Տիկին Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար տոլար կը նուիրէ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան

Նկատի ունենալով Լիբանանի տագնապալի կացութիւնը եւ Լիբանանահայութեան օրըստօրէ ստուարացող անմիջական օժանդակութեան կարիքները, գանատահայ ազգային բարերար տիկին Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար տոլար նուիրեց Լիբանանի հայ համայնքին ի նպաստ օժանդակութեան հանգանակային արշաւին։ Տիկին Կէօնճեանի նուիրատուութիւնը փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ յառաջացուած Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնին։

Նշենք, որ ՀՅԴ Բիւրոն Օգոստոս 4-ին յատուկ զօրաշարժի կոչ ուղղաած էր, ուր յատկապէս կ՚ըուէր. «Յանձնարարում ենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններին, երիտասարդական/ուսանողական միութիւններին, Հայ Դատի գրասենեակներին եւ յանձնախմբերին, ինչպէս նաեւ մեր ուղեկից միութիւններին` Հ.Օ.Մ., Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ., իրենց ամբողջ ներուժը կրկին զօրաշարժի ենթարկել՝ ի խնդիր Լիբանանի եւ Սիրիայի հայութեան օժանդակութեան»:

Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի նուիրատուութիւնը նպատակաուղղուած է երեխաներու կաթի ապահովման եւ կարիքաւոր հայրենակիցներու դեղորայքի գնման համար։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.