Չմարող անցեալը. Ինքնապաշտպանութինը հրամայական անհրաժեշտութիւն հայուն համար
ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՅԴ Գանատայի արխիւի, սկսեալ 1904-ից, տարբեր տարեթիւերի Գանատայի ՀՅԴ կոմիտէների գանձապահական տետրերում յաճախ ենք հանդիպում նշումներ ազատագրութեան տուրքի, զինուորական տուրքի մասին։
1902 թուականին Ամերիկայի Հ․Յ․ Դաշնակցութեան համար դիտարկւում է նոր յանձնառութիւնների շրջան։ Հայրենիքից լուրերը ցասում էին առաջացրել և պէտք էր շարունակել օգնութեան հասնել Հայրենիքին։ Ամերիկայի Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը, որի կազմում էին նաև Գանատայի ՀՅԴ կոմիտէները, կեանքի է կոչում Հայ Ինքնապաշտպանութեան յանձնախումբ։ Այս առիթով Վռամեանը իր յունուար 16-ի, 1902 թուակիր նամակով գրում է․ «․․․Երէկ իրիկուն առաջին նիստը եղաւ։ Յստակ կոչ մը կ’ուղղուի Ամերիկայի հայերուն ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ համար դրամ հաւաքելու․․․ Հայերուն կոչը ուղղելէն ետք, հրապարակային ժողովներով ու այլ եւ այլ մասնաւոր եղանակներով դրամ պիտի հանգանակուի։ Ամերիկացիներուն կոչ չպիտի ըլլայ, քաղաքական դժուարութիւններու չբախելու համար, բայց ծանօթ անձերու միջոցով հարուստներուն դիմում պիտի ընեն։ Եթե յաջողինք գործը քալեցնել հոս, դիմում պիտի ընենք Pro Armenia խմբագրութեան եւ James Bryce-ին նմանօրինակ յանձնախումբեր կազմակերպելու Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ։
Գործը չվտանգելու համար երեւան հանելու չէ թէ Դաշնակցականներու դրդմամբ կազմակերպուած է այդ մարմինը, եւ Դաշնակցութեան միջոցով պիտի գործէ։ Թող ԳԱՂՏՆԻ մնայ, մանաւանդ հոդ քիթ բերան մինչեւ Լօնտըն չհասնի։ Գիտէք որ ասանկ օգտակար բանի արգելք հանդիսացած են մեր հակառակորդները եւ բանը այս անգամ ալ ընել չպիտի դանդաղին․․․»։
Վռամեանի նամակին յաջորդում է Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նամակները ՀՅԴ Ատրպատականի Կեդրոնական Կոմիտէին և ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյին՝ հաղորդելով հրապարակային հանգանակութիւնների մասին՝ ի նպաստ Սասունի ինքնապաշտպանութեան․ «․․․ձեր հարկ դատած միջոցները ի գործ դրէք յանձնախումբի գալիք գումարները յատկացնելու համար Սասունի ԶԻՆՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ գործին»,- գրում է նամակում։ Իսկ արդէն մարտ 23-ի, 1902 շրջաբերականով հաղորդում է․ «Հազիւ երկու ամիս անցած է եւ ահա՛վեց կօմիտէներ շա՜տ արդիւնաւոր եւ շա՜տ փայլուն ժողովներ ունեցան Պօսթըն, Լին, Փրօվիտենս, Սէնթրալ-Ֆօլս, Ֆիչպըրկ, Նիւ Եօրք- որոնք մօտ 3000 տոլար գումար արդիւնք մը տուին, որոնք ո՛չ միայն ապացոյց են մեր ընկերներու եռանդուն գործունէութեան, այլ եւ ժողովրդի համակրութիւնը օր օրի աճելուն թէ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ նկատմամբ, եւ թէ մասնաւորապէս Դաշնակցութեան»։
1902թ․ Ամերիկայի 7-րդ/Է Պատգամաւորական ժողովն արձանագրում է․
Ա․ Կամաւոր տուրք․
Այս խնդիրը ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ յուզուեցաւ Պատգմ․ Ժողովին մէջ, Լօրէնսի եւ Պօսթընի կոմիտէներու կողմէն, որոնք կը հիմնուէին Երկրէն եկած բազմակողմանի պահանջքներուն վրայ։
Լօրէնսի կօմիտէն առաջարկ բերած էր շաբաթական մէկ տոլար պարտաւորիչ տուրք նշանակել, բայց նկատի առնելով ընկերներու նիւթական վիճակը, գէթ առ այժմ անգործնական նկատուեցաւ այդ առաջարկը։
Իսկ Պօսթընի կօմիտէն կ’առաջարկէր կամաւոր ընել այդ տուրքը, ինչպէս ինքը սկսած էր արդէն գործադրել վերջին տարուան մէջ։ Ժողովը ուրախութեամբ տեսնելով հանդերձ թէ Պօսթընի կօմիտէին քանի մը ընկերներ արդէն ըրած էին այդ կամաւոր տուրքը, որմէ զուտ 250 տոլար գոյացած էր, ջերմապէս յանձնարարեց պատգամաւորներուն որ կամաւոր տուրքի ի նպաստ փրօփականտա ընեն իրենց կօմիտէներուն ընկերներուն մէջ, հետևւելու համար Պօսթընի ընկերներու օրինակին։
Իսկ արդէն 1911թ ․ ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի Պատգամաւորական ժողովով, որին Գանատայի շրջանից՝ Պրէնթֆըրտից, մասնակցել է երեք պատգամաւոր, որոշւում է․ «Ժողովս նկատի առնելով ընդհանուր ժողովի որոշումները ինքնապաշտպանութեան խնդրի մասին, որոշեց հրահանգել մեր ընկերներուն կազմելու ինքնապաշտպանութեան օժանդակող համագաւառացիական միութիւններ»
Այսպիսով ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանը իր գործող կոմիտէներով, Երկրի ինքնապաշտպանութեան հարցը նկատելով որպէս առաջնահերթութիւն, որպէս «հրամայական անհրաժեշտութիւն հայուն համար» իր 19-րդ Պատգամաւորական ժողովով, որին Գանատայի ՀՅԴ կոմիտէներից՝ Պրանթֆըրտ-Կոլթից մասնակցել է 2, և Համիլթըն-Տընտէս 2 պատգամաւորներ, որոշում է․ «Նկատելով որ ինքնապաշտպանութինը հայ կեանքի օրուայ ամէնէն հրամայական պահանջներէն մին դարձած է՝ կ’որոշէ աւելի ուժ տալ այս գործին համատեղացիական կարելի ամէն օժանդակութին տրամադրելի ընելով։ Կ․Կ․ը մասնաւոր ջանքեր ընելու է այս կենսական հարցը յաջողութեամբ գլուխ հանելու համար»։
Երկրի ինքնապաշտպանութեան համար իր կոմիտէների և կազմակերպութիւնների ջանքերով հանգանակուել և, համաձայն ՀՅԴ Բիւրոյի Յունիս 29, 1913 թուակիր նամակի, Ամերիկայի շրջանից 1912-ի Նոյեմբերից մինչև 1913-ի Յունիս, Երկիր է փոխանցուել համագումար 2396 օսմանեան ոսկի, այնժամ մօտաւորապէս 10,000 ամերիկեան տոլար։
Ինքնապաշտպանութեան գործի կողքին Ամերիկայի Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը՝ Ֆրէզնոյից մինչև Գանատա՝ Հեմիլթըն ու Բրենդֆորդ, լծւում է նաև կազմակերպական և դիւանադիտական աշխատանքների՝ Հայկական Հարցի յաջողութեան հասնելու համար։
ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ