Չմարող անցեալը. Գանատայի մէջ ՀՅԴ առաջին սերմերը – Համիլթընի կոմիտէի կազմութիւնը

Պատմականօրէն բոլորիս յայտնի է, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով հսկայական գործունէութիւն է ունեցել հայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներում։

Երբ Թուրքական կառավարութեան հայահալած քաղաքականութիւնը օրըստօրէ ուժեղանում էր, ահագնանում էր հայութեան ֆիզիքական ոչնչացման վտանգը, մեծ տէրութիւններից էլ յոյս չկար, հայ ժողովուրդը սկսեց ինքնուրոյն ելք որոնել․ վերջնականօրէն յանգելով զինուած պայքարի գաղափարին, ժողովուրդը դարձաւ յեղափոխական, միաբանուեց, վերածուեց յեղափոխականների դաշնակցութեան և հարկադրուած եղաւ գնալ ի զէն ՝ յանուն իր ազատութեան թուրքական անագորոյն լծից։

Հայոց պատմութեան մէջ անթիւ են ազատագրութեան պայքարում հայ յեղափոխական ժողովրդի դաշնակցութեան գործի վկայագրերը։

Այդպիսի մի վկայագիր է նաև ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի 1904 թուականի, Օգոստոս 12, թիւ 13 Շրջաբերականը, ուր կարդում ենք դաշնակցական խմբերի պայքարի, նրանց նուիրումի ու Մայր Հայրենիքի փրկութեան համար նահատակութեան մասին։

Սոյն Շրջաբերականով ուրախութեամբ փոխանցւում է նաև Գանատայում ՀՅԴ Համիլթընի կոմիտէի կազմութեան մասին։

Շրջաբերականը արտատպում ենք նոյնութեամբ։

 

«Սիրելի Ընկերներ,

Մեր նախորդ շրջաբերականով – թիւ 12, սխալմամբ թիւ 13 գրւած, – հաղորդեցինք Ձեզի ստացւած երկու մասնաւոր հեռագրեր։ Ասոնց մանրամասնութիւնները նամակներով մեզի հասած չեն տակաւին։ Ամերիկեան թերթերու մէջ, սակայն, երեւցան այդ խումբերուն յաջող եւ յաղթող անցնելուն լուրը։ Կը բաւէ հոս յիշել թէ խումբերէն մէկը իր ետեւը թողած է ռումբներով աւերակ ու գերեզմանոց դարձած Մօսունզօրի եւ Կոչաղի զօրանոցները։ Թշնամի զօրքերէն սպաննւած են քանի մը հարիւր։

Խումբը կտրեր անցեր ու շարունակեր է իր ճամբան քիւրտ ցեղերու մէջէն դէպի Արճէշ։

Մասնաւոր նամակներէ կը տեղեկանանք թէ Երկաթի խմբին կռիւը տեղի ունեցէր է Արճէշէն քիչ հեռու խաչլու կոչւած ձորակին մէջ։

Խումբը կորուստ է տւեր ընդամենը 7 հոգի․ իսկ թշնամոյն շարքերէն սպաննւած են մօտաւորապէս 90 հոգի, որոնց մէկ քանին յայտնի ցեղապետերու թոռուններ են եղել։

Տումանի հեծելախմբի կռիւին մանրամասնութիւնները կարդացիք «Հայրենիք»ին մէջ։ Խմբէն սպաննւեր են երկու հոգի, իսկ թուրք զինւորներէն 25 հոգի եւ երկու սպայ սպաննւեր են։ Այս խմբին մէջ է եղեր ամերիկայէն գնացող ընկեր Տ․ը, եւ շատ թեթեւ կերպով վիրաւորւեր է եղեր։

Ամենավերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Կայծակի խմբին ընդհարմանը մէջ մերիններէն սպաննւեր են 18 հոգի։ Ասոնք զոհ են գնացել խմբապետի, իրենց եւ միւս զինւորներու ոգեւորութեանը։ Երբ յաջող հարւածով մը քիւրտերու դիակները կը թափւին ամեն կողմ, խումբը դուրս կուգայ իր ամուր դիրքերէն, եւ դաշոյններով կը նետւի փախչող քիւրտերու ետեւէն։ Այդ ատեն հակառակ կողմէն թուրք զինւորները կը գրաւեն մերիններուն ամուր դիրքերը եւ կը կրակեն տղայոց վրայ։ Մեր կորուստը մեզի համար մեծ է, բայց թշնամին քսանապատիկ աւելի կորուստ տուեր է․ սպաննւած քիւրտերու եւ թիւրքերու թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 500ի։

Այս շրջաբերականին հետ միասին կը ղրկենք մասնաւոր նամակի մը օրինակը որ կը նկարագրէ «Որսկան» խմբի անհաւասար կռիւը։

Կ ողբանք սրտանց այդքան կտրիճներու զոհւիլը, իյնալը ազատութեան ճամբուն վրայ։ Գիտենք սակայն թէ ասոնց ու ասոնց նմաններու արիւնը պիտի ստեղծէ, սնուցանէ եւ մեծցնէ իրենց նման հազարաւոր հարազատներ, նոյն ճանապարհով գնալու, Մայր – Հայրենիքի փրկութեանը համար։

Շահեկան է այս նամակը այլեւայլ տեսակէտներով։ Անիկայ կը ցուցընէ թէ ինչ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ Կովկասի մէջ, թէ ինչ տպաւորութիւններով կը բաժնւին անձնւէր զինւորները իրենց բարեկամներէն եւ ընկերներէն․ ատիկա կը ջրէ այն աղտոտ զրպարտութիւնները, որ մեր հակառակորդները չարամտօրէն ու անխղճօրէն կուզեն նետել այս կտրիճներուն մաքուր ճակտին, նոյն իսկ անոնց անձնազոհութեան սրբազան վայրկեանին մէջ։

Նամակը պատկերացնէ զինւորական կարգի ու կանոնի վերին աստիճան հնազանդութիւն։ Հակառակ այն պարագային որ իրենց հարազատ ընկերները կը գլորւէին ռուս զինւորներու գնդակներով, խմբապետին հրամանը բաւական է եղեր որ մէկ հատիկ գնդակ չարձակւի դէպի ռուսական զօրքերը․ բան մը որ կրնար ապագային խոշոր վնասներ բերել մեր դատին։

Մարդ չկրնար չտեսնել ռուս կառավարութեան «սահմանապահ» ներկայացուցիչներու անխիղճ թշնամանքը դէպի մեզ։ Ռուս զինւորները թուրքերէն աւել անգթօրէն վարւեր են մեր թանկագին ընկերներու դիակներուն հետ․ զանոնք այլանդակեր են մէկին աչքերը հանելով, միւսին շրթները կտրելով, ուրիշի մը գլուխը ջախջախելով։ Սահմանապահ զօրքերու հրամանատարը մեղադրւեր է թրքական հողի վրայ իր այդ արարքին համար, որ իրաւունք չունէր ընելու, եւ քննութեան ենթարկւած է ամբողջ խնդիրը։

Մեզի ժամանակին հաղորդւած էր արդէն թէ Հայրիկի կողմէն նշանակւած են Տօք․ Լօռիս Մելիքով եւ Այվատեան ու Սարաճեան Եպիսկոպոսները Եւրոպական տէրութիւններուն ներկայացուցիչներուն դիմումներ ընելու համար։ Այս շաբթւայ Ամերիկեան թերթերն հրատակեցին այս կարգադրութեան մասին ստացւած եւրոպական հեռագրեր․ աւելացնելով թէ յանձնախումբը պիտի ներկայանայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին նոյն նպատակով։

 

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք Կօմիտէի մը կազմութիւնը Համիլթըն – Քանատա-ի մէջ։ Բոլոր Կօմիտէներու «Տեղեկագրեր»ը ստանալէ եւ հասցէները ճշդելէ յետոյ պիտի պատրաստենք Կօմիտէներուն հասցէներու ուղղւած ցանկ մը Կօմիտէներուն ցրւելու համար։

Այս առթիւ կուզենք յիշեցնել այն քանի մը Կօմիտէներու որ տակաւին չեն ուղարկած իրենց տեղեկագրերը, որպէսզի շտապեցնեն զայն։

Ընկերական ջերմ բարեւներով

Հայ Յեղ․ Դաշնակցութեան

Ամերիկայի Կեդրոնական Կօմիտէ»

 

Պատմութեան ամէն մի վաւերագիր էջ հաստատում է հայ յեղափոխական ժողովրդի միասնականութեան, դաշնակցութեան անպարտելիութիւնը, և ի զուր չէ ասուած․ «Երբ ժողովուրդը միացած է և պատրաստ կռուելու, ոգեւորուած միեւնոյն վեհ զգացմունքով, այլևս ոչինչ չարժէ ոչ թշնամու զօրաբանակը, ոչ թնդանօթը և ոչ օտարի պաշտպանութիւնը»։

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.