Սրբազան Համերգ Վանգուվըրի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 35Ամեակին Առթիւ

Այս տարի տարբեր էր Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ամեակի նշումը։ Առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Գարեգին Վրդ․ Շխրտմեանի, 4 Դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 7-ին, 30 դպիր-դպրուհիներ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալէն այս առթիւ ժամանած եկեղեցւոյ նախկին դպրուհի՝ Սօփրանօ Սեւան Քէօշկէրեան, հնչեցուցին հայ հոգեւոր երգերը, հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծելով ներկաներուն, որոնք առաւել քան 200 անձեր կը հաշուէին։

Եկեղեցին լեցուն էր Վանգուվըրի հայ համայնքի զաւակներով, բարերարներով եւ միութեան ներկայացուցիչներով: Հոգեւոր Հովիւին հրաւէրով, ԱՄՆ-էն ժամանած էր եկեղեցւոյ բարերարին՝ Տիար Յակոբ Պարտագճեանի զաւակը՝ Տիար Գրիգոր Պարտագճեանը․ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Ս. Վարդան Հայ.Առաք․ Եկեղեցւոյ hովիւ՝ Տէր Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէութեան ներկայացուցիչը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, Ազգային երեսփոխաններն ու տեղւոյն կոմիտէութիւնը եւ գաղութի միութիւններու ներկայացուցիչները։

Համերգը սկիզբ առաւ դպրաց դասի հրեշտակային ձայնով՝ Տէրունական աղօթքով։ Ապա, բացման խօսքով Տիկին Անի Միսաքեան-Եագուպեանը ողջունեց ներկաները․ ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Հայ եկեղեցւոյ շարականները, մեղեդիներն ու գանձերը մեր պատմութեան մէջ իրենց իւրայատուկ տեղն ու արժէքը ունեցած են, հնչած են միջազգային բեմերու վրայ, միշտ հիացնելով հայ եւ օտար ունկնդիրները․ ո՞վ կրնայ ուրանալ անոնց հրաշագործ ազդեցութիւնը հայ եկեղեցական ծիսական կեանքէն ներս”: Ան շնորհակալան խօսքեր ուղղեց Հայր Սուրբին,  որ նման միջոցառումներով գաղութը կը համախմբէ եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ:

Երեկոն ընթացաւ բարձրորակ մեկնաբանութիւններով․ իրարայաջորդ հոգեւոր երգերը ու շարականները գուլա գուլա խունկի պէս, վեր՝ Աստուծոյ մօտ կը փոխադրէին հանդիսատեսներս:

Համերգի կիսուն, խօսք առաւ եկեղեցւոյս  հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Օհան Կիւրեղեանը։ Ան ակնարկ մը նետեց եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, եւ ամփոփ զեկոյց մը տուաւ տարուած բոլոր աշխատանքներուն մասին։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայր Գարեգինին, իր բծախնդիր աշխահանքին համար, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան՝ որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու ձեռնարկը։ Իր խօսքի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սօփրանօ Սեւան Քէօշկէրեանին եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց գործով միշտ իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերած են եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ան նաեւ, կարդաց Գանատայի Խորհրդարանի անդամ «Պըրնըպի եւ Հիւսիսային շրջաններու» Թէր Պիչ-ի Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին յղած շնորհաւորական մաղթանքները ուղղուած Եկեղեցւոյ եւ գաղութին։

Երեկոն շարունակուեցաւ։ Իր լրջութեան մէջ ճոխ էր յայտագիրը մեներգներով, զուգերգով, խմբային երգերով, կիթառի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։

Աւարտին, Հայր Գարեգինը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց գօտեպնդող ներկայութեան համար։ Շնորհակալութեամբ յիշեց, որ այս համերգին հովանաւորութիւնը սիրով ստանցնած էին Տիրար Ճորճ եւ Պարպրա Աղազարեան ամոլը․ ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, «այսօր այս սրբազան համերգին ճամբով, մենք ուզեցինք առաջին հերթին Աստուծոյ հետ առանձնանալ, եւ այդ առանձնութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, որ արդէն 35 տարիէ վեր կը գոյատեւենք հակառակ անցնող բոլոր դժուարութիւններուն։ Նաեւ, ցոյց տալու ձեզի, որ մեր եկեղեցիէն միշտ ծնած են մեր դպիրներուն պէս նուիրեալ ծառայողներ, որոնք կը սիրեն մեր եկեղեցւոյ շարականները, մեր հայոց արժէքներն ու մշակութային հարստութիւնները։ Թող այսօր ցնծայ հոգին բոլոր այն բարերարներուն եւ անհատներուն, որոնց ճիգը երախտիգ եղած է մեր եկեղեցւոյ համար»։

«Կիլիկիա» երգէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան «Լազարեան» սրահ ներկայ գտնուելու  Տիկնաց Միութեան պատրաստած հիւրասիրութեան։

Սրտաշարժ եւ իւրայատուկ էր պահը, երբ նուիրատուներն ու դպիրները 35ամեակի կարկանդակին շուրջ մոմեր վառած, երգելով ուխտեցին վառ պահել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, անսակա՛րկ եւ անշահախնդիր, ի նպաստ հայ ժողովուրդին:

Մեղրիկ Սիւլահեան  Չափանեան

Լուսանկար՝ Արքայ Մովսէսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.