«Պաշտպանելով Արցախը՝ պաշտպանենք Հայաստանը». ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի մէջ կայացաւ զօրակցական հաւաք
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 5-ին Մոնթրէալի ՀՀ հիւպատոսութեան գրասենեակին դիմաց կայացաւ հանրահաւաք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամներ։ Ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի զօրակցական հաւաքը կայացաւ համաժամանակ Երեւանի մէջ ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խորհրդարանական ընդդիմութեան «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու նախաձեռնած «Պաշտպանելով Արցախը՝ պաշտպանենք Հայաստանը» խորագրով հանրահաւաքին։
«Արցախը ծախու չէ», « Ազատութիւն գերիներուն», «Նիկոլ հեռացի՛ր» եւ նմանատիպ վանկարկումներով երիտասարդները իրենց բողոքն ու ընդվզումը յայտնեցին Պատուոյ Հիւպատոսին: Յանուն երիտասարդութեան հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ – Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Թալիա Ճապրայեանը: Ան նշեց, որ արցախահայութիւնը այս օրերուն բազում խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, ըլլայ կենցաղային, անվտանգային թէ բարոյական, իսկ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւնները արհամարհելով արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ճիգ չեն խնայեր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բարելաւելու իրենց յարաբերութիւնները: «Այսօր, բոլորս հաւաքուած ենք ո՛չ ըսելու անարդարութեան, ո՛չ ըսելու հողատուութեան, ո՛չ ըսելու դաւաճանութեան եւ կանգնելու արցախահայութեան կողքին», նշեց ընկհ. Ճապրայեան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց, շեշտելով, որ Ցեղասպանին հետ սեղան նստիլն ու համաձայնութիւններ մշակելը կը նշանակէ նոր ցեղասպանութիւններու ու կորուստներու առիթ ընձեռել: «Մենք վաղուց հասկցած ենք, որ բանակցութիւններու աշխարհին մէջ ուժի նժարն է ծանրակշիռ, ուստի, մեր փրկութիւնը պէտք է փնտռենք միասնութեան ու ազգայի մտածելակերպի մէջ՝ ժամ առաջ վանելով այս դաւաճան կառավարութիւնը», շեշտեց ան:
Հաւաքի աւարտին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան կողմէ ստորագրուած եւ ՀՀ գործող իշխանութիւններուն հասցէագրուած նամակ մը յանձնուեցաւ Քեպէգի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեանին։ Նամակին մէջ յատկապէս կը նշուի.
«2018-էն ի վեր, համերաշխութեան թաւշեայ խոստումներով երկրի ղեկին յայտնուած ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքականութեան պատճառով՝ հայ ազգը երկփեղկուեցաւ ու վերջապէս՝ հասաւ պառակտման: Աւելի ուշ, 2020-ի Սեպտեմբերին, նոյն ղեկավարութեամբ դիմակայեցինք թուրք-ազերիական յարձակումը Արցախի վրայ, որ աւարտեցաւ նոյն տարուայ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի ու յանձնուողական համաձայնութեամբ:
Այդ օրէն ի վեր, թշնամին կանգ չէ առած իր ոտնձգութիւններուն ու սպառնալիքներուն մէջ: Անոր ոտքն ու ստուերը առ այսօր դեռ Սիւնիք, Գեղարքունիք, Խրամորթ է ու Փառուխ: Այս բոլորին ի տես, Հայաստանի ներկայ վարչախումբը կը խօսի «խաղաղութեան դարաշրջան»ի ու հայ-թրքական «եղբայրութեան» մասին: Իսկ անոր ղեկավարը, Ապրիլի 6-ին, բանակցութիւններու սեղան պիտի նստի ազերի բռնապետին հետ՝ նոյն այդ «խաղաղութեան դարաշրջան»ի կեղծ ու հայրենակործան օրակարգով: Պահը ճգնաժամային է եւ օղակը արագօրէն կը սեղմուի Արցախի ու Հայաստանի շուրջ:
«Ի տես այս բոլորին՝ մենք, ցեղասպանութենէ ճողոպրած ժողովուրդի ժառանգներս, Հայաստանը գրաւած բազում օտար ներխուժողներու անկումը սերտածներս ՝ վերստի՛ն պիտի ընդվզինք եւ վերջ տանք մեր տունէն ներս թափանցած պարտուողականութեան ու անձնատուութեան բիծին։
«Ապրիլի 6-ին ու անկէ ետք՝ կարելի չէ՛ որեւէ զիջումի անուան տակ՝ հարցականի տակ դնել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները, ինքնիշխանութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
«Ապրիլի 6-ին եւ անկէ ետք՝ կարելի չէ՛ սակարկութեան նիւթ դարձնել Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր յաջորդած՝ մեր հայրենազրկման աղաղակող փաստը:
«Վերջապէս, Ապրիլի 6-ին եւ անկէ ետք՝ կարելի չէ՛ շարունակել հայրենական կորուստներու այս գահավէժ ընթացքը ու ձեւացնել՝ որ յօգուտ Հայաստանի է այս բոլորը»: