Անմիջական Դասեր` Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններէն

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի կիրակի օրուան արտահերթ ընտրութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին լայնօրէն` լրջօրէն ընդգծելով կարգ մը իրականութիւններ, թէ`

ԱՌԱՋԻՆ.- Հայաստանի բնակիչներուն կէսը այլեւս անտարբեր կամ յուսահատ է տիրող կացութենէն եւ կը մերժէ քուէարկութեան մասնակցիլ, քառորդը որոշած է ամէն գնով հետեւիլ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ապազգային ուղիին, իսկ մնացեալ քառորդը` ազգային կողմնորոշումով զանգուածը, մտահոգ է, սակայն անկարող` կացութիւնը շրջելու:

ԵՐԿՐՈՐԴ.- Հայրենի մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը աւելի լաւ պետութեան եւ աւելի լաւ ապրելու ընտրութեան միջեւ` իր քուէն տուած է աւելի լաւ ապրելուն, բաւարարուելով ընկերային աւելի բարօր կեանք մը ունենալու խաբկանքով, թէկուզ որ այդ աւելի լաւ ապրիլը ըլլայ թուրք-ազերիական ներդրումներով կամ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ, այսպէս կոչուած, բարի դրացիական բաց սահմաններով:

ԵՐՐՈՐԴ.- Յստակ է, որ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրին կատարած մէկ յայտարարութիւնը, թէ «Ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ կատեգորիա է», տիրապետող մտածում կը մնայ հայրենի լայն շերտերու մօտ, որոնք խորհրդային 70 տարուան ապազգային քաղաքականութեան եւ անոր յաջորդած 30 տարիներու ապաշնորհ մօտեցումներու պատճառով, կամայ թէ ակամայ,  կը մերժեն ազգային արժէքներն ու գաղափարախօսութիւնը` 53,92 տոկոսով իրենց քուէն տալով պատերազմը պարտուած, Արցախի երեք չորրորդը թշնամիին յանձնած եւ հազարաւորներու մահուան եւ վիրաւորման պատճառ դարձած երկրի պարտուողական ուժին:

Այս բոլորը տխուր եւ ցաւցնող իրականութիւններ են, որոնք քաղուած են կիրակիի ընտրութիւններէն: Այդ դասերուն դիմաց կանգ պէտք է առնել անպայման, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել տակաւին այն, ինչ որ կարելի է փրկել, եւ կարելի ըլլայ կանխել անձնատուական նոր համաձայնութիւններ ու յայտարարութիւններ, որոնք այս ընթացքով յառաջիկայ օրերուն կրնան պարտադրուիլ մեզի ու մեր հայրենիքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.