«Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորները պատմագիտական վաւերականութիւն ներկայացնող աշխատանք
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին, երէկ` երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԳ. հատորին` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի: «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» ԺԳ. Հատորի Շնորհահանդէսին Յակոբ Հաւաթեանի արտասանած խօսքը1
Հաւաքուած ենք կատարելու շնորհահանդէսը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեայ ուղիին հարազատ արտացոլացումը հանդիսացող՝ պատմագիտական, մասնագիտական, ուսումնասիրական աշխատանքի մը 13-րդ հատորին։ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ուսումնասիրական հատորներու պատրաստութեան նախաձեռնութինը սկսաւ հանգուցեալ ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ։ Ընկերոջ մահէն ետք ահաւասիկ 9-րդ հատորն է, որ լոյս կը տեսնէ պատմաբան եւ դաշնակցական յարգելի մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ։ Այս հատորը լոյս տեսաւ դեկտեմբեր 2019-ին։ Այս տարուան սկիզբը ծրագրած էինք նաեւ կայացնել շնորհահանդէսը, սակայն ստեղծուած ճգնաժամը պատճառ դարձաւ, որ կարելի չըլլայ ճշդուած թուականին ձեռնարկը կազմակերպել։ Ահաւասիկ այսօր առիթ կ՛ընձեռուի, որ շնորհահանդէսը տեղի ունենայ, եւ Հայաստանը, Արցախը եւ արտասահմանեան բոլոր գաղութները առիթ ունենան նաեւ առցանց դրութեամբ հետեւելու այս իրադարձութեան։
Ներկայ ժամանակներուն, երբ շատ բան կը խօսուի ու կը գրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալին մասին եւ կամայ թէ ակամայ մարդիկ իրենց քաղաքական հաշուարկներու ոլորապտոյտին մէջ ու յատկապէս Դաշնակցութեան Հայաստանեան քաղաքականութեան իրենց կատարած մակերեսային արժեւորումներուն ընթացքին չեն վարանիր նաեւ խնդրոյ առարկայ դարձնելու Դաշնակցութեան 130-ամեայ պատմութիւնը, կատարած գործն ու համազգային պատմադրոշմ դերակատարութիւնը։ Ի տես այս անբաղձալի ու տհաճ տրամադրուածութեան ու երբեմն դժբախտաբար հակադաշնակցական մոլուցքին, պատմագիտական վաւերականութիւն ու խորքային արժէք ներկայացնող նման աշխատանքներու պատրաստութիւնը մեծագոյն պատասխանն է բոլորին եւ մանաւանդ այն զանգուածին, որ միշտ հետաքրքրուած է իմանալու այս կուսակցութեան գոյերթի շարունակականութեան ու լինելութեան գաղտնիքը։
Փաստօրէն «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան համար» այս հատորները ծիրը իրենց բովանդակութեամբ եւ նիւթերու ընդգրկուածութեամբ չեն սահմանափակուիր Դաշնակցութեան կատարած գործի ներկայացումով, այդ ճամբով արձանագրուած հերոսապատումով ու անցած փառապանծ ուղիով, այլ կ՛արտացոլացնեն տուեալ ժամանակի հայոց պատմութեան ու իրադարձութեանց ընդհանուր բովանդակութիւնը եւ այդ բոլորին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կատարած գործն ու քաղաքական ու գաղափարական աշխարահայեացքները։ Քիչ ետք առիթ պիտի ունենանք փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեանի եւ խմբագիր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի ճամբով աւելի մօտէն առնչուելու այս աշխատանքի բովանդակութեան ու տարողութեան, սակայն հարկ է հաստատել որ կարեւոր ու ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը հոլովոյթն է որ լուսարձակի տակ կ՛առնուի 13-րդ հատորով՝ իբրեւ ժամանակահատուած ընդգրկելով 1916, 1917 տարիները եւ 1918-ի անկախութիւնը կանխող հանգրուանը։ Այստեղ, մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան տակ կը դրուի ցարական իշխանութեանց հայավնաս քաղաքականութիւնը, կամաւորական գունդերու լուծարքը, յետ եղեռնեան գաղթականութեան թղթածրարը, հայութեան արեւելեան ու արեւտեան հատուածներու վերամիաւորման անհրաժեշտութենէն բխած գործընթացները, Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնն ու անոր ունեցած ազդեցութիւնը հայութեան ճակատագրին վրայ, Պրես-լիդովսկիի տխրահռչակ համաձայնագիրը եւ վերջապէս Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ համաժողովրդային դիմադրութիւն կազմակերպելու, Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի սխրանքներու իրականացումը եւ թշնամի յորդաներուն դիմաց Երեւանը ամէն գնով պաշտպանելու հայութեան հերոսական խոյանքը։ Այս իրադարձութեանց մէջ անշուշտ առկայ են դաշնակցական գործիչներու կատարած գործն ու ցուցաբերած գերմարդկային ճիգն ու քաղաքական գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այս հանգրուանի կարեւորութիւնը, որ հիմնարար դերակատարութիւն պիտի ունենար Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան կերտումին մէջ։
448 էջերու մէջ ահաւասիկ պարփակուած է դէպքերու այս ընդհանուր հոլովոյթը եւ Դաշնակցութեան ժողովներու որոշումներն ու քննարկումները, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակահատուածի դաշնակցական ընդհանուր գործունէութիւնւը։
Սիրելի՛ ներկաներ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող այս աշխատանքի իրականացման մէջ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը ունի պատմաբան, դաշնակցական վաստակաշատ գործիչ եւ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակ Երուանդ Փամպուքեանը, որուն աշխատանքային թափն ու կորովը վարակիչ է, համակող ու նաեւ յարգանք պարտադրող՝ ոչ միայն դաշնակցականին ու Դաշնակցութեան բարեկամին, ոչ միայն հայրենի ակադեմական շրջանակներուն, այլեւ նոյնիսկ հակադաշնակցական հատուածին։ Երուանդ Փամպուքեան վարպետն է այս մասնագիտական աշխատանքին։ Բոլորիս վկայութեամբ դժուար կարելի է պատկերացնել հայ կեանքին մէջ այլ անհատ մը, որ հազարաւոր էջերու ձեռագիրներու վերծանումով, պատմագիտական խոր ըմբռնումով եւ բծախնդիր մօտեցումով այսպիսի աշխատանքի մը իրականացումը կրնայ ա՛յս յաջողութեամբ իրականացնել։ Այո՛, մեր վաստակաշատ բայց հոգիով, ապրումներով ու տագնապներով մի՛շտ երիտասարդ ընկերը շրջուն համայնագիտարան մըն է եւ այդ համայնագիտարանը ոչ միայն Դաշնակցութեան այլ հայոց բովանդակ պատմութիւնն է։
Այս առիթով թարգմանը հանդիսանալով Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն կու գանք խորնարհելու իր կատարած գործին դիմաց, որովհետեւ անոր այս տիտանային աշխատանքը Դաշնակցութեան գործին պատմաքաղաքական անփոխարինելի կռուան է։ Այս հատորները նաեւ դաշնակցականին համար հարուստ դպրոց մըն են եւ տատանումներու ու խարխափումներու ընթացքին ամուր ներշնչարան ու ոգեշնչող աղբիւր։ Այս հատորներու ճամբով դաշնակցականանալու յաւելեալ առիթ կը տրուի բոլորիս։ ներկայ ժամանակներուն մէջ մեր արդար ակնկալութիւնն է, որ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» այս շարքը միշտ ալ արժանանայ հայրենիքի եւ Սփիւռքի պատմութեան ամպիոններու օգտագործման, յատկապէս նորահաս սերունդին կողմէ, եւ այդ մէկը ինքնին ոչ անպայման Դաշնակցութեան ու անոր վաստակին պանծացման համար, որուն կարիքը ոչ մէկ ատեն զգացած ենք, այլ հայրենակերտման ու հայրենաշինութեան եւ պետականաշինութեան խիստ կենսական առաքելութեան համար, որուն կարիքը շատ աւելի շեշտուած կերպով կը դրուի այսօր։
Այս առիթով շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նաեւ հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Մխճեաններուն։ Դաշնակցական գրականութեան հարստացման մէջ միշտ ալ դերակատար եղած են մեր մեկենասներն ու նուիրատուները եւ այս պարագային ընկեր Կարպիս Մխճեանի սիրայօժար պատրաստակամութիւնը արժանի է մեր բոլորի գնահատանքին։