Եռակողմանի համաձայնագրով Փաշինեանի կառավարութեան օրինահարազատութիւնը (legitimacy) վերջ կը գտնէ
Կարօ Արմենեան
Հետզհետէ կը պարզուի, որ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը օրինազանց փաստաթուղթ է, որ կը շրջանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիական հակակշիռները՝ երկիրը նետելով սահմանադրական աննախընթաց քաոսի մը մէջ։
Վարչապետը գործած է իր իրաւասութիւններէն շատ անդին՝ իր համաձայնութիւնը տալով փաստաթուղթի մը, որ մեր ժողովուրդին կը պարտադրէ զանգուածային հայրենազրկում, ծանր հարուած կու տայ հայ անկախ պետականութեան անվտանգութեան և լինելիութեան, թշնամիին կը յանձնէ ոչ միայն մեր հայրենական հողերը, այլև մեր հոգևոր և մշակութային ժառանգութեան գանձարանը և ոչինչով կը հատուցանէ գործուած մեծ եղեռնագործութեան համար։ Ազգը կողոպտուած է իր ինքնութեան խարիսխ հանրիսացող կենսական ուժականութիւններէն և կանգնած՝ անելի առջև։
Եռակողմանի Հանաձայնագիրը, որուն տակ կայ նաև Ազրպէյճանի ցեղասպան նախագահին ստորագրութիւնը (և ետին՝ Թուրքիոյ ցեղասպան նախագահին հովանաւորութիւնը), ինքնաբերաբար կը զրկէ Վարչապետ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը երկիրը կարենալ ղեկավարելու կարողութենէն։
Վարչապետն ու կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս հրաժարին փոխանակ ինքարդարացման թէզեր ներկայացնելու հանրութեան։ Բոլոր այդ թէզերը քննարկելի են և պէտք է քննարկուին և պետութեան կողմէ համապատասխան տնօրինումներու յանգին։ Բայց այդ բոլորը՝ Պր. Վարչապետի հրաժարական ներկայացնելէ ե՛տք միայն։ Պր. Վարչապետի և իր կառավարութեան հրաժարականը էապէս անկախ է առնուած քայլին որակական — և իրաւակա՛ն — գնահատական տալու մեր ազգային պարտաւորութենէն։ Վարչապետը պէտք է հրաժարի թշնամիին հայրենական հող յանձնած ըլլալու փաստին համար։ Պէտք է հրաժարի նման բանակցութիւններու մէջ ինքնագլուխ գործած ըլլալուն համար։ Իր սահմանադրական իրաւասութիւնները յարգած չըլլալուն համար։ Ազգը ապակողմնորոշած ըլլալուն համար։ Ազգին վստահութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն համար։
Իսկ ազգին առջև կը ծառանայ մէկ մեծ և ճակատագրական մարտահրաւէր։ Ինչպէ՞ս կազմակերպել իշխանութեան փոխանցումը դէպի Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն։ Ցարդ միայն կը խօսուի (գէթ հրապարակաւ) Վարչապետ Փաշինեանի անընդունելի արարքին մասին։ Ոչ մէկ խօ՛սք՝ փոխանցման ընթացակարգին մասին։ Ոչ մէկ խօ՛սք՝ հաւանական յաջորդին կամ յաջորդներուն մասին։ Ոչ մէկ խօ՛սք՝ յաջորդող իշխանութեան շօշափելի (կոնկրէտ) առաքելութեան մասին։ Ոչ մէկ խօ՛սք՝ յաջորդող իշխանութեան անցումային ժամանակի բնոյթին և տևողութեան մասին։ Ոչ մէկ խօ՛սք՝ օրէնսդիր իշխանութեան և ՀՀ Նախագահի իրաւասութիւններուն մասին։
Նախ. Սարգսեան, իր նախաձեռնութեամբ, ձեռնարկած կը թուի ըլլալ կարգ մը խորհրդակցութիւններու, որոնք, անշուշտ, սկիզբ մը կը ներկայացնեն ի չգոյէ աւելի հզօր գործընթացի մը, որուն կենսական կարիքը կայ այսօր։ Պր. Նախագահը ունի քանի մը կարևոր իրաւասութիւններ ՀՀ Սահմանադրութեան Թիւ130-132 և 158 յօդուածներով սահմանուած, որոնք պէտք է դրուին գործադրութեան։ Առաջին հերթին՝ Պր. Նախագահին իրաւասութիւնն է վերջին հաւանութիւնը տալ ստորագրուած միջազգային պայմանագրերուն զանոնք վաւերական դարձնելու համար։ Պր. Նախագահը պէտք է անմիջապէս մերժէ Վարչապետին կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը և ատով իսկ հաստատէ իր օրինական հեղինակութիւնն ու մեր երկրի գերիշխանութիւնը։ Եւ անմիջապէս հրաւիրէ միջազգային կողմերը վերստանձնելու բանակցային գործընթացը։ Միաժամանակ հուժկու քայլերով ձեռնարկէ անցումային իշխանութիւն մը ձևաւորելու գործին։
Այսօրուան մեր մեծ խնդիրն է երկրին և ժողովուրդին վերադարձնել իր մտքի թանկագին խաղաղութիւնը։ Վերահաստատել երկրին ինքնավստահութիւնը։ Անմիջապէս կազմակերպել աղէտեալ մեր երկրին և ժողովուրդին խնամատարութեան գործը։ Կասեցնել ներկայ թաւալ-գլոր ընթացքը դէպի պարտութիւն, նահանջ, անձնատւութիւն, ինքնասպանութիւն։ Ազգը պէտք է գիտնայ ուրկէ՞ սկսիլ վերականգնումի հրամայական գործը։ Ազգին ղեկավարները շատ աւելին ունին ընելիք քան Վարչապետին և կառավարութեան լոկ հեռացումը քաղաքականութեան բեմէն։ Համազգային նոր զօրաշարժի ժամանակն է թշնամին պարտութեան մատնելու նախ և առաջ մեր կեանքերուն և մեր մտքերուն մէջ։ Յետոյ նաև մեր երկրի պաշտպանութեան թէժ ճակատներուն վրայ։ Դէպի նոր զօրաշա՛րժ։
Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 14, 2020