Վահրամ Բալայեան. «Սպասելի Էր, Որ Արցախի Մեծ Մասը Կորսնցնելէ Ետք Սիւնիքի Մէջ Նման Իրավիճակ Պիտի Ստեղծուէր»
Բազմաթիւ մասնագէտներու կարծիքով` ազրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներուն մէջ թշնամիին յառաջխաղացքը կրնայ ազդել նաեւ Արցախի մէջ ընդհանուր իրավիճակին վրայ: Ըստ անոնց, հայ-ազրպէյճանական սահմանին թշնամիին սադրանքները նպատակ ունին նաեւ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել Արցախի հարցէն:
«168.ամ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս նիւթին մասին խօսեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան:
Ըստ անոր, Արցախի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անձ մտահոգ է այն զարգացումներով, որոնք տեղի կ՛ունենան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ: «Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու ժողովուրդը, բնակիչները կրնան յառաջ շարժիլ միասնական, մէկ համակարգ ունենալու պարագային, այսինքն` անվտանգութեան մէկ համակարգ ունենալու պարագային: Հասկնալի է նաեւ, որ այս քայլերը տեղ մը աւելի կը վատթարացնեն իրավիճակը Արցախի մէջ, որովհետեւ Սիւնիքի նկատմամբ այդ ոտնձգութիւնները Հայաստանը աւելի կը հեռացնեն Արցախէն: Ի վերջոյ, ասիկա այն հատուածն է, որ Արցախը կը կապէ Հայաստանին հետ», նշեց Վահրամ Բալայեան:
Ըստ անոր, սպասելի էր, որ Արցախի մեծ մասը կորսնցնելէ ետք Սիւնիքի մէջ նման իրավիճակ ստեղծուէր: Հայաստանի անվտանգութեան դրութեան պահպանման տեսանկիւնէն Արցախը եւ Սիւնիքը այնչափ կարեւոր են: