Անվերականգնելի կորուստներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կ՚ոգեկոչենք Մեծ եղեռնը, չենք կրնար չանդրադառնալ մեր կորուստներուն։

Անշուշտ, առաջին հերթին մարդկային կորուստն է, որ կը յիշատակուի։ Մէկ ու կէս միլիոն զոհեր՝ այժմ արդէն սրբադասուած նահատակներ։ Ի հարկէ ճիշտ չէ այդ թիւը, քանի որ կորսուեցան նաեւ անոնցմէ ծնելիք սերունդները, ուստի միայն թուաքանակի տեսակէտէն տասնապատիկ, քսանապատի՛կ են մեր զոհերը, եթէ ոչ աւելի։

Սակայն նկատի առնելու ենք, որ պարզապէս համրանք չեն այդ մէկուկէս միլիոնը ու անոնցմէ չսերած սերունդները։ Իւրաքանչիւրը անձ մըն էր, կամ պիտի ըլլար, իւրաքանչիւրը թէկուզ նուազագոյն չափով, բայց շատեր հաւանաբար նաեւ առաւելագոյն չափով տալիք ունէին մարդկային քաղաքակրթութեան, սակայն չկրցան տալ։ Աշխարհն ալ զրկուեցաւ իրենց չտուածէն։

Երկրորդ հերթին նիւթական են մեր կորուստները, այդ նիւթականին մէջ նկատի առնելով բնակավայր՝ քաղաք, աւան կամ գիւղ, հողամշակութիւն, ճարտարարուեստ, շինարարութիւն եւ մասամբ նորին։ Եթէ կարելի է չափով մը մօտաւոր գնահատումը կատարել քանդուածին ու կորսուածին, ինչպէ՞ս չափել ու գնահատել չմշակուածին, չարտադրուածին կամ չկառուցուածին գնահատումը։

Երրորդ հերթին մշակութային են մեր կորուստները, սկսելով մեր բարքերէն, մեր աւանդութիւններէն, մեր երգ ու պարէն մինչեւ մեր ձեռագրերը, գրականութիւնը եւ արուեստի այլեւայլ արտայայտութիւնները, որոնք անէացան, լռեցին, ջնջուեցան։ Եթէ շէնքերու աւերակները կրնան որոշ գաղափար մը տալ, թէ ի՛նչ էին անոնք, ինչպէ՞ս ըմբռնել մնացեալը, որ վերապրողներու հետզհետէ խամրող յուշերուն մէջ մնացին միայն եւ յաճախ ալ դարձան անհասանելի։

Այս բոլորը, սակայն, որքան ալ ահաւոր, որքան ալ անչափելի, կրնային վերականգնիլ՝ վերապրող հայութեան ջանքերով։ Վերականգնեցան ալ որոշ չափով՝ անցնող աւելի քան մէկ դարուն ընթացքին ու կրնան վերականգնիլ տակաւին գալիք դարերուն, եթէ նոր ցեղասպանութիւններ չսպառնան մեր գոյութեան։ Եթէ մանաւանդ մեր երկրին ու ազգին տէր կանգնելու իմաստութիւնն ու վճռակամութիւնը մեզի չպակսին…

Անվերականգնելին՝ չորրորդ կորուստն է, պատմութեա՛ն կորուստը։

Քանի՞ հոգի այսօր գիտէ իր սեփական գերդաստանին պատմութիւնը, քանի՞ հարիւր տարի կրնայ երթալ ետ ու ըսել որո՞նք էին իր մեծ-մեծ հայրերն ու մեծ-մեծ մայրերն ու անոնց նախորդները։ Ե՞րբ ծնած էին, ե՞րբ մահացած, ո՞ւր ապրած, ի՞նչ ըրած իրենց կեանքին մէջ։ Այդ պատմութիւնը կորսուեցաւ եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու, քաղաքապետարաններու եւ այլ հաստատութիւններու արխիւներուն փճացմամբ։ Այդ արխիւները կողոպտուեցան, այրուեցան ու անհետացան։ Անհետացուեցան։ Եւ դեռ կրնան անհետացուիլ։ Չէ՞ որ մեր թշնամի դրացիին նախագահը անձա՛մբ կը քերթէ հայերէն արձանագրութիւնները Արցախի վերստին բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ մնացած եկեղեցիներու տակաւին կանգուն պատերուն վրայէն։

Այո, պատմութեան կորուստը յիշողութեա՛ն կորուստ է, իսկ կորսուած յիշողութիւնը չի վերականգնիր։

Ասիկա անառարկելի իրողութիւն է, որուն սակայն չենք գիտակցիր։

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել այն անհոգութիւնը, որ կը ցուցաբերենք մեր սեփական թէ հաւաքական արխիւներուն ու ստացուածքներուն նկատմամբ, յատկապէս այն իրերուն, որ ժառանգած կրնանք ըլլալ մեր մեծերէն՝ հայրենիքէն բերուած ու հասած մեզի, ինչպէս զգեստներ, գօտիներ, առարկաներ եւ այլն։ Իսկ արխիւները կը բաղկանան նամակներէ, լուսանկարներէ, գիրքերէ ու այլազան յուշօններէ, որոնք, փոխանակ մէկ սերունդէն միւսը անցնելու, որքա՜ն դիւրութեամբ փողոց կը դրուին, աղբաման կը նետուին, իսկ գիրքերը լաւագոյն պարագային կը յանձնուին գրադարանի մը կամ կազմակերպութեան մը։ Սա մեզմէ ամեն մէկուն պատմութիւնն է, որմէ կը հրաժարինք։ Եւ մեր կեանքը կը սահմանափակենք մեր ծննդեան ու մահուան թուականներուն միջեւ, մինչդեռ ան կրնայ որքա՛ն աւելի երկար ըլլալ, սկսելով մեր ծնունդէն շա՜տ առաջ ու մեր մահէն ետք երկարելով… հարիւրամեակներ։

Այս նոյն անփութութիւնն ու անհոգութիւնը ցոյց կը տրուի նաեւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Ի՛նչ խնամքով կը պահուին, եթէ՛ կը պահուին, մեր կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ մամուլի արխիւները՝ ատենագրութիւններ, նամակներ, ծանուցումներ, գովազդներ, լուսանկարներ եւ այլն։ Ինչպէ՞ս կը պաշտպանենք փճացումի եւ կորուստի դէմ։ Ինչպէ՞ս կը դասաւորենք, որ դիւրութեամբ գտնենք որեւէ տարուան, որեւէ հարցի առնչուած տարր մը։ Ինչպէ՞ս կը պահենք մեր թերթերու հաւաքածոները. կը թուայնացնե՞նք, հանրամատչելի կը դարձնե՞նք։

Եթէ անհրաժեշտ գուրգուրանքով ու խղճամտութեամբ չենք մօտենար այս հարցերուն, ի՞նչ տարբերութիւն կայ մեր եկեղեցիներու որմաքանդակներն ու հայերէն արձանագրութիւնները քերթել-հանելուն ու մեր իսկ ձեռքերով կատարուած ինքնաջնջումին միջեւ։

Այո, կորուստներ կան, որ անվերականգնելի են։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հորիզոն», 2021-04 բացառիկ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.