Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը
1754
0
Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2020-ին, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի այցը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պետ Աշոտ Զաքարեանը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են բանակաշինութեան առնչուող շարք մը հարցեր, կարեւորելով Արցախի ու Հայաստանի փոխգործակցութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման կարեւոր նախապայման: