Խորհրդակցական հանդիպում`առաջնորդ սրբազան հօր եւ Գանատայի հայկական վարժարաններու տնօրէններու միջեւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրի աշխատանքային ծիրէն ներս եւ անսալով «Սփիւռ­քի ներ­կան վերա­կազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու» Վեհափառ Հայրապետի կոչին, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, Շաբաթ, 19 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ Գանատայի ամէնօրեայ վարժարաններու տնօրէններուն, նպատակ ունենալով՝ միատեղ ջանքերով մտածելու Գանատայի տարածքին Հայ դպրոցներու առանցքային կարեւորութեան մասին եւ միասնական ճիգերով անոնց ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու համար։

Սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հոգեշնորհ Տ. Պօղոս Վրդ. Գազանճեան (Նարեկ Վարժարան), Տիար Շահէ Թանաշեան (Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարան), Տիար Րաֆֆի Սարգիսեան (ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարան) եւ Օրիորդ Լոռի Ապրագեան (Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան)։ Առաջնորդ Սրբազան Հոր կողքին էին Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ Տեարք Հրաչ Գասպար, Ալֆրետ Պօղոսեան եւ Դիւանապետը։

Հանդիպման ընթացքին հիմնականօրէն արծարծուեցան ու քննարկուեցան Հայ վարժարաններուն վերաբերող հետեւեալ օրակարգերը.-

-Սփիւռքի Հայ Դպրոցը՝ 2025 թուականին։ Հակիրճ ներկայացումներ տնօրէններուն կողմէ։

-Հայ Դպրոցի կարիքներն ու մարտահրաւէրները։

-Հայ Դպրոցի առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ. Տեսակէտեր եւ կարծիքներու փոխանակում։

-Այլ դպրոցական ծրագիրներ որոնք օգտաշատ են Հայ Դպրոցին համար։

Հանդիպումը ընթացաւ շինիչ կարծիքներով զեղուն։ Հաստատուեցան կարեւոր  աշխատանքային ծրագիրներ։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Հայ վարժարաններուն տարած անխոնջ աշխատանքները՝ ի խնդիր նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան, գնահատեց տնօրէններուն ու ուսուցիչներուն վաստակը, շեշտելով, որ հայ դպրոցը օրրան է ու ազգային գանձը գանատահայ գաղութին եւ այդ հաստատութիւններէն շրջանաւարտ աշակերտները պէտք է դառնան մեր գաղութի վաղուան ղեկավարները, մեր հաստատութիւններուն եւ արժէքներուն պահապանը՝ համայնքային կեանքէն ներս իրենց բերած գործնական ներդրումով։

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.