Կրանատա Հիլզի Հայ Կեդրոնի Մէջ Երկու Նոր Գրասենեակներ Կը Բացուին

 

ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Անցեալ Կիրակի, 13 Յունուար,  2013, կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին, աւելի քան երկու հարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան Կրանատա Հիլզի մէջ գտնուող Հայ Կեդրոնի երկու նոր գրասենեակներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Նոր գրասենեակներէն մէկը կը կրէ  տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնէաններու անունը, իսկ միւսը՝ ողբացեալ Փիթըր Նուռեանի անունը:

Բացման հանդիսութեան ներկաներուն շարքին էին պաշտօնական բազմաթիւ հիւրեր, օրուան բարերարներ Սարգիս Նուռեան, տէր եւ տիկ Վահէ Պէնլեանի, Վարանդ Մելքոնեանի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Կապուտեան, շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ Խաչատուրեան, շրջանի տարբեր միութիւններու  եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուիչներ:
Ձեռնարկի հանդիսավար Ծուիկ Կէտիկեան իր բարի գալուստի խօսքերէն ետք հրաւիրեց Թուխման Խաշատուրեանը, որ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով կատարէ բացումը: Ապա շրջանի պատանիներուն մասնակցութեամբ ան երգեց ՀՅԴ քայլերգ՝ «Մշակ Բանուոր»ը, որմէ ետք խօսք առին շրջանի «Հրայր Մարուխեան» պատանեկան միութեան անդամ Շանթ Գարակէօզեան, ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի ատենապետ Արշօ Աւագեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Փիեռ Ենոքեան:
Խօսք առնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերարներուն, որոնք ստանձնած էին իրենց գրասենեակներուն հովանաւորութիւնը:
Իր կարգին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Թորոս Քէչէճեան, որ նաեւ յիշեց ու գնահատճց Կճդրոնի բարեկարգման իրենց լուման բերած բոլոր բարերարները: Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Մարտիկ Կապուտեանը:
Ապա հանդիստավարը հրաւիրեց տէր հայրը, որ աղօթք մը կատարէ, որմէ ետք, ներկաները ուղղուեցան նախ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ կը կրէ վաղամեռիկ Փիթըր Նուռեանի անունը, որուն հովանաւորներն էին եղբայրը տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալին Նուռեաններ եւ ընկերը` տէր եւ տիկին Վահէ եւ Արտա Պէնլեաններ: Սենեկին ժապաւէնը կտրուեցաւ հանգուցեալին  զաւակներուն` Գոգոյին, Շանթին եւ Իզապէլին կողմէ, որմէ ետք կատարուեցաւ սենեակի օրհնութիւնը:
Յաջորդ հանգրուանը ՀՅԴ պատանեկանի գրասենեակն էր, որ կը կրէր տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու անունը:
Այս պաշտօնական արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.