December 16, 2025
Հայ Սահմանապահներուն Կողմէ Ձերբակալուած Երկու Ազրպէյճանցի Զինուորները Վերադարձուեցան
- (0)

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ հայ սահմանապահներուն կողմէ 18 դեկտեմբերին ձերբակալուեցան ազրպէյճանցի զինուած ուժերու երկու սահմանախախտ զինուորներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ 20 դեկտեմբերին, մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, նշուած զինուորները վերադարձուած են ազրպէյճանական կողմին: