Պարտուած վարչապետը ժողովուրդի մանտադը չունի մեր պատմական հայրենիքը վաճառելու
Րաֆֆի Արտհալճեան
Սիրելիք և ՀՀ Ազգային Ժողովի յարգելի պատգամաւորներ,
Հայաստանի Ազգային Ժողովը շտապ քայլեր պէտք է ձեռնարկէ արգիլելու վարչապետ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութիւնը, որպէսզի ան չկարողանայ ստորագրել որևէ փաստաթուղթ, որ իրաւական ուժ կուտայ իր անօրէն զիջումներուն։
Պատերազմը կորսնցուցած ու պարտուած վարչապետը ժողովուրդի մանտադ (mandate) չունի ընդունելու որևէ նոր համաձայնութիւն, որը վտանգ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին։
Աւելի՜ն, պարտուած վարչապետ մը ժողովուրդի և համայն հայութեան mandate չունի Համաձայնելու Հայաստանի տարածքով անցնող եւ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կապող որևէ ուղիի մը օրինականացման, նախքան խորքային բանակցութիւներու թէ՛ Թուրքիոյ և թէ՛ Ազրպէյճանի հետ։
Այսօրուան հայրենիքը կերտուած է թէ՛ հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի զոհողութեամբ և թէ՛ նորագոյն պատերազմի մեր զոհերու արեան գնով։ Պարտուած վարչապետ մը ժողովուրդի mandate չունի սերունդներու մեծ զոհողութեանբ կերտուած Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններուն պատկանող որևէ յաւելեալ հողատարածք զիջիլ թշնամիին, ոչ ալ ան mandate ունի ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական արժանապատուութեան հետ խաղալու։
Մեր պարտութեան պատճառները չափակշռելու պահն է այսօր։ Խորհրդարանական ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ, պարտուած և չլիազօրուած վարչապետի մը նման կերպով որոշումներ կայացնելը՝ անօրինական է, եթէ այդ որոշման և ստորագրուելիք փաստաթուղթի պարունակութիւնն ու մանրամասնութիւնները չեն քննարկուած ո՜չ խորհրդարանին մէջ, և ո՜չ ալ ժողովրդավարական հանրաքուէով։
Պէտք են անմիջապէս սահմանափակուին վարչապետի որոշ «լիազօրութիւները» իր Մոսկուա այցէն առաջ.
ճիշդ հիմա է որ, մեզ պէտք է վերադառնալ մեր պետութեան խորքային հարցերուն, որպէսզի տակաւին փրկենք և զարգացնենք ինչ որ տակաւին ունինք. Ճիշդ հիմա է պահը, որ մենք գործենք մեր ձեռք բերած ժողովրդավարութեան արժանիքներով։
Վերջերս վերստին իրենց (կախ) գլուխները ցցած affairist «հակա-Հայդատիստներուն» կը յիշեցնեմ, որ այս վարչապետը հայ ժողովուրդի mandate չունի մեր պատմական Հայրենիքը վաճառելու։
Իսկ մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մեր հաւաքական կամքը թարգմանելով մեր գերագոյն յանձնառութեամբ և անտեղիտալիօրէ՛ն, մինչև կերտենք մեր նահատակներու արեամբ ողողուած հզօր հայկական պետութիւնը։