Բարի Երթ Ռուսիոյ Համազգայինի Կառոյցին. Հաղորդագրութիւն
Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով: Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած էին պսակաժահրի համավարակի բռնկումով: Այս պարագան սակայն արգելք չեղաւ, որ այս խումբը նախաձեռնէ մշակութային գործունէութեան` պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպելով:
Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան երկու ընկերներու եւ մասնակցութեամբ շուրջ երեսուն ազգայիններու:
Ժողովականները համաձայնեցան կազմել եռանդամ ժամանակաւոր վարչութիւն մը` վարելու ընթացիկ աշխատանքները, կազմելու կառոյցի ամբողջական անդամացանկը, պատրաստելու գործունէութեան ծրագիրը, մշակելու միութեան ներքին կանոնագիրը եւ անոր հիմամբ հրաւիրելու առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ընտրել միութեան անդրանիկ վարչութիւնը` հետեւելով նախապէս նոյն ժողովին կողմէ ընդունուած ներքին կանոնագիրի տրամադրութիւններուն:
Նման հանդիպում մը գումարուեցաւ նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, Երկուշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, շուրջ տասնհինգ ազգայիններով, որոնց կարգին էին արուեստագէտներ: Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութենէ ետք, կազմուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն մը` ստանձնելով նոյմանման պարտականութիւն:
Վստահ ենք, որ Համազգայինի գործելադաշտի այս նոր շրջանի կազմը շուտով պիտի դառնայ Ռուսիոյ հայկական համայնքի մշակութային կամքը դրսեւորող կարեւոր դերակատարներէն մէկը:
Բարի երթ կը մաղթենք Ռուսիոյ մեր ընկերներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ