Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու հոգեւոր ժառանգութեան կացութիւնը մտահոգիչ է. Փրոֆ. Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա
1479
0
Հորիզոնի հիւրն է Գալիֆորնիոյ համալսարանի ճարտարագիտութեան եւ արուեստի պատմութեան դասախօս փրոֆեսոր Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփան։ Փրոֆեսոր Զէյթլեան հեղինակն է The missing pages. The modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice (Պակսող էջերը. Միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն) գրքին, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8 էջերուն։ Այս հազուագիւտ ուսումնասիրութեան ծննդոցին եւ Զէյթունի Աւետարանի էջերուն ոդիսականին մասին պատմեց Հեղնար Զէյթլեանը։
Յաջորդաբար ան անդրադարձաւ Արցախի Հայկական պատմական յուշակոթողներու եւ հոգեւոր ժառանգութեան սպառնացոռ վտանգին մասին, ինչպէս նաեւ Արցախի պատմական յուշարձաններու պահպանման գծով Save Armenian Monuments կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասին։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով։