Յոբելենական «Ժամանակ»ի ահազանգի շեփորը

Հայ մամուլը երկու դարերու վրայ երկարող իր անցեալով՝ Պոլիսէն մինչեւ Վենետիկ, Վան, Կարին, Փարիզ եւ այլուր, հարուստ աւանդ ունի:

Հայ մամուլի տարեգրութեանց մէջ, սփիւռքահայ մամուլի նահապետներէն՝ «Ժամանակ»ը կը նշէ իր 114-րդ յոբելեանը:

«Ժամանակ»ի երկարամեայ գոյատեւումը հայ մամուլի երկնակամարին վրայ իրագործուեցաւ շնորհիւ անոր հիմնադիր Գոչունեան գերդաստանի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն անշահախնդիր զոհողութեան ոգիին, որոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեցին լրագրողի յանձնառու կեցուածքով:

Կիզակէտ ունենալով արեւմտահայաստանի եւ Պոլսոյ համայնքային, գրական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի զարգացման պատմական գործընթացն ու հոլովոյթը՝ «Ժամանակ»ի էջերով հրապարակախօսներու կողմէ համակողմանի քննարկման ենթարկուած է է ազգային կեանքը եւ արխիւագրուած է «Ժամանակ»ի տոմարներուն մէջ։

114 տարիներու հարուստ լրատուական ժառանգութիւն եւ աւանդ ունեցող օրաթերթը, դիմագրաւելով հանդերձ 21-րդ դարու գիտարուեստի զարգացման հետ առնչուող մարտահրաւէրները՝ համարկուելով արդի լրատուահամակարգին մէջ՝ դիմակայած է եւ ցայսօր կը գոյատեւէ։

«Ժամանակ»ը՝ կարգախօսէ անդին ինքնուրոյն եւ համակ լրատուական տենդով առկայծող օրաթերթ եղած է, որուն էջերով վիճարկումի ենթարկուած են համայնքային հիմնահարցեր:

Ժամանակ»ը նպատակաուղղուած ձեւով հետամուտ եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, կատարած է առաջնորդող փարոսի դեր, միշտ գործելով անաչառ:

Այս յոբելեանին անդրադառնալով, «Ժամանակ»-ի 2021, 28 հոկտեմբեր թուակիր խմբագրականը ահազանգ կը հնչեցնէ։ Օրաթերթի տնտեսական անձուկ վիճակը պարզող խմբագրականը կը շեշտէ, որ «Ժամանակ»ը կ՚ապրի տագնապալի օրեր, ընդհուպ մինչեւ գործունէութեան դադրեցում՝ չըսելու համար օրաթերթի ընդմիշտ փակում։ Պատմութեան այս ժամանակահատուածին, նման տագնապալի իրավիճակով են պարուրուած յատկապէս Սփիւռքի տպագիր լրատուամիջոցները, որոնցմէ շատեր, օրհասական պայքար մղելով է, որ դեռ եւս կը պահպանեն իրենց գոյութիւնը։

Խմբագրականին մէջ կը շեշտուի նաեւ համայնքային ներքին տարակարծութիւններու առկայութիւնը, որոնք խորապէս ազդած են Օրաթերթին վրայ։ Չորրորդ իշխանութեան՝  մամուլին առաքելութիւնն է հասարակութեան հաղորդել ու ներկայացնել առկայ իրադարձութիւնները անկողմնակալ ու առարկայական մօտեցումներով, տեղ տալով  բազմակարծութեան եւ այլակարծութեան։ Այս ծիրէն ներս, «Ժամանակ»ը միշտ յարգած է լրատուական կանոնակարգն ու ուղենիշները, իր էջերով հրապարակելով հաւասարակաշռուած ու կշռադատուած տեսակէտեր։

Նահապետական նման լրատուամիջոցի մը առաջին զօրակցողը պէտք է ըլլայ տեղւոյն համայնքը, որովհետեւ, ի վերջոյ այդ համայնքի ամբողջ պատմագրութիւնն ու ժամանակագրութիւնն է որ արխիւագրած է թերթը եւ տասնամեակներու թաւալումին հետ դարձած է համայնքը ցոլացնող հայելին։

Ահազանգի տարողութեան լրջութեան եւ վերահաս վտագնին պէտք է իրազեկ ըլլայ նաեւ համայն Սփիւռքը, յիշելով այն իրողութիւնը, որ պոլսահայ մշակութային արժէքներուն մաս կազմող այս թերթը այսօր կարիքը ունի օգնութեան ձեռքերու։ Այս գետնի վրայ, զօրակցութեան ու աջակցութեան առաջին նախաձեռնողները կրնան հանդիսանալ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ գործող Պոլսահայ Միութիւնները։

Որպէս հայ մամուլի հաւատարիմ ծառայ, դժուար ու ժանտ ժամանակներուն դէմ դիմակայած «ժամանակ»ը՝ իր ուրոյն դերը ունեցած է անցնող 114 տարիներու ընթացքին եւ եւ խիզախօրէն կատարած է իր առաքելութիւնը։

Շնորհաւոր տօնդ՝ «Ժամանակ»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ժամանակ»ի խմբագրականը։

«Հորիզոն»

«Ժամանակ» Օրաթերթը Հիմնադրութեան 114-րդ Տարին
Կը Թեւակոխէ Անդունդի Եզրին

«Ժամանակ» օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 114-րդ տարին: Սա կ՛երեւի այս թերթի պատմութեան ամենատխուր տարեդարձն է, որովհետեւ կրնայ ըլլալ արդէն վերջինը: Ծանր տագնապի պայմանները, փոթորկալի երկարատեւ շրջանը անդունդի եզրին բերած են հայ մամլոյ նահապետը: Մտահոգ ենք խորապէս:

Տարի մը առաջ, ճի՛շդ այսօր` հոկտեմբերի 28-ին, նախորդ տարեդարձի մեր խմբագրականին մէջ ահազանգ հնչեցուցած էինք, որ «Ժամանակ»-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ: Վերյիշենք. «Սա պիտի ըլլայ կա՛մ այս թերթին վերածնունդը եւ կա՛մ վախճանը: Հանելո՞ւկ…»: Մէջբերումին մէջ նշուած հանելուկը ամբողջ տարի մը զուգորդուեցաւ հակասութիւններով: «Ժամանակ»-ին դէմ յանդիման մնացած սպառնալիքը պոռթկում յառաջացուց այս թերթի` ամբողջ աշխարհի ընթերցողներուն եւ համակիրներուն մօտ: Բոլորը ո՛չ միայն վերահաստատեցին իրենց կապը այս թերթին հետ, այլեւ շեշտելով շեշտեցին անոր առաքելութեան կարեւորութիւնն ու յարատեւութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ոմանք նոյնիսկ նիւթական զոհողութիւններ յանձն առին այս ինքնուրոյն լրատուամիջոցին զօրակցելու համար: Այս բոլորը շատ թանկ էր մեզի համար, անգնահատելի արժէքով եւ անփոխարինելի ջերմութիւնով: Աշխատելու թարմ եռանդ կ՛առթէր մեզի, արտադրելու նոր յամառութեան կը մղէր: Բայց միւս կողմէ ալ կարելի չէր ըլլալ կասեցնել այս հաստատութեան եկամուտներու անհամեմատ անկումը: Հանելուկի հարցականները խորացան ու խորացան, թանձր անորոշութիւն մը սկսաւ պատել մեր շուրջը:

«Ժամանակ» թէեւ վաղուց դարձած է համահայկական հաղորդակցութեան հարթակ մը, սակայն անոր բնօրրանը առաջին հերթին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի եզակի միջավայրն է ինչ-ինչ առանձնայատկութիւններով: Ան պոլսահայութեան հաւաքական ձայնն է, ընդհանրական խօսափողը, հաւաքական պատուհանը, հայելին: «Ժամանակ»-ի առաքելութեան եւ կոչման տրամաբանական շարունակութիւնն է այս հանգամանքը, հասկնալիօրէն: Անցեալ տարուան մեր ահազանգէն ի վեր միակ անտրամաբանականը եւ անհասկնալին եղաւ այս համայնքի վարչայիններու անտարբերութիւնը, լռութիւնը: Թէեւ` առաջին հայեացքով անտրամաբանական ու անհասկնալի, սակայն, խորքին մէջ, զարմանալի կամ անակնկալ չէ այդ անտարբերութիւնը, լռութիւնով հանդերձ: Սա նոյնիսկ հաւաքական մեծ ցաւի մը դրսեւորումն է: Սա կու գայ վերահաստատելու, թէ որքա՛ն մեծ անջրպետ մը յառաջացած է այս համայնքի հոգեւորական թէ աշխարհական վարչայիններուն եւ ինքնութեան պահպանման համար զգայնութիւններով տոգորուած «շարքային» անհատներուն, պարզ ու սովորական, պատուական մարդոց միջեւ:

Վերջին քանի մը տարիներուն մեր համայնքէն ներս արշաւ մը սանձազերծուած է «Ժամանակ»-ին դէմ, հրահրուած է արհեստական հոսանք մը, կարգ մը շրջանակներ ակնյայտօրէն թիրախաւորած են այս թերթը: Աւելորդ է յիշեցնել, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը երկարատեւ տագնապ մը դիմագրաւած է թրքահայութիւնը: Այժմ միայն մասամբ յաղթահարուած այդ տագնապը պատճառ դարձած է պառակտումներու, ծնունդ տուած է բեւեռացումներու: Համատարած ձեւով մարդիկ իրարմէ օտարացած եւ իրարու դէմ թշնամացած են: Սա ուղղորդուած է պիտակաւորումներով, մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով: Իւրաքանչիւր բեւեռ փափաքած է ծունկի բերել միւսը, իւրաքանչիւր ճամբար ուզած է ոչնչացնել միւսը: Այս ողբերգական պայմաններուն ներքեւ չեն խնայուած հաւաքական շահերը, եւ անտեսուած է միասնականութիւն պահելու հրամայականը: Երկարատեւ այս շրջանին «Ժամանակ» այդ բեւեռներէն որեւէ մէկուն չէ պատկանած, փորձած է մնալ անկախ ու միշտ ցոյց տուած է համերաշխութեան ու ներդաշնակութեան, հաւաքական պատասխանատուութեան ճանապարհը: Թէեւ փորձած է հաւասար հեռաւորութիւն պահել բոլոր ճամբարներուն հետ, սակայն անոնք բոլորով վանած են այս թերթը:

Ու տակաւին այն վարչայինները, որոնք չեն կրցած տագնապին լուծում գտնելու համար կամք դրսեւորել, սկսած են աչքի փուշ համարել «Ժամանակ»-ը: Անոնք սկսած են անհանգստանալ այս թերթի գոյութենէն, որովհետեւ անոր հայելիէն սկսած է ցոլացնել իրենց անգործութիւնն ու ամլութիւնը: Ոմանց համար իսկապէս շատ ջղագրգիռ ըլլալ սկսած է «Ժամանակ-ի բարձրացուցած ձայնը, որ ժամանակներու մաղէն անցած ըլլալով` կ՛արդարանայ երկարաժամկէտ: Ընդհանրապէս մարդիկ որքան որ կը հեռանան ժառանգութենէն, կը կտրուին լեզուէն, կարծես այնքան կը թշնամանան հայերէն թերթին: Այդ կէտէն սկսեալ նոյն շրջանակները չեն վարանած շարժման անցնիլ` պատժելու համար այս թերթը` տեսնելով ու համոզուելով, թէ պիտի չկարողանան գնել զայն: Սիսթեմաթիք ձեւով դադրեցուած են «Ժամանակ»-ին տրուած ազդերը, որպէսզի նուազին անոր եկամուտները: Հակաքարոզչութիւն սկսած է այս թերթին դէմ` զանազան հարթութիւններու վրայ, եւ ան դատապարտուած է անարդար ու անհաւասար մրցակցութեան: Թուրքիոյ հնագոյն օրաթերթին, ամբողջ հայաշխարհի երիցագոյն օրաթերթին այս համայնքէն ներս գոյատեւելը հետզհետէ բեռ մը համարուիլ սկսած է, դժբախտաբար: Այն մարդիկ, որոնք այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը կը տնօրինեն, որոշած են թաղել այս թերթը, որ անկախ ու անաչառ մնալու համար կը յամառի, իրենց վերահսկողութենէն դուրս կը մնայ եւ չի՛ գնուիր ու չի՛ յանձնուիր: «Ժամանակ»-ին դէմ հաշուեյարդար սկսաւ. ահա՛ մեր անկախ մնալու ձգտումին, անհրաժարելի սկզբունքին ծանր փոխարժէքը…

Ի՞նչ պիտի ընէին կամ այլապէս ի՞նչ կրնան ընել անոնք, որոնք այս համայնքին միջոցները տնօրինելով հանդերձ, չեն յաջողիր անոր խնդիրները լուծել: Անոնք կը կառավարեն հաստատութիւններ, որոնք շեղած են իրենց բուն առաքելութեան ճանապարհէն, մանաւանդ` դպրոցներ, որոնք չեն ծառայեր իրենց լինելութեան նպատակին: Անոնք կրնա՞ն մարսել «Ժամանակ»-ին նման թերթ մը, որ իրենց եւ իրենց կառավարած կառոյցներու այլասերումը չ՛արդարացներ ու կը մերկացնէ լոկ իր գոյութեամբ: Ո՛չ, անշո՛ւշտ ոչ, ուստի անոնք ահա գործադրութեան դրած են իրենց «յարիր» բեմագրութիւնը, որուն համար անգտանելի շղարշ մը դարձած է նաեւ համաճարակի դժուարութիւններու չքմեղանքը:

«Ժամանակ» փորձած է դիմադրել այս բոլորին դէմ, անշուշտ` արժանապատիւ ձեւով ու առանց խանգարելու այս համայնքին անդորրը: Բոլորին հետ բաց պահած է երկխօսութեան դուռը, բայց` ապարդիւն: Կարելի չէ եղած դրական տեղաշարժ մը ապահովել, որովհետեւ մարդիկ վաղուց դադրած են սկզբունքի եւ արժէքի հասարակաց յայտարարին վրայ գործելէ: Եւ այսպէս, տագնապը խորանալով` շարունակուած է քանի մը տարիէ ի վեր: Ճակատագրին լքուած այս թերթը մեծ դիմադրութիւն եւ ճկունութիւն ցոյց տուած է` շատ սահմանափակ միջոցներով յառաջ երթալու, չնահանջելու առումով: Այս դաժան պայմաններով իսկ թերթը պահած է իր ձգողականութիւնը` Պոլիսէն եւ աշխարհի ամէն կողմէն հեղինակներու` մանաւանդ երիտասարդներու պարագային, որոնք ի վիճակի են արեւմտահայերէնով արտադրելու: «Ժամանակ»-ի կայունութիւնը չխաթարելու համար միջոցներ որոնուած ու մասամբ ալ գտնուած են առանց խմբագրական անկախութիւնը դոյզն իսկ ստուերի տակ թողելու: Յամենայն դէպս վերջին քանի մը ամիսներուն օրհասական այնպիսի պայմաններ ստեղծուած են, որ յաջորդ օրուան հարցը մետասաներորդ պահուն լուծելու վիճակը հունէ դուրս բերած է թերթին բնականոն գործունէութիւնը: Հրատապութեան աստիճանը կաթուածահար ըրած է մեր աշխատանքը: Այս ամբողջը եղած է առանց մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն զգալի դարձնելու, բայց այլեւս դանակը հասած է ոսկորին: Առկայ վիճակով ո՛չ կարելի է այս որակով օրաթերթ մը պատրաստել, ո՛չ կարելի է համացանցի կամ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն ունենալ, ո՛չ կարելի է անկախ լրատուամիջոց մը ըլլալ եւ ո՛չ ալ կարելի է այս կառոյցի կայունութիւնը երաշխաւորել: Այլեւս անկարելի դարձած է` արտադրելով դիմադրելը:

Հիմնական ափսոսալի կէտը այն է, որ առաքելութիւնը չաւարտած եւ նոր ժամանակներու պայմաններով ապագայ մը կերտելու համար բաւարար ներուժով լրատուամիջոց մը այսքան խոցելի դարձած է թրքահայ իրականութեան մէջ: Այնքան անպաշտպան դարձած է, որ եսակեդրոն ու եսապաշտ, կարճատես մարդիկ կը յաջողին խափանել անոր գործունէութիւնը` մսխելով անժամանակ եւ անժամանցելի արժէք մը: Անոնք կը մերժեն այս հաստատութեան մեծ պաշարը: Սա է դառն իրականութիւնը, որուն հետ հաշտուիլ թէեւ կարելի չէ, բայց անոր ակամայ ենթարկուելու վտանգը այսօր բաւական ուժով կը թակէ «Ժամանակ»-ի դուռը: Ուրեմն հիմա մեզի կը մնայ երկու գլխաւոր հաստատում ընել:

 

***

Առաջին. որքան որ ալ վերջին անգամ ըլլալու հաւանականութիւնը բարձր ըլլայ, մեր պարտքը պէտք է հատուցենք պատմութեան առջեւ: Տարեդարձի օրուան յուզումով` երանութեամբ կ՛ոգեկոչենք «Ժամանակ»-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները` Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները: Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ: Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը: Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ` վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար: Մեր սրտի տրոփին մէջ են` Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն: Կ՛աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղլու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար: Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիք պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչական սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար: Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը` արդէն 114 տարիէ ի վեր:

 

***

Երկրորդ. մեր պատասխանատուութիւնն է` յաչս մեր ընթերցողներուն, միշտ անկեղծութեան ու թափանցիկութեան ոգիով: Թերթիս վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը այլեւս այստեղ պաշտօնապէս յայտարարուած ձեւով կը գործեն տագնապը մինչեւ վերջին պահը կառավարելի ու վերահսկելի պահելու վճռակամութեամբ: Մեր որոնումները կը կեդրոնանան թերթիս տեսանելի ապագան կայունացնելու նպատակին վրայ, որպէսզի ապա հերթը գայ աւելի հեռահար նախաձեռնութիւններու: Մեր ընթերցողներուն եւ համակիրներուն կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի իրենց հնարաւորութիւններով մասնակցին «Ժամանակ-ի համար զօրակցութիւն ապահովելու ուղղեալ շարժման: Շօշափելի նորութիւններու կամ կարեւոր իրադարձութիւններու պարագային անպայման անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կը տրուին մեր կողմէ: Կը սիրենք յուսալ, որ այս մղձաւանջը վերջանայ, եւ բախտը ժպտի մեր երեսին:

***

Սա «Ժամանակ»-ի վերջին խմբագրականը չէ՛ ու ամէն ձեւով, մինչեւ վերջ, առանց վհատելու պիտի պայքարինք, որպէսզի չըլլայ նաեւ նախավերջինը:

Աստուած մեզի պահապան…

28 հոկտեմբեր 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.