Միշելի Հետ Իրենց Եռակողմ Հանդիպումի Ընթացքին. Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են Երկաթուղիի Վերագործարկման Համաձայնութիւնը
Պրիւքսելի մէջ Դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի, ինչպէս նաեւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է վերոնշեալ յայտարարութիւններուն լիարժէք կեանքի կոչումը, մասնաւորաբար ընդգծելով մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը` պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ քաղաքայիններու վերադարձի ապահովումը: Անդրադարձ կատարուած է շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են երկաթուղիի վերագործարկման համաձայնութիւնը: Ըստ այնմ` երկաթուղին պիտի գործէ սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններու համաձայն, փոխադարձութեան սկզբունքով, երկիրներու գերիշխանութեան ու իրաւազօրութեան տակ:
Հայաստան երկաթուղիով հասանելիութիւն պիտի ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսիա:
Կարեւոր նկատուած է շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկումը:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման իրականացման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ վստահութեան հաստատման ուղղուած հաւանական քայլերուն:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները: