Ո՞վ Պատրաստ Է Խաղադաշտին Տիրութիւն Ընելու
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Անշուշտ կանուխ է դեռ որեւէ վճռական դատողութեան համար լիբանանեան ճգնաժամի պատճառներու յստակացման խնդրով։ Կ՛իմանամ, որ լիբանանեան իշխանութիւններու մասնագիտական կառոյցները կը շարունակեն իրենց հետազօտութիւնները ապահովական մարզին մէջ, հակառակ երկրի կառավարութեան հրաժարման փաստին։ Կը նշանակէ, թէ երկրի կառավարման համակարգը ամուր է եւ կը գործէ։ Պէտք է ողջունել այս երեւոյթը եւ մաղթել յաջողութիւն՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ այս անգամ գործ ունինք շատ անսովոր չափերու հպատակող իրականութեան մը հետ։
Ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ Արեւմտեան լրատուութիւնը շարունակաբար կանգ կ՛առնէ «արկած»ի վարկածին վրայ որպէս ամէնէն հաւանականը եզրայանգումներուն։ Ոչ ոք կ՛ուզէ խօսիլ տարածաշրջանի քաղաքական բեմի կնճիռներէն բխող քաղաքական հաւանականութիւններուն մասին։ «Սուտ խենթ» ձեւանալու հսկայ թեքո՛ւմ մը կը նկատեմ լրատու ալիքներուն կողմէ, որոնք ընդհանրապէս սովոր են կասկածանքով նայելու Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն, բայց այս անգամ կը լռեն…(Ի՞նչ եղաւ, տղանե՛ր։ Ինչո՞ւ յանկարծ կորսնցուցիք ձեր սովորական հարցասիրութիւնը…)
Փաստը այն է, որ երբ Լիբանանի պէս երկիր մը ֆիզիքապէս փուլ կու գայ եւ կ՛իյնայ քաղաքական աննախընթաց քաոսի մը մէջ եւ երբ կը փոշիանան անոր տուներն ու ենթակառոյցները, տարածաշրջանի կեանքը տնօրինող ուժերու ռազմավարական քարտէզներն են, որոնք անպայման գլխիվայր կը շրջուին։ Եւ անկախ այն բանէն, թէ «արկած»ի վարկածը կ՛ընդունինք թէ ոչ, մեր անմիջական խնդիրն է այլեւս որոշել, թէ որո՞նք են շահագրգռուած կողմերը այս անկայուն դաշտին մէջ։ Ո՞վ ինչ կը շահի եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ Լիբանանի ազգային այս աղէտէն։ Եւ պէտք է անպայման հարց տալ, թէ ի՞նչ է հաւանականութիւնը ներքին կամ արտաքին շահերէ դրդուած ահաբեկչական արարքի մը, որ ուղղուած է Աստուած գիտէ, թէ որո՞ւն դէմ։
«Դաւադրական մտածողութենէ» հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը լաւ կ՛ըմբռնեմ։ Համաձայն եմ, որ այդ կարգապահութիւնը մշտապէս պահպանուի մեր քննարկումներուն մէջ։ Համաձայն չեմ սակայն, որ ահաբեկչութեան վարկածը դուրս պահուի մեր քննարկումներէն։ Աւելի՛ն։ Կը հաւատամ, որ ահաբեկչականը ամէնէն հաւանական վարկածն է, երբ երկիրը շրջապատուած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պէս պետականութիւններով։ Ոչ միայն շրջապատուած, այլ շատ մը ձեւերով ինկա՛ծ՝ տարածաշրջանի ֆաշիստ ուժերու ագցանին մէջ։
Այլ յօդուածներով, մատնանշած եմ անցեալին, որ խոշոր խաղ մը կը շարունակէ դիմագծուիլ տարածաշրջանին մէջ առճակատումներու բազմազան փուլերով։
Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներով բնորոշուող «շիիզմի պատ»ը, որ ղեկավարուած է Իրանի կողմէ եւ որուն ետին կը գտնուի Մոսկուա եւ զոր փուլ բերելու յաւակնութեամբ ձեւաւորուեցան նախ Իրաքի եւ ապա Սուրիոյ պատերազմները, առանցքը կը կազմէ տարածաշրջանային այս խոշոր խաղին։ Այն որ այս մեծ գործողութեան ետին կը գտնուէին Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ կառավարութիւնները (եւ անշուշտ՝ Արեւմտեան Զինակցութի՛ւնը) եւ անոր մէջ դերեր վերապահուած էին Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, այլ արաբական երկիրներու, բայց մանաւանդ Իսրայէլի, անուրանալի փաստ է այլեւս։ Լուծարքի ենթարկել շիիզմի տիրապետող բերդը ընդհանուր առաջնահերթութիւն էր, որ մնաց անիրագործելի։ Փաստ է նաեւ այն, որ ցարդ ձախողած է Միացեալ Նահանգներու գրաւը այս առճակատման մէջ։ Արեւմուտք պատրաստ չէր Միջին Արեւելեան մեղուափեթակի բարդութիւններուն։ Իսլամ ծայրայեղականութիւն, քրտական խճանկարի ներքին հակասութիւններ, շիիզմի բոյներու կենսունակութիւնը սիւննի բերդերէն ներս, Պաղեստինեան հանգոյցի յամառ դիմադրականութիւնը, առաւել՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ առհասարակ Արաբական աշխարհի էթնիկ շահերու ներքին հիւսքերը, որոնք լայնօրէն անհնարին դարձուցին Արեւմուտքի կողմէ ազդու եւ համակարգուած ռազմավարութեան մը կիրարկումը։ Միացեալ Նահանգները մխրճուեցաւ շրջանի այս քաոսին մէջ առանց կարենալ զայն կառավարելու։ Փոխարէնը անհակակշռելի դարձան թուրք ծաւալապաշտ քաղաքականութեան բերած բարդութիւնները։ Այսօր եւս Արեւմուտք (եւ Ռուսաստա՛ն) ի վիճակի չեն կողմնորոշուելու, թէ ի՞նչ կը ներկայացնեն Թուրքիա եւ իր արբանեակը՝ Ատրպէյճան տարածաշրջանի բեմին վրայ։ Նոյնը պէտք է ըսել Իսրայէլի մասին։
Այս շատ հպանցիկ թւումը գործօններու պէտք է օգնէ մեզի Լիբանանի տագնապին բնոյթը ճիշտ հասկնալու։ Ասիկա դեռ սկիզբն է բարդ եւ վտանգաւոր գործընթացի մը, որուն վաղուան զարգացումներուն մէջ կարեւոր գործօններ են ըլլալու Թուրքիա, Իրան եւ Իսրայէլ։ Լիովին հաւանական է եւ օրինաչափ եւ ակնկալելի, որ շիիզմի վերոյիշեալ պատը փուլ բերելու իրենց ճիգին մէջ ձախողած ուժերը այնուամենայնիւ խնդիր դնեն ամէն գնով ապահովելու իրենց «ոտքի տեղ»ը Լիբանանի մէջ եւ այդ կռուանը ամրացնելու… Այսինքն՝անգամ եւս խարսխուելու «շիիզմի պատ»ին ամէնէն արեւմտեան կէտին վրայ եւ Լիբանանի ոսկեայ դիրքը Արեւելեան Միջերկրականին մէջ չզիջելու Իրանին, շիիզմի ճակատին եւ Մոսկուային… Պէտք է ընդունիլ, որ շարքէ դուրս բերել Պէյրութի կենսական պորտակապը՝ իր նաւահանգիստը լիովին կը զետեղուի այս քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ։
Պէտք չէ զարմանալ նաեւ, որ այս բազմակողմանի մարտահրաւէրին դիմաց զանազան շահեր (որոնք այլապէս բնական դաշնակիցի դիրքերուն վրայ կը գտնուին իրարու հետ (իմա՝ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Թուրքիա, Իսրայէլ) ) այժմ դաժան մրցումի մէջ գտնուին ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ մէկզմէկու վրայ առաւելութիւն շահելու փութկոտութեամբ…(Պարզ է, որ Լիբանանը այն մրցանակն է, որ անոնք պիտի չվստահին մէկզմէկու։) Իսկ բոլորին հասարակաց թիրախը Լիբանանի քաղաքական դաշտն է, որմէ անոնք (ազդեցութիւն հաստատելու առումով) կ՛ուզեն վերցնել առիւծի իրենց բաժինը: …Չմոռնա՛լ՝ որ բնական դաշնակիցներու դաշինքը Լիբանանի նկատմամբ էապէս խախուտ է եւ անոնց ռազմավարական շահերը՝ լայնօրէն հակասակա՛ն։ Եւ ասիկա այն ժամն է, երբ «բնական դաշնակից»ներէն ամէն մէկը իր թիկունքը (եւ ապագա՛ն) ապահովելու խնդիր ունի այսօր։ Եւ այդ մէկը՝ անխուսափելիօրէն պիտի փորձէ ընել Լիբանանի գերիշխանութեան հաշւոյն։
Մէկ բան յստակ է։ Նկատի առնելով վերոյիշեալը, Լիբանանի մէջ նոր եւ կայուն կառավարութիւն ձևաւորելու գործը առայժմ կապուած է լուրջ դժուարութիւններու հետ։ Բայց կայ նաեւ «լիբանանեան րոպէ»ն։ Լիբանան պիտի անպայման յաղթահարէ իր միասնականութեան առջեւ ծառացող խոչընդոտները։ Ինչպէս միշտ, Լիբանան պիտի վերագտնէ ողջմտութեան իր աւանդական բանալին եւ յաջողապէս հիասթափեցնէ իր այս արտաքին խնամախօսները…Եւ լիբանանահայ ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը անպայման մաս պիտի կազմեն վերելքի այդ մեծ գործին։
Կը վերադառնանք Միջին Արեւելեան բեմի դասական չափորոշիչին։ Ո՞վ է պատրաստ իր բոլոր ուժականութիւններով կռիւ մղելու այս ռազմաբեմին վրայ այսօր։ Ո՞վ է պատրաստ այս խաղադաշտին անկեղծօրէն եւ անվերապահօրէն տիրութիւն ընելու։ Միացեալ Նահանգնե՞րը, Ռուսաստա՞ն, Իրա՞ն, Թուրքիա՞, Իսրայէ՞լ, Չինաստա՞ն…թէ առաջին հերթին՝ Լիբանանի ժողովուրդը՝ ի՛նք իր ձեռքերուն մէջ հաւաքելով իր լինելիութեան բանալիները եւ պայծառատեսութեամբ կերտելով իր ապագան։ Ո՞վ է իսկական տէրը այս բազմաչարչար երկրին։ Լիբանան համարձակութեամբ պիտի պատասխանէ այս առաջին հարցին։