ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

20 հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ  Իշխան Սաղաթէլեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփերքինը:

Կողմերը քննարկեցին շրջանին մէջ անվտանգութեան իրավիճակին առնչուող հարցեր եւ ընդգծեցին այդ գործընթացներուն մէջ Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը: Իշխան Սաղաթէլեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններուն վերաբերեալ:

Կողմերը անդրադարձան Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան, ղարաբաղեան տագնապին` ներկայացնելով նաեւ հարցերու լուծման իրենց դիրքորոշումները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց` հայ ռազմագերիներու վերադարձին մէջ ռուսական կողմին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին հայ ռազմագերիները անյապաղ հայրենիք վերադարձնելու հարցը: Հանդիպման աւարտին կողմերը ընդգծեցին միջխորհրդարանական եւ միջկուսակցական յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.