Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

Դաշնակցութեան 131-ամեակի յիշատակումը Հալէպի մէջ աւանդաբար դարձած է ժողովրդային համախմբումի օր: Օր մը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հալէպահայեր կը ժամանեն հանդիսութեան վայր` ունկնդրելու Դաշնակցութեան խօսքը հայութիւնն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հայ համայնքապետներու, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամներու, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն, Քեսապէն եկած ազգայիններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամին, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, Բերիոյ հայոց թեմի քահանայից դասուն, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային, հայրենակցական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ հերոսներու ընտանեկան պարագաներուն, երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ:

Սրահի մուտքին հանդիսատեսները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած ազգային-յեղափոխական երգերով: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Բեմին վրայ տեղադրուած պաստառին վրայ կ՛արտացոլային ժողովուրդին հետ մէկ ամբողջութիւն դարձած, անոր իղձերուն մարմնաւորումը հանդիսացած կուսակցութեան խորհրդանիշները:

Արաբերէն բացման խօսքով Յարութիւն Սիւնպիւլեան վեր առաւ հարենասիրութեան գաղափարը եւ անոր գերագոյն նպատակներուն համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն պատգամը:

Հայերէն բացման խօսքով Սեւանայ Հալլաճեան անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեայ անխոնջ աշխատանքին` յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, հայրենիքի կերտման եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացման:

Գեղարուեստական յայտագիրին բացումը կատարեց Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, որ յաջորդաբար քառաձայն երգեցողութեամբ ներկայացուց «Առաքել Մուշեղ», «Թիկունքդ լայն», «Ելիր ի զէն», «Սիրիայից Շուշի» երգերը: «Մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է» երգին մենակատարն էր Եղիա Քիլէճեան: Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն էր մայեսթրա Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան, դաշնակով խումբին կ՛ընկերակցէր դաշնակահար Լիզեթ Սերայտարեան-Աւընեան:

Այնուհետեւ Վիգէն Չաղլասեան Անդրանիկ Ծառուկեանէն եւ Պարոյր Սեւակէն բանաստեղծութիւններու համադրում մը ասմունքեց:

Հանդիսավարներ Սագօ Խալոյեան եւ Քրիստին Համմասեան, Պերճ Պօղիկեանի պատրաստած ՀՅԴ պատմութիւնը ամփոփող տեսերիզի ցուցադրութեան առընթեր, ներկայացուցին Դաշնակցութեան 131-ամեայ գործունէութիւնը:

Շրջանի խօսքը արտասանեց տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան: Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ անցնող երկու տարիներուն կազմակերպութեան ջանքերուն շնորհիւ իրականացած քաղաքական, պետական-յարաբերական, ցուցական-քարոզչական եւ համայնքային աշխատանքներուն, ապա եզրափակելով ըսաւ, որ կազմակերպութիւնը յանուն ժողովուրդին եւ հայրենիքին պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ 131-ամեայ իր երթին` նորանոր նուաճումներու ձգտելով:

Ընթերցուեցաւ այս առիթով Ռամկավար ազատական կուսակցութեան շնորհաւորագիրը: Շնորհաւորագիրներ յղած էին նաեւ հալէպահայ միութիւնները:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան օրուան խորհուրդին ընդմէջէն ամփոփ վերլուծում մը կատարեց հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին, ապա Դաշնակցութեան ուղին եւ տարած աշխատանքները պարզեց ժողովուրդին:

Անդրադառնալով սփիւռքի մէջ թրծուած դաշնակցական երիտասարդութեան` բանախօսը, ըլլալով Հալէպի զաւակ եւ վերապրողներու սերունդի ժառանգորդ, յայտնեց, որ յանձնառու հայորդիներս, հայրենազուրկ սերունդի ամէն դառնութիւն եւ աքսոր ճաշակած, ապրած ենք անկախ Հայաստանի երազով, իսկ Հալէպը` իբրեւ հայակերտման գլխաւոր հնոց, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կերտած է Հայ դատի պայքարի աննահանջելի վճռակամութիւն:

Այնուհետեւ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց հայ քաղաքական կեանքին պարզած պատկերը 1980-ականներուն վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը` դիտել տալով, որ վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ’ապրէր, իսկ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց:

Անդրադառնալով արցախեան վերջին պատերազմին` բանախօսը դիտել տուաւ.

«Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով`

  • Մարդուժ-պահեստազօր
  • Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ
  • Քարոզչական պատերազմ
  • Նիւթական օժանդակութիւն

Հիասթափութիւնը ճնշող էր մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին»:

Ապա Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ յանուն ազգային պետականութեան վերականգնումին ընդդիմութեան տարած աշխատանքներուն, մեր հայրենիքին դիմագրաւած նորագոյն մարտահրաւէրներուն, ինչպէս` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկին, սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթներուն, Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնացող եւ Սիւնիքի կորստեան վտանգներուն: Ան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան մօտեցումները այս մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ի խնդիր:

Եզրափակելով Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերսկսի ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը, որուն կը միանան Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակենք եւ շարունակուող պատերազմին յաղթանակը վերանորոգ թափով ապահովենք:

Անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը»:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր սրտի խօսքը արտասանելով վեր առաւ 131 տարիներու ընթացքին դաշնակցական հերոսներուն զոհողութիւնը եւ Դաշնակցութեան միտքի տիտաններուն` հայրենիքի պաշտպանութեան, սերունդներու դաստիարակութեան եւ ազգային, հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման համար սփռած լոյսը:

«Դաշնակցութիւնը ո՛ւր որ ալ գնաց պաշտպանեց հայը եւ հայութեան իրաւունքը: Ցիրուցան եղած ժողովուրդ էինք, թափառական ժողովուրդ, Դաշնակցութիւնը տիրութիւն ըրաւ ժողովուրդին, յեղաշրջեց պատմութեան ընթացքը եւ դէպի յաղթանակ առաջնորդեց զինք: Դաշնակցութեան հիմնադիրները մեզի հայրենիք կտակեցին, պաշտպանեցին մեր հաւատքը, մեր լեզուն, մեր հայրենիքը: Այս կազմակերպութիւնը հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը բարձր պահեց, կերտեց սերունդներ, որոնք ամէնուր պաշտպանները հանդիսացան հայութեան:

«Բոլորս ալ երէկ հետեւեցանք նահատակներու յուշակոթողի բացման արարողութեան: Նահատակ մեր տղաքը Հալէպի հայկական մեր թաղերը պաշտպանեցին: Անոնք արիութեան այս դաստիարակութիւնը հո՛ս, ա՛յս միջավայրին մէջ ստացան եւ մեզ պաշտպանելէ ետք գացին պաշտպանելու մեր նուիրական հայրենիքը, Հայաստանը եւ Արցախը: Փա՛ռք իրենց, փա՛ռք բոլոր մարտիկներուն, որոնք հերոսական զոհողութեամբ կը պաշտպանեն մեր արժէքները, մեր սրբութիւնները», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ պահպանիչ աղօթքով եւ ՀՅԴ քայլերով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Հալէպ:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էին Վրէժ Եագուպեան, տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան եւ Յարութ Հայրապետեան:

Հանդիպումին արծարծուեցան համահայկական զանազան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը: Սրբազան հայրը զեկուցեց սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին` յայտնելով, որ Սուրիան քաղաքական եւ ապահովական առումով, համեմատաբար նախորդ տարիներուն շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուար պայմաններ:

Իր կարգին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան քաջալերական խօսքերով գնահատեց թեմի աշխուժ գործունէութիւնը եւ սուրիահայութեան մաղթեց բարօր եւ ծաղկուն տարիներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան

Սուրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին կ՛ընկերակցէին Վրէժ Եագուպեան, տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան եւ Յարութ Հայրապետեան:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թեմի կղերական դասը:

Հիւրերը այցելեցին Ս. Գրիգոր-ալ Իման վարժարան եւ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր աղօթք կատարուեցաւ ի յիշատակ նահատակներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը գերապայծառ Տիրոջ հետ զրուցեց սուրիահայ համայնքը, Հայաստանը, Արցախը եւ շրջանը յուզող հարցերու շուրջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչի Այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ ՎերԴոկտՅարութիւն Սելիմեանին

Երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ի կէսօրին, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքի հոգեւոր հովիւներ եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ ընդունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Հիւրերը` համայնքապետ վերապատուելիին գլխաւորութեամբ, մուտք գործեցին վերանորոգուած Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի, ապա միատեղ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` մաղթելով անսասան պահել Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոնց վերականգնումին ու բարգաւաճման համար ծառայող բոլոր նուիրեալները:

Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան «Շիրաճեան» սրահ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին յաջորդաբար խօսք առին համայնքապետ վերապատուելին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.