Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Մէյ եւ Քութրաքիս կը դատապարտեն Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ներթափանցման արարքները
1903
0
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ ընկերային ցանցերու վրայ յատուկ գրառումով դատապարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման արարքները, հաստատելով, որ նման գործողութիւններ կրնան լարուածութեան խթանման պատճառ հանդիսանալ եւ վտանգել խաղաղութեան:
Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Աննի Քութրաքիս այս առթիւ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը եւ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ վարքագիծը։ «Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի տարածքային անձեռնմխելիութիւնը և անյապաղ դուրս բերէ իր ուժերը», գրուած է Քութրաքիսի հաղորդագրութեան մէջ։