«Հայաստանը կարիքն ունի իշխանութեան մը, որ կ’ամրապնդէ երկրին պետականութիւնը», Կը Յայտնէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեան

Ստորեւ, կը հրատարակենք հարցազրոյց մը, կատարուած ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի հետ, «Դրօշակ»-ի անձնակազմին կողմէ։

Հ.- Հայաստանն այսօր փոթորկւում է ներքաղաքական ալեկոծութիւններիցՊաշտօնական Երեւանը պատերազմից յետոյ էլ շարունակում է  պարտուողական  քաղաքականութիւնը՝  նորանոր զիջումներ կատարելով թշնամունՔաղաքական ընդդիմութիւնը պահանջում է երկրի վարչապետի հրաժարականըհամոզուած լինելովոր միայն դրանից յետոյ հնարաւոր կը լինի շրջադարձ կատարել քաղաքականութեան մէջկարգաւորելով կացութիւնը թէ՛ երկրի ներսում եւ թէ՛ արտաքին ճակատումՓետրուարի վերջին  Հայաստանում վերսկսուեցին ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի ի անհնազանդութեան գործողութիւններըՄեծ անակնկալ էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը  ՀՀ  բանակի  գլխաւոր շտաբի պետի եւ փաստացի բանակի ողջ ղեկավարութեան կողմիցԹւում էրթե սա կը սթափեցնի իրական իշխանութիւնը երկրում կորցրած ղեկավարին եւ կը ստիպի հրաժարական ներկայացնելսակայն նա շարունակում է  համառել: Համոզւում ես որ երկրի վարչապետի համար իր անձից վեր ոչինչ չկայ եւ սեփական իշխանութիւնը պահպանելու համար նա պատրաստ է ամէն արկածախնդրութեանԻնչպէ՞ս կը գնահատէիք այս ամէնը:

Պ.- Պիտի ըլլամ շատ թափանցիկ եւ յստակ: Նիկոլ Փաշինեան տկարացուց Հայաստանը: Թաւշեայ յեղափոխութեան հետեւանքները աղիտալի եղան Հայաստանի եւ Արցախի համար: Ան 2018ին «քարիզմաթիք» էր: Երբ գարնան սկսաւ այդ շարժումը, ան իր մէջ գտաւ այդ ուժն ու նկարագիրը եւ մանաւանդ համոզելու կարողութիւնը, որուն շնորհիւ յաջողեցաւ շրջել ռեժիմը: Քիչ են այն մարդիկ, որոնք կը յաջողին հարիւր հազարաւորներ զօրաշարժի ենթարկել: Քիչ են, բարեբախտաբար, որովհետեւ նաեւ վտանգաւոր են, որովհետեւ միայն ամբոխավարութիւնն է, որ կրնայ այդ ներգործութիւնն ունենալ ժողովուրդին ու հասարակական կարծիքին վրայ: Ժողովուրդը խաբելու ցանկութիւնն էր «թաւշեայ  յեղափոխութեան» միջուկը: Յանկերգը, որ հնչեց անդադար, թէ ժողովուրդին կը պատկանի իշխանութիւնը, եւ ընդդիմութիւնը կ’ուզէ զայն խլել ու վերացնել, ծիծաղելի է, բայց, ցաւօք, դեռ կը շարունակուի կրկնուիլ եւ ունենալ լսող մասսաներ: Հայաստանը կեղծ նախախնամութեան կարիք չունի, Հայաստանը պատասխանատու իշխանութեան կարիքն ունի, որ ըլլայ գիտակից դաշնակից Մոսկուայի հետ յարաբերութեան անհրաժեշտութեան եւ ոչ թէ հակառակը, ինչպէս ըրաւ Փաշինեան:

Պայմաններ պէտք է ստեղծել, որ Ռուսաստանը  Հայաստանը նկատէ ոչ թէ իբրեւ սովորական դաշնակից կամ մանաւանդ «վասալ», այլ իբրեւ լիիրաւ գործընկեր: Հայաստանը, սակայն, այսօր Նիկոլով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ սկիզբի իր ապստամբի կարգավիճակէն վերածուած է լրիւ հակառակին՝ վասալի: Հայաստանը նման մարդու կարիքը չունի, Հայաստանը կարիքն ունի իշխանութեան մը, որ կ’ամրապնդէ երկրին պետականութիւնը, որ տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդար համակարգի յստակ տեսլական եւ գործնական ռազմավարութիւն, ծրագիր կ’ունենայ: Բայց զարգացման այս գործընթացը պէտք չէ պայմանաւորուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման պայմանով, ինչպէս կը դաւանին ներկայ իշխանութիւնները: Ընդհակառակը: Որովհետեւ նման պարագայի, կրնամ վստահեցնել, որ 5 տարուան մէջ Հայաստանը կը յայտնուի թրքական-ազերիական ընկերութիւններու ճիրաններուն մէջ: Կը պատկերացնէ՞ք: Հայաստան չէ, որ կ’ունենանք, այլ երկիր մը, ուր հայեր կ’ապրին… Պէտք է ոտքի կանգնեցնել երկիր մը, ուր տնտեսութիւնը սեփական ժողովուրդին հակակշիռին տակ է, եւ այս մէկը դժուար չէ: Հայաստանը այս իմաստով այլ մակարդակի յարաբերութեան կենսական կարիք ունի Սփիւռքի հետ, յարաբերութիւն` հիմնուած ռազմավարական գործընկերութեամբ: Հայաստան եւ Սփիւռք պիտի կազմեն հայաշխարհը,  որ կը տարածուի 35 երկիրներու մէջ եւ ոչ միայն 29500 մ2-ի վրայ: Հայաշխարհ, որ կը հաշուէ  ոչ  թէ 3 միլիոն, այլ 12 միլիոն հայ  բնակչութիւն: Հայաշխարհ՝ իր տարբերութիւններով նաեւ, իր հարստութեամբ, իր ուժով, իր մասնագէտներով, իր ամբողջ ներուժով: Եւ այն ատեն կը սկսի հետաքրքիր դառնալ տնտեսական թէ քաղաքական  տարբեր գործընկերներուն  համար,  որոնք  այսօր այդքան ալ հետաքրքրութեամբ չեն ընկալեր մեզ: Հայաստանը կարիքն ունի միասնութեան եւ կայունացման: Իսկ վարչապետը այս առումով գործեց ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ. երկիրը եւ ժողովուրդը բաժնեց սեւերու եւ սպիտակներու, դրսեցիներու եւ ներսիններու, հասարակի եւ վերնախաւի եւ մասամբ  նորին: Եւ այս ծիրէն ներս է, որ պէտք է դիտել բանակին կողմէ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը: Որովհետեւ սահմանադրականօրէն բանակին կը պատկանի երկրի սահմաններուն պաշտպանութեան իրաւունքը, իսկ բանակը կը տեսնէ ու կը հաստատէ այդ գծով տկարութիւնը: Սխալ է ուղղակի վարչապետին տարած քարոզչութիւնը, թէ բանակին յայտարարութիւնը պետական հարուածի փորձ է: Այդպէս բան չկայ երբէք, ոչ ալ նման տրամադրութիւն: Անգամ մը եւս ժողովուրդը խաբելու եւ ապակողմնորոշելու փորձ է, որ կ’ընէ  Փաշինեան` պարզապէս իր շուրջ հաւաքել կարենալու համակիր զանգուած: Բանակը սրբազան հաստատութիւն է Հայաստանի մէջ: Ազգ-բանակը ամբողջական իմաստ պէտք է վերստանայ, բանակը պէտք է վերստին ամրապնդուի եւ զօրանայ, պէտք է անոր տրուին երկիրը պաշտպանելու բոլոր հնարաւորութիւնները:

Հ.- Ֆրանսան տարիներ շարունակ եղել է Արցախի  հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի միջնորդ երեք գործուն անդամ երկրներից մէկը եւ կարելի է ասելոր այդ կարգավիճակով նա փաստացի եղել է Եւրոպայի ներկայացուցիչը այդ առաքելութեան կազմում: 2020 թուականի աշնանը Արցախի դեմ սանձազերծուած նոր պատերազմի ողջ ընթացքում Մինսքի խումբը որեւէ դերակատարութիւն չունեցաւԱյնուամենայնիւվ փորձե՞լ է արդեօք այդ երկիրը միջամտել կամ ինչոր ձեւով իր խօսքն ասել տեղի ունեցող գործընթացների վերաբերեալ:

Պ.– Ինչպէս գիտէք, Տոնալտ Թրամփ նախագահութեան ժամանակաշրջանին իր միջինարեւելեան  քաղաքականութիւնը յանձնած էր Էրտողանին, նաեւ Կովկասի մէջ: 4 տարիներուն ընթացքին Մինսկի խումբը եւ յատկապէս Ֆրանսան բախեցան Միացեալ Նահանգներու բացակայութեան: Ինչպէս գիտէք նաեւ, Ֆրանսան ունի ուղղակիօրէն հայանպաստ դիրքորոշում, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, Հայ դատի եւ Արցախի հարցերուն: Այս դիրքորոշումը արդիւնք է նաեւ ֆրանսահայութեան  վարած տասնեակ  տարիներու աշխուժ աշխատանքին՝ հասարակական կարծիքին եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Վերջին պատերազմին նախագահ Մաքրոնի դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը ակնյայտ էին բոլորին, բայց յստակ էր նաեւ, որ, հակառակ նախագահ Փութինի հետ երկկողմանի կապերուն ու համադրումին, վերջին խօսքը բնականաբար կը մնար Ռուսաստանին:

Հ.- Չնայած սկզբնական շրջանի արտաքուստ լռութեանպատերազմից յետոյ Արցախի դէմ  գործադրուած յարձակումին վերաբերեալ առաջիններից մէկը եւ ամենակոշտ ձեւով արտայայտուեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ ՄաքրոնըԱննախադէպ  էին  նաեւ Ֆրանսայի զոյգ  պալատների ընդունած բանաձեւերըորոնցմով կառավարութեանը կոչ էր արւում ճանաչելու Արցախի անկախութիւնըՅառաջիկայում  ի՞նչ  քայլեր կարելի է ակնկալել Ֆրանսայի կողմիցՏեղեակ ենքոր պատերազմից ետք Արցախի հարցը Մաքրոնը ոչ մէկ անգամ քննարկել է ԵԱՀԿ  համանախագահ միւս երկու երկիրների նախագահների հետՍպասելի՞  է արդեօք Մինսքի խումբի վերստին գործունէութիւնը եւ այդ մէկը ի՞նչ արդիւնքների կարող է Յանգեցնել:

Պ.– Այո՛, Ֆրանսան Արցախի նկատմամբ դիրքորոշուեցաւ դրականօրէն, որովհետեւ տեղւոյն հայ համայնքը այդ ուղղութեամբ մեծապէս աշխուժ աշխատանք ծաւալեց բոլոր լծակներուն մօտ: Բայց, հակառակ ամէն ինչի, պատերազմի մը յաղթանակը կամ պարտութիւնը կը հաստատուի կռիւի դաշտին վրայ: 12 Նոյեմբերի մեր հանդիպումին Ֆրանսայի նախագահը հետեւեալը պատասխանեց խաղաղարար ուժեր ուղարկելու մեր պահանջին. «Բոլորս գտնուեցանք թոյլ ու անողնայար եւ պէտք եղած հակազդեցութիւնը չցուցաբերեցինք: Կը լսէի ձեր կոչերը եւ պահանջները, բայց միջամտելու ո՛չ մանտաթ ունէինք, ո՛չ ալ միջոցը»: Ան  ըսաւ նաեւ, որ Թուրքիոյ օրակարգով խօսած է Պայտընի հետ եւ անհամբեր կը սպասէ, որ ան ամբողջութեամբ հաստատուի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան աթոռին վրայ, որպէսզի Մինսկի խումբը վերագտնէ երբեմնի իր եռակողմանի կշիռը: Նոյնիսկ եթէ Մինսկի խումբը ցուցաբերեց իր անկարողութիւնը, դժբախտաբար, սակայն, չկայ հարցի բանակցային լուծման աւելի լաւ ձեւաչափ:

Հ.- Գաղտնիք  չէոր  Արցախեան նոր պատերազմում ունեցած մարդկային ու տարածքային կորուստները եւ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը ալեկոծել են նաեւ ողջ ՍփիւռքըԻնչպէ՞ս է այս ամենին վերաբերւում արտերկրի հայութիւնըԻհարկէ  չենք մոռանումոր մի շարք երկրներումորոնց  թւումեւ Ֆրանսայումդեռեւս բաւականին ծանր է համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակըեւ այս առնչութեամբ նաեւ  խիստ  միջոցառումներ են կիրառւում պետութեան կողմիցԱյսինքնգրեթէ խզուած են Հայաստանի հետ կապերը եւ  սահմանափակուել են գործունէութեան հնարաւորութիւնները:  

Պ.– Քովիտ կամ ոչ, Սփիւռքը ոգի ի բռին զօրաշարժի մէջ էր Արցախի անկախութեան ճանաչման համար: Թէեւ 9 նոյեմբերէն ի վեր Սփիւռքը ահաւոր ցնցուած է, տխուր է, կ’ապրի խառն պահեր, բայց կը շարունակէ այդ ուղղութեամբ իր պայքարը` քաղաքական թէ օժանդակութիւններու առումով: Արցախի անվտանգութիւնը, վերաշինութիւնը, բնակչութեան ապահովութիւնը եւ կենսամակարդակի ապահովումը, ինչպէս նաեւ անկախութեան ճանաչումը կը շարունակեն մնալ մեր առաջնահերթութիւնները:

Հ.- Ինչպէս վերը նշեցինքբնական էոր կը խաթարուէր մասնաւորապէս եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի բնականոն կեանքըԱյնուամենայնիվ կատարվո՞ւմ են աշխատանքներ,  տարվո՞ւմ է աշխատանք խորհրդարանիկառավարութեան ու երկրի նախագահի հետԲոլորս գիտենքոր վերջին  տասըտասնհինգ տարուայ ընթացքում ֆրանսահայ համայնքը բաւականին առաջընթաց ունեցաւ Հայ դատի աշխատանքների ուղղութեամբԱյս օրերին էլ աւելի  են կարեւորուել  Արցախի  ուղղութեամբ  անելիքներըԻ՞նչ է արըւմեւ ի՞նչ ակնկալիքներ ունէք

Պ.– Ֆրանսահայ համայնքը առաւելագոյնս զօրաշարժի մէջ է: Ֆրանսայի Ազգային ժողովը, Ծերակոյտը, երեք մեծագոյն քաղաքները՝ Փարիզ, Մարսէյլ, Լիոն, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներ, գաւառներ եւ մարզեր ընդունած են բանաձեւեր, որոնք կառավարութենէն կը պահանջեն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Աւելին` Հայաստան տարբեր օժանդակութիւններու ուղարկման աշխատանքներուն մէջ ֆրանսահայութիւնը, ինչպէս միշտ, գտնուեցաւ առաջին գիծի վրայ: Նաեւ առաւելագոյնս կը փորձենք ազդել ֆրանսեւթրքական յարաբերութիւններուն  վրայ: Յաջողեցանք, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ արգիլել տալ թրքական ծայրայեղական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ ամէն գնով կը պայքարինք Ֆրանսայի մէջ Էրտողանի կողմէ  վարուող  լծակներուն դէմ: Մեր պայքարը կը շարունակուի, կը մնանք ոտքի, միշտ կազմ ու պատրաստ եւ առաւել միասնական:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.