Արցախի պատերազմին գծով Եւրոմիութեան կեցուածքը գոհացուցիչ չէ. Յարութ Շիրինեան

Հարցազրոյց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հանրային հարցերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեանի հետ

Նոյեմբեր 5ին, «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ կայացած հարցազրոյցին ընթացքին, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային հարցերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան մանրամասնօրէն պատմեց անցնող օրերուն Արցախ կատարած իր առաքելութեան մասին։ Ան կ՚ընկերակցէր Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճորճ Տալմանյի եւ պելճիքացի լրագրողներու, որոնց հետ հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին ան բացատրեց նաեւ Արցախեան հակամարտութեան խորապատկերին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին, յատկապէս շեշտելով, որ պաշտօնական Պրիւքսէլի կեցուածքն ու դիւանագիտական դերակատարութիւնը գոհացուցիչ չի նկատուիր։ Շիրինեան զեկուցեց նաեւ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեանց ու լոպպինկին մասին։ Մանրամասնութիւննեըր՝ «Հորիզոն»ի տեսանիւթով։

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/646759386009779

Մանրամասնութիւննեըր՝ «Հորիզոն»ի տեսանիւթով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.