Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Երեք Հայեր Ազատ Արձակուած Են

 

ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ռաքքա քաղաքի ճանապարհին վրայ, երկու շաբաթ առաջ առեւանգուած երեք հայեր ազատ արձակուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ անոնք ողջ-առողջ վերադարձած են տուն. իսկ ինչ կը վերաբերի 2012ի Հոկտեմբերին Պէյրութէն Հալէպ ճանապարհին վրայ առեւանգուած հայերուն՝ ապա անոնց վերաբերեալ տեղեկութիւն չկայ տակաւին:
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Հալէպի մէջ, ընդհանուր առմամբ, տօնական օրերուն միջադէպեր տեղի չեն ունեցած եւ իրավիճակը աւելի հանգիստ եղած է: Տօնական տրամադրութիւն չէ տիրած ժողովուրդին մօտ. տեղի ունեցած է միայն եկեղեցական արարողութիւն: Հանդարտ իրավիճակը շարունակուած է նաեւ մինչեւ Յունուար 8, թէեւ համացանցի եւ հեռաձայնի կապերը անկանոն կը գործեն, եղանակը՝ անձրեւոտ ու ցուրտ, ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի մէկ-երկու ժամ միայն օրուան ընթացքին, իսկ կէսօրէ ետք քաղաքը կ՛ընկղմի ամայութեան եւ խաւարի մէջ:
Թէպէտ Հալէպի մէջ վերջերս մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած, այնուամենայնիւ, մամլոյ քարտուղարին խօսքով՝ լարուած եւ անորոշ իրավիճակը կը շարունակուի: Միաժամանակ՝ մարդիկ դրական փոփոխութիւններու յոյս ունին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.