Թորոս Պապիկեան բեմ հրաւիրեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Սրբազանը նշեց թէ հաւաքական աշխատանքն է որ արդիւնք կու տայ եւ հրաշքներ կը գործէ։ Ան բարձր գնահատեց բարերաներուն, ազգայիններուն, յանձնախումբերուն եւ ժողովուրդին ցուցաբերած գուրգուրանքն ու յարգանքը Հայ Կեդրոնի շինութեան նկատմամբ եւ բարձրաձայնեց «իւրաքանչիւրիդ վարձքը կատար»։ Սրբազանը անդրադառնալով այսօրուայ հայ իրականութեան շեշտեց կարեւորութիւնը բարեզարդելու, աշխոյժացնելու եւ վերանորոգելու մեր սփիւռքեան կառոյցները ըլլան անոնք դպրոցներ թէ կեդրոններ, որպէսզի բոլորս ալ վերանորոգ կամքով շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնները դաստիարակելու սերունդներ հայ շունչով ու հայ ոգիով անոնց աչքերը սեւեռելով դէպի Հայաստան, դէպի մեր սրբազան լեռը։
Հինգ տասնամեակներէ ի վեր այս կեդրոնը կը շնչէ միշտ նո՛ր ուժ ու նո՛ր կեանք տալով իր ժողովուրդին։ Հայ եկեղեցին յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ. ազգային մարմինները կը խրախուսեն ժողովուրդը միշտ բարձր պահելու ազատասէր հայու ոգին եւ անխոնջ կերպով հետապնդելու Հայ Դատը. Հորիզոն շաբաթաթերթը իր յօդուածներով կը հանդիսանայ հայակերտումի դարբնոց՝ հայ լեզուի պահպանումով, մեր հոգեւոր, մշակութային, բարոյեական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն տարածումով ու պաշտպանութեամբ. ՀՕՄ-ը իր ժրաջան մեղուներով սատար կը կանգնի Սուրբ Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանին ու հայութեան ամենուրէք սկսած Հայաստանէն, Արցախէն հասնելով մինչեւ Լիբանան ու Սուրիա. ՀՄԸՄ-ը իր «Կամք» մասնաճիւղով հայրենասիրական ոգին կը փոխանցէ նոր սերունդին, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղը իր մշակութային ու կրթական առաքելութեամբ երգով, նուագով, պարով, թատրոնով, գրադարանով, գրատարածով, պատմութեան ժամով, ցուցահանդէսներով ու զանազան ձեռնարկներով աշխոյժ կը պահէ մեր գաղութը։ Այս կեդրոնէն ներս, միասնական ճիգերով կը դիմագրաւենք մեր առջեւ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները, եւ կը շարունակենք մեր պայքարը ջահը փոխանցելով սերունդէ սերունդ։
Photos: Armen Alemian