ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահը Ընդունած Է Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` երկուշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2021-ին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանը, Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է պարոնուհի Քոքսին` տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին, Արցախին ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած վիթխարի օժանդակութեան համար: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ մը` մասնաւորապէս շրջանային քաղաքական գործընթացները եւ այդ ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի անընդունելիութեան: Փորձ կը կատարուի այդ գործընթացները իրականացնել միջազգայնօրէն ընդունուած կարգաւորումները շրջանցելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումներով եւ ուղղակի ռազմական սպառնալիքով:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է արցախեան տագնապի ներկայ փուլը, քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան, ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու եւ ռազմագերիներու ազատութեան խնդիրին վերաբերող հարցեր: Այս ուղղութիւններով նախանշուած են որոշ ծրագիրներ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.